​Բանավէճ Թորիքիոյ Վարչապետի Օգնականին եւ Կարօ Փայլանի Միջեւ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Առաւօտ

Հայերէն :

09 Kasım 2017  

​Բանավէճ Թորիքիոյ Վարչապետի Օգնականին եւ Կարօ Փայլանի Միջեւ -

​Բանավէճ Թորիքիոյ Վարչապետի Օգնականին եւ Կարօ Փայլանի Միջեւ ​Բանավէճ Թորիքիոյ Վարչապետի Օգնականին եւ Կարօ Փայլանի Միջեւ

Խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կա­րօ Փայ­լան 2018-ի ազ­գա­յին պիւտճէի քննար­կումնե­րու ժա­մանակ բա­նավէճ ու­նե­ցաւ վար­չա­պետի օգ­նա­կան Հա­քան Չա­ւու­շօղլուի հետ։ Փայ­լան առար­կեց վար­չա­պետի օգ­նա­կանին երկրի քրիս­տո­նեայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու հաս­ցէին օգ­տա­գոր­ծած «անոնք մեր կող­մէ երաշ­խա­ւորուած աւանդներ են» խօս­քին։ Վար­չա­պետի օգ­նա­կան Չա­ւու­շօղլու Վա­քըֆ­նե­րու Ընդհա­նուր Տնօ­րէնու­թեան եւ իրեն են­թա­կայ այլ կազ­մե­րու տա­րեկան պիւտճէն ներ­կա­յաց­նե­լու պա­հուն պա­տաս­խա­նեց նաեւ երես­փո­խան­նե­րու ուղղած հար­ցումնե­րուն։ Այդ շրջագ­ծով բա­նավէճ մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Փայ­լա­նի ու նա­խարա­րին մի­ջեւ։ «Իմ ապ­րած պայ­մաննե­րը զիս կը մղեն փո­խադարձ ըն­կա­լու­մի։ Երկրի մէջ մնա­ցած փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը մե­զի աւանդ են։ Իս­թանպու­լի մէջ բնա­կող փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը աւանդ են մեր պե­տու­թեան, ինչպէս որ արեւմտեան Թրա­քիոյ իս­լամ փոք­րա­մաս­նութիւններն ալ աւանդ են Յու­նաստա­նին»։ Նա­խարար Չա­ւու­շօղլու այս խօս­քե­րէն ետք իր ելոյ­թը եզ­րա­փակեց «սա ո՛չ միայն իմ անձնա­կան հա­մոզումն է, այլ մեր կա­ռավա­րու­թիւնն ալ կը ցան­կա­նայ երկրի քա­ղաքա­ցինե­րուն բո­լոր իրա­ւունքնե­րուն տի­րանա­լուն։ 2013-ին ար­դէն այս մա­սին շրջա­բերա­կան մը հրա­տարա­կած ենք։ Թուրքիոյ Պատ­ժա­կան Օրէն­քի մէջ բան­տարկու­թեան պա­տիժ սահ­մա­նուած է խտրա­կանու­թեան դէմ։ Մեր հա­մոզու­մով երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րը պէտք է լիակա­տար քա­ղաքա­ցիներ հա­մարուին»։ Ան տա­կաւին շա­րու­նա­կեց թուելով բո­լոր այն հաս­տա­տու­թիւննե­րը, որոնք ան­ցեալին առգրա­ւուած էին եւ ապա վե­րադար­ձուեցան իրենց նախ­կին տէ­րերուն։ «2003-2014 տա­րինե­րու մի­ջեւ 1029 կա­լուած­ներ վե­րադար­ձուեցան իրենց նախ­կին տէ­րերուն։ Իսկ 21 կա­լուած­նե­րու հա­մար պե­տու­թիւնը հա­տու­ցում կա­տարեց»։ Չա­ւու­շօղլու անդրա­դար­ձաւ նաեւ հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի ժա­ռանգնե­րու պահ­պանման ուղղու­թեամբ կա­տարուած աշ­խա­տու­թիւննե­րուն։

Այս բա­ցատ­րութիւննե­րէն ետք Չա­ւու­շօղլու ակ­նարկե­լով ՀՏՓ-ի Իս­թանպու­լի պատ­գա­մաւոր Կա­րօ Փայ­լա­նին հար­ցուց թէ ար­դեօ՞ք ինք լուր ու­նի Երե­ւանի մէջ գտնուող Սէր­տար պա­լատէն։ «Ո՞ւր է այդ պա­լատը հի­մա։ Մնա­ցոր­դա­ցը մնա­ցած է ար­դեօ՞ք։ Գի­տէք թէ ո՞վ կա­ռու­ցած է այդ։ Ռե­ւանի Խան Հիւ­սէ­յին Ալին։ Խնդրեմ հի­մա մամ­լոյ ժո­ղով մը գու­մա­րեցէք եւ այս բո­լորին յայտնա­բեր­ման հա­մար կոչ ուղղե­ցէք Հա­յաս­տա­նի կա­ռավա­րու­թեան։ Եթէ իրենք չեն կրնար, թող -ԹԻ­ՔԱ-ի հետ կապ հաս­տա­տեն մենք պատ­րաստ ենք պէտք եղած աջակ­ցութիւ­նը ցու­ցա­բերե­լու»։

Կա­րօ Փայ­լան նիս­տի ըն­թացքին հա­կազ­դեց նա­խարա­րին այս խօս­քե­րուն։ Փայ­լան աւե­լի ետք իր ընդվզու­մը բա­ցատ­րեց հե­տեւեալ խօս­քե­րով. «Դժբախ­տա­բար կա­ռավա­րու­թիւնը եւ իրենց հետ միասին ամ­բողջ պե­տական հա­մակար­գը վեր­ջին եր­կու տա­րինե­րուն որ­դեգրած կ՚երե­ւին պե­տու­թեան նախ­կին մտա­ծելա­կեր­պը։ Այժմ կը լսենք այնպի­սի խօս­քեր, որոնց ար­դէն սո­վոր էինք մեր ման­կութեան տա­րինե­րէն։ Ես այդ օր նա­խարա­րին յայտնե­ցի որ մենք ո՛չ աղանդ եւ ո՛չ ալ պա­տանդ ենք։ Մենք քա­ղաքա­ցիներ ենք, քա­ղաքա­ցիներ՝ որ հա­զարա­ւոր տա­րինե­րէ ի վեր կը բնա­կինք այս հո­ղերու վրայ։ Պե­տու­թիւնը ստի­պուած է մե­զի հետ յա­րաբե­րու­թիւննե­րու մէջ որ­դեգրել հա­մաշ­խարհա­յին սկզբունքնե­րու թե­լադ­րած կա­նոն­նե­րը։ Ինք ծնած է Կիւ­միւլճի­նէ։ Հե­տեւա­բար պէտք է քաջ իմա­նայ փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու խնդիր­նե­րը։ Սխալ գոր­ծած կ՚ընէ, եթէ Կիւ­միւրճի­նէի մէջ իրեն դէմ գոր­ծադրուած անար­դա­րու­թիւննե­րը այստեղ մե­զի դէմ գոր­ծադրել ու­զէ։ Փո­խանա­կում ըսուածը քա­ղաքա­ցինե­րու դէմ գոր­ծադրե­լը անըն­դունե­լի է։ Եթէ Յու­նաստան իր երկրի փոք­րա­մաս­նութիւննե­րուն դէմ աւե­լի անար­դար գտնուի ինք ալ այստեղ մե­զի՞ դէմ անար­դա­րու­թիւն պի­տի ընէ։ Թուրքիա Լո­զանի դաշ­նագրով պա­հան­ջուած­նե­րէն առա­ջին շե­ղողը եղաւ։ Ու­նե­ւորու­թեան տուրքի գոր­ծադրու­թիւնը, փոք­րա­մաս­նութիւննե­րու դպրոց­նե­րուն իրա­ւունքնե­րուն յափշտա­կու­մը, Պատ­րիար­քա­րանի իրա­վիճա­կին մեր­ժուիլը հետզհե­տէ Յու­նաստանն ալ ստի­պեցին փո­խադարձ մի­ջոց­նե­րու ձեռ­նարկե­լու։ Ես Թուրքիոյ Հան­րա­պետու­թեան պատ­գա­մաւորն եմ։ Ինձմէ չէք կրնար Յու­նաստա­նի կամ Հա­յաս­տա­նի որե­ւէ մեր­ժո­ղական քա­ղաքա­կանու­թեան հա­շիւը պա­հան­ջել։ Թուրքիան պէտք է իր քա­ղաքա­կանու­թիւնով ար­դար գոր­ծէ, որ­պէսզի ես ալ ձե­զի հետ միասին Յու­նաստա­նի կամ Հա­յաս­տա­նի բա­ցասա­կան գոր­ծունէու­թիւննե­րու դէմ պայ­քա­րիմ»։

Կա­րօ Փայ­լան անդրա­դար­ձաւ նաեւ պատ­րիար­քա­կան եւ հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թեան խնդրին։ «Հայ հա­մայնքը խնդիր­ներ ու­նի, որոնք շտապ լու­ծումնե­րու կա­րիք ու­նին։ Պէտք է շու­տով կա­տարուի պատ­րիար­քի ընտրու­թիւնը եւ պատ­րաստուած նոր կա­նոնագ­րի մը հի­ման վրայ ալ ձեռ­նարկուի հա­մայնքա­յին հաս­տա­տու­թիւննե­րու ընտրու­թիւննե­րուն», – ըսաւ Կարօ Փայլան։






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+