​Հայկական Հետքեր՝ Աշխարհի Չորս Ծագերուն - Հայերէն
27 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Վահագն / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

26 Ekim 2017  

​Հայկական Հետքեր՝ Աշխարհի Չորս Ծագերուն -

​Հայկական Հետքեր՝ Աշխարհի Չորս Ծագերուն ​Հայկական Հետքեր՝ Աշխարհի Չորս Ծագերուն

«Կարպիս Քէշիշօղլու, որ որպէս փորձառու լրագրող, միջազգային համագումարներու ընթացքին կը ներկայացնէ Թուրքիոյ թերթերու արտօնատէրերն ու խմբագիրները, իր կեանքին մէջ առիթը ունեցած է թէ՛ պաշտօնի բերումով, թէ՛ նաեւ անձնական հետաքրքրութեամբ այցելելու աշխարհի ամէնէն հեռաւոր ու անծանօթ երկիրները։ Իր յօդուածները կը վերաբերին ո՛չ թէ Եւրոպայի, Ամերիկայի կամ Գանատայի նման հայ ժողովուրդին համար սովորական դարձած աշխարհագրութիւններուն, այլ հեռաւոր Արեւելքի մեզի անծանօթ երկիրներու, ինչպէս՝ Հոնկ-Քոնկ, Պանկքոկ, Հարաւային Հնդկաստան, Մումպայ, Կալկաթա, Մալէզիա, Հարաւային Հնդկաստան, Օման, Քաթար, Քուէյթ, Սինկափուր, Ինտոնէզիա եւ տակաւին ինչ ինչ երկիրներ։ Կը կարծենք, թէ այս հեռաւոր երկիրները դուրս կը մնան հայ ժողովուրդի բնակութեան ու գոյութեան աշխարհագրութենէն, բայց Կարպիս Քէշիշօղլու ահաւասիկ իր բոլոր այս այցելութիւնները կը յատկացնէ այդ հեռաւոր ու խորհրդաւոր հորիզոններու տակ հայեր կամ հայկական հետքեր փնտռելու։ Կը փնտռէ ու կը գտնէ ալ։ Այդ հեռաւոր ու անծանօթ երկիրներու զբօսաշրջութեան դիմագծութիւնը շատ ալ հոգը չէ Կարպիս Քէշիշօղլուի, անոր հոգը հայերու հետքերն են, ամէնուրեք կը գտնէ հայեր, կը ծանօթանայ անոնց հետ ու զանոնք կը ծանօթացնէ իր ընթերցողներուն։ Ընթերցողը կը զարմանայ։ Ուրեմն տակաւին հայեր կ՛ապրի՞ն այդ հեռաւոր ու մեր կողմէ անտեսուած կամ մոռցուած երկիրներու մէջ»։

Կարպիս Քէշիշօղլու այժմ իր յօդուածները քով քովի բերելով՝ կազմած է գիրք մը, որուն խորագիրն է «Հայկական Հետքեր՝ Աշխարհի Չորս Ծագերուն»։ «Մօտաւորապէս 500 պատկերազարդ էջերէ բաղկացած գիրքը շատ թանկագին, անստգիւտ, ինքնատիպ վկայութիւններ կը բերէ մեր ժամանակաշրջանի աշխարհագրութեան մէջ յամեցող հայկական հետքերէ։ Կարպիս Քէշիշօղլուն ալ, ինչպէս ուրիշներ, իր վկայութիւններով ու փնտռտուքներով իրաւացի կը հանէ լուսահոգի սիրելի գրագէտ Վահրամ Մավեանը, որ ըսած էր թէ «Ամէն տեղ հայ կայ»։ Ամէն տեղ հայ կայ, այո՛, եթէ հայը չկայ, հայկական հետք մը կայ։ Հայեր անցեր են հոնկէ։ Եւ կայ ուրիշ հայ մըն ալ, որ հիմա երեւան կը հանէ այդ հետքերը ու զանոնք կը ծանօթացնէ մեզի», կը գրէ «Մարմարա»ն։

Գիրքին ներածականը գրի առնուած է Ռ. Հատտէճեանի կողմէ, որ ներկայացնելէ ետք Քէշիշօղլուի ուղեւորութիւններուն յատկանիշները՝ կը նշէ, որ մենք ալ կը ճամբորդենք իրեն հետ։

«Կարպիս Քէշիշօղլուի գիրքը ծայր աստիճան կարեւոր ու մնայուն արժէք ներկայացնող գիրք մըն է։ «Մարմարա» հպարտ է որ այս յօդուածները հրատարակած է քսան տարիէ ի վեր եւ հիմա խրախուսած է, որ այդ յօդուածները գիրքի վերածուին։ Կողքի նկարը պատրաստուած է Արի Հատտէճեանի կողմէ, գրաշարութիւնը՝ Հիլտա Գարափէքմէզի, սրբագրութեան ծանր գործը՝ Մաքրուհի Պ. Յակոբեանի, էջադրութիւնը՝ Նաիրա Սիւզմէի։ Տպագրութիւնը կատարուած է Կլոպիւս Տիւնեա տպարանին մէջ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+