​Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Խորհուրդը Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Մերոց - Հայերէն
25 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ցրօն / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

16 Ekim 2017  

​Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Խորհուրդը Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Մերոց -

​Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Խորհուրդը Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Մերոց ​Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Խորհուրդը Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց Մերոց

Հայ եկեղեցական ու մշակոյթային կեանքի մեծագոյն ու յատկանշանական տօներէն մին Սուրբ Թարգմանչաց տօնն է: Հայ ժողովուրդը այս տօնը կը նուիրէ իր մայրենի լեզուի առաջին ուսուցիչ ու հայ գիրերու գիւտարար Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի, Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի ու նաեւ թարգմանիչ վարդապետներուն եւ իր երախտագիտական զգացումները յայտնելով` կը վերյիշէ անոնց անմոռանալի եւ խնկելի յիշատակը:

Այս տօնը, որ Հայ եկեղեցին, հայ մշակոյթը ու հայ պետականութիւնը զօրաւոր կապերով իրարու կը կապէ, ամէն տարի հայ կեանքին մէջ կը նշուի յունիս եւ հոկտեմբեր ամիսներուն: Հայ ժողովուրդի թարգմանիչ վարդապետներու յիշատակը կը վերյիշէ` «Թարգմանչաց տօն եւ Սուրբ Թարգմանչաց վարդապետներ» խորիմաստ անունին տակ ամփոփելով եւ այս ձեւով կը վերանորոգէ իր ուխտը: Մեսրոպ Մաշտոց, Սահակ Պարթեւ կաթողիկոս, Եղիշէ, պատմահայր Մովսէս Խորենացի, փիլիսոփայ Դաւիթ Անյաղթ, Ներսէս

Շնորհալի, Ներսէս Լամբրոնացի, Կորիւն, աստուածաբան Եզնիկ Կողբացի, Փաւոստոս Բիւզանդ, Ղազար Փարպեցի ,աւելի վերջերը Գրիգոր Տարթեւացի, 7-րդ դարու գիտնական ու մաթեմաթիկոս Անանիա Շիրակացի, աստուածաբան Յովնան Օձնեցի կաթողիկոս, Գրիգոր Նարեկացի ու նաեւ ուրիշներ կը յիշուին որպէս «Սուրբ թարգմանիչ վարդապետներ» խորագիրի տակ:

301 թուականին, երբ քրիստոնէութիւնը որպէս պետական կրօն ընդունեցինք, մեր սեփական գիրը չունէինք, յունարէն եւ կամ ասորիներէն կը գրէինք ու կը կարդայինք. այս պատճառով ալ հայ ժողովուրդը Սուրբ Գիրքը շատ մեծ դժուարութիւններով կը կարդար ու դժուար կը հասկնար, հետեւաբար հայ կեանքի մէջ քրիստոնէութիւնը լաւ ըմբռնելու եւ ամրապնդելու գործընթացին մէջ մեծ դժուարութիւններ կային: Միւս կողմէ ալ ժողովուրդը կրօնական ու քաղաքական մեծ վտանգներու ու սպառնալիքներու դէմ յանդիման էր, երկիրը գրեթէ բաժնուած էր բիւզանդական ու պարսկական պետութիւններուն միջեւ: Հայ ժողովուրդը կորսնցուցած էր իր անկախութիւնը ու զրկուած էր իր մայրենի լեզուով իր կրօնը հասկնալու հնարաւորութիւններէն ու սեփական միջոցներէն: Հայ ժողովուրդին մէջ քրիստոնէութեան արմատաւորումն ու տարածումը միմիայն կրօնական հարց մը չէր, այլ նաեւ` գոյատեւման ու քաղաքական հարց, որ նպատակ ունէր ժողովուրդի ձուլման ու քայքայման վտանգին դէմ կանգնիլ:

Ահա այս մտահոգիչ պայմաններու լոյսին տակ Մեծն Մեսրոպ կը յանգի այն եզրակացութեան, որ հարցին միակ լուծումն է քրիստոնէութիւնը հայոց աշխարհին մէջ ամրապնդել ու տարածել, որուն համար պայման էր Սուրբ Գիրքի հայացումը:

Միայն այս ձեւն էր, որ հայ ազգին «միաբանութիւն»-ը կարելի պիտի ըլլար ամրապնդել, հետեւաբար` ազգին գոյատեւումը ապահովել:

Մեսրոպ Մաշտոց այս նպատակին իրագործման համար նախ «հայկական սեփական գիրերու գիւտը», ապա Սուրբ Գիրքի հայերէնի թարգմանութեան համար գործի լծուեցաւ եւ տքնաջան աշխատանքէ ետք, 405 թուականին յաջողութեամբ հասաւ իր նպատակին: Հայկական գիրերու գիւտէն ետք, Ս. Մեսրոպի, Ս. Սահակ Պարթեւ կաթողիկոսի եւ անոնց աշակերտներուն գլխաւորութեամբ, կատարուած աշխատանքներով հայ ժողովուրդին կեանքի մէջ զարթօնք մը սկսաւ, Սուրբ Գիրքը «Թագուհի թարգմանութեանց» անունով մկրտուեցաւ, ուսումնական, քաղաքական, ազգային, կրօնական, մշակութային, գիտութեան, ընկերային ոլորտներու մէջ յեղաշրջումներ, բարեփոխութիւն արձանագրուեցան, այլ խօսքով, «Հայկական վերածնունդ»-ի շրջան մը թեւակոխեց հայութիւնը, եւ այդ շրջանը կոչուեցաւ «Ոսկեդար»:

Հայ ժողովուրդը պատմութեան դաժան ելեւէջներէ անցնելով` ապրած է մեծ փորձանքներ, տառապանքներ, դժուարութիւններ, ողբերգութիւններ, տուած է մեծ կորուստներ, զոհեր, նահատակներ, սակայն տէր կանգնելով իր «Հաւատքի խորան»-ին ու «իմաստութեան տաճար»-ին` դարեր շարունակ կրցած է պահել իր գոյութիւնը` մնալով միշտ ուժեղ ու պինդ: Հայուն հաւատքի խորանը` եկեղեցին եւ իմաստութեան տաճարը` հայ դպրոցը, հայուն համար եղած են իսկական ապաստանարաններ եւ երկու անբաժան ընկերներ, որոնց շնորհիւ մինչեւ այսօր կ՛ապրինք որպէս հայ ու կը գրենք եւ կը կարդանք հայերէն :

ՏՈՔԹ. ՍԱՐԳԻՍ ԱՏԱՄ






Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+