Մալքովիչ Մայր Աթոռի Մէջ -
Մալքովիչ Մայր Աթոռի Մէջ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հոլիվուտի յայտնի արուեստագէտներէն Ճոն Մալքովիչը, որ այս օրերուն Երեւան կ՚այցելէ Արամ Խաչատուրեանի հինգերորդ միջազգային փառատօնի բացման առթիւ։ Ճոն Մալքովիչին եւ կողակցին ուղեկցեցան Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի խորհրդականներէն Արմէն Սմբատեան եւ Հայաստանի Պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար Սերկէյ Սմբատեան։
Զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբութիւնը Ճոն Մալքովիչի նկատմամբ յայտնեց իր գնահատանքը՝ հայ ժողովուրդի հանդէպ ջերմ վերաբերմունքին, ինչպէս նաեւ փառատօնի բացման Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան Ողբերգութեան»էն կատարուած ասմունքին համար։ Սա հայ հանդիսատեսին անմոռանալի զգացումներ պարգեւած է եւ յառաջացուցած՝ մեծ խանդավառութիւն։ Վեհափառ Հայրապետը անդրադարձ կատարեց նաեւ դարերու ընթացքին հայ ժողովուրդի զօրաւոր հաւատքով ստեղծուած հոգեւոր-մշակութային ժառանգութեան, որ իր բարձր արժէքով կարեւոր տեղ կը գրաւէ համաշխարհային մշակոյթի մէջ։
Իր կարգին, աշխարհահռչակ արուեստագէտը շնորհակալութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետի ջերմ խօսքերուն համար՝ արտայայտելով իր ուրախութիւնը Հայաստանի մէջ գտնուելու կապակցութեամբ։ Ան հետաքրքրուեցաւ նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատմութեամբ, անոր հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս դերակատարութեամբ, ինչպէս նաեւ սփիւռքի հայ համայնքներու կենսունակութեամբ։ Նորին Սրբութիւնը այս բոլոր նիւթերուն շուրջ սպառիչ տեղեկութիւններ տուաւ Ճոն Մալքովիչին։
Հանդիպման ներկայ էր նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։
Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 13, 2017
Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com