Նիւ Եորքէն Կարեւոր Եւ Անանտեսելի Յորդորներ - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

05 Ekim 2017  

Նիւ Եորքէն Կարեւոր Եւ Անանտեսելի Յորդորներ -

Նիւ Եորքէն Կարեւոր Եւ Անանտեսելի Յորդորներ Նիւ Եորքէն Կարեւոր Եւ Անանտեսելի Յորդորնե

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յայտարարեց, որ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի առկայ ընդհանուր ընթացքը սխալ է։ «Գործընթացի իւրաքանչիւր փուլը պէտք է համաձայնեցնել պետութեան հետ։ Առանց պետութեան հետ համաձայնեցնելու քայլեր առնելը կ՚առաջնորդէ ճանապարհի մը, ուր ելք չկայ», ըսաւ նորին սրբազնութիւնը ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթին հեռաձայնով տուած հարցազրոյցին մէջ։

Ինչպէս հաղորդած էինք, Պատրիարքարանի կողմէ վերջին օրերուն տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ստորագրութեամբ հրաւէր-նամակներ ուղարկուեցան քաղաքիս եւ արտասահմանի այն սրբազաններուն, որոնք կը համարուին պատրիարքի թեկնածու։ Աւելի քան մէկ տասնեակ այդ սրբազաններու շարքին էր նաեւ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան։ Ուստի, այս կապակցութեամբ հեռախօսազրոյց մը ունեցանք նորին սրբազնութեան հետ, որ հաստատեց՝ թէ իրեն ալ հասած էր նման նամակ մը։ Ան թէեւ վաղուց յայտարարած էր, որ պատրիարքի թեկնածու պիտի չըլլայ եւ այս փուլին ալ իր դիրքորոշումը կը մնայ անփոփոխ։

Առիթէն օգտուելով Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի կարծիքը շօշափեցինք պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի ընդհանուր երթին շուրջ։ Արդարեւ, մէկ կողմէ պատկան պետական իշխանութիւններէն հասած բոլոր ազդանշանները ցոյց կու տան՝ թէ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը մատնուած է փակուղիի, իսկ միւս կողմէ Պատրիարքարանը կը ջանայ անտեսել ձեւացնել այդ բոլոր հարցերը եւ կը փորձէ գործընթացը յառաջ մղել։ Հարցականներով ծանրաբեռնուած, բաւական պղտոր պատկեր մը ստեղծուած է մեր համայքի աչքին առջեւ. այն աստիճան, որ պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական աշխատանքներուն յառաջ տարուիլը կ՚ընկալուի արհեստական։ Յարաբերաբար աւելի արմատական տրա-մադրուած շրջանակներ ալ ահազանգ կը հնչեցնեն, թէ աճպարարութիւն մը կը կատարուի մեր ժողովուրդի աչքին առջեւ։ Մեր համայնքը, ըստ երեւոյթին, հակուած է համբերել մինչեւ 9 Հոկտեմբեր, երբ պիտի լրանայ Նախաձեռնարկ մարմնին կողմէ յաչս պետութեան կատարուած դիմումին վերջնաժամկէտը՝ թէեւ այդ թուականն ալ չ՚ընկալուիր միանշանակ։ Անվիճելի է, որ ներկայիս դժբախտաբար մեր համայնքէն ներս այնպիսի պառակտում մը յառաջացած է, որ որեւէ բան չ՚ընկալուիր միանշանակ։ Թէ այս բոլորը ինչպէ՞ս կ՚երեւին արտաքուստ։ Ահա այս առանցքին շուրջ տեղի ունեցաւ մեր հեռախօսազրոյցը Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ։ Անդրադառնալով վերոյիշեալ հակասական երեւոյթներուն ան ըսաւ.
«Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացի իւրաքանչիւր փուլը պէտք է համաձայնեցնել պետութեան հետ։ Առանց պետութեան հետ համաձայնեցնելու քայլեր առնելը կ՚առաջնորդէ ճանապարհի մը, ուր ելք չկայ։ Նոյնիսկ պէտք է համակարգել։ Սա չի նշանակեր, որ պետութիւնը պէտք է ըսէ եւ համայնքը պէտք է ընէ, բայց անհրաժեշտ է ընդհանուր երթը համաձայնեցնել պետութեան հետ։ Այլապէս գործերը կը մատնուին փակուղիի։ Ի վերջոյ հարցը կը վերաբերի Թուրքիոյ հայոց պատրիարքի եւ Թուրքիոյ հայոց պատրիարքարանը կը գտնուի Թուրքիոյ սահմաններուն մէջ։ Պատրիարքարանը ստիպուած է հետեւելու երկրի կարգ-կանոնին եւ օրէնքներուն։ Այժմ սխալ է ընդհանուր ընթացքը»։

Մեր տեսակցութեան տեւողութեան նորին սրբազնութիւնը առկայ ընդհանուր ընթացքին մէջ դիտարկած սխալները մանրամասնեց ըստ հետեւեալի. «Պետրոս Շիրինօղլու տարեմուտին հանդիպած էր նախագահին հետ։ Իրեն խորհուրդ տրուած էր՝ սպասել մինչեւ հանրաքուէ։ Այդքան երկար համբերած ըլլալէ վերջ միթէ կարելի չէ՞ր սպասել քանի մը ամիս եւս։ Այդպէս չըրին։ Աճապարեցին երթալ ընտրութեան։ Ինչո՞ւ ըրին այդպէս։ Յետոյ պետութենէն հասած նամակով տեղեկացուեցաւ, որ կատարուած ընտրութիւնը անընդունելի է։ Ի՞նչ կ՚ուզենք մենք, ի՞նչ բանի կը ձգտինք։ Պէտք է նստիլ ու խօսիլ պետութեան հետ։ Քաջ Նազարութիւն չընենք»։

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի պարագային ստեղծուած կացութիւնը մեկնաբանելով՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յայտնեց. «Գարեգին սրբազանը լաւ, սքանչելի հոգեւորական մըն է։ Զինքը շատ կը սիրեմ ու կը յարգեմ։ Բայց, միւս կողմէ, պետութեան համար ընդունելի՞ է, թէ՞ ոչ։ Իր շարունակելը օգո՞ւտ կը բերէ, թէ՞ ոչ տակնուվրայութիւնը, պառակտումը կը խորացնէ։ Այս վիճակով կարծես թէ աւելի բաժան-բաժան կ՚ըլլայ համայնքը։ Այժմ երեւոյթները ցոյց կու տան, որ յստակ է՝ թէ ինքը պետութեան համար ընդունելի չէ։ 30 Օգոստոսի հրաւէրին չհասնիլը անթաքոյց ազդանշան մըն է։ Պէտք է ընդունիլ այս բանը։ Պէտք է ընդունիլ, անհրաժեշտը պէտք է ընել ու պէտք է կեդրոնանալ հարցի լուծման վրայ։ Գարեգին սրբազան ազնիւ անձնաւորութիւն մըն է։ Պէտք է օգնել իրեն՝ որպէսզի տեսնէ վիճակը եւ չմատնուի անելանելի վիճակի։ Հիմա բոլորը կը չարագործեն զինքը՝ իրենց շահերուն եւ իրենց նպատակներուն համար։ Անցեալի մէջ ես ալ պաշտպանած եմ իր անունը, նոյնիսկ բարեխօսած եմ իր մասին զանազան հարթակներու վրայ։ Գիտեմ, որ իր առաքելութիւնն է երթալ ընտրութեան, բայց այժմու վիճակով դժուար»։

Նորին սրբազնութեան պատկերացումներով՝ համայնքէն ներս ընդհանուր համաձայնութիւն մը պէտք է գոյանայ այս խնդրի լուծման համար։ Այն ազգայինները, որոնք պետութեան հետ շփուելու հնարաւորութիւն ունին, պէտք է մէկ կողմ թողուն իրենց տարակարծութիւնները, պէտք է համախմբուին ու պէտք է քով քովի գան պետական մարդոց հետ։ «Պէտք չէ յամառիլ պետութեան համար անընդունելի անձերուն վրայ, այլապէս ամէն ինչ դարձեալ փակուղիի կրնայ մատնուիլ։ Երբ ներքին համաձայնութիւն մը ապահովուի համայնքէն ներս, ապա նոյնպէս ներքին ձեւով պէտք է պետութեան տրամադրութիւնը շօշափել, թէ ովքե՞ր կրնան թեկնածու ըլլալ, ովքերո՞ւ թեկնածութիւնը կը դիտուի հաշտ աչքով։ Առանց ձայն հանելու, առանց աղմուկի, առանց յայտարարութիւններու պէտք է ըլլայ այս բանը։ Հաշուի առնելով, որ Աթոռի միւս երկու սրբազաններուն՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի եւ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի միջեւ յառաջացած են խնդիրներ՝ ապա ընտրութեան հարցի լուծումը պէտք չէ թողուլ միայն անոնց եւ աշխարհականները պէտք է ստանձնեն իրենց վիճակած պատասխանատուութիւնը, պէտք է ներքին տարակարծութիւնները մէկ կողմ թողլով շփման մէջ անցնին պետութեան հետ։ Համայնքի քանի մը հիմնական անձերը խորհրդակցութեան մէջ պէտք է ըլլան իրարու հետ», ըսաւ ան։

Մեկնաբանելով Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի դերակատարութիւնը՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յայտնեց. «Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը պէտք չէ ներքաշել այսպիսի տեղական խնդիրներու մէջ։ Մենք պէտք է մեր ուշադրութիւնը կեդրոնացնենք միակ հարցումի մը վրայ. Պոլսոյ Աթոռը ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ իր նոր գահակալը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի տեսակէտէ ի՞նչ տարբերութիւն, թէ ո՞ր թեկնածուն պիտի ընտրուի»։

Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի վերջերս Իսթանպուլ կատարած այցելութեան շուրջ ալ մեր զրուցակից սրբազանը նշեց հետեւեալը. «Նարեկ սրբազան բոլորովին նոր անուն մըն է։ Պոլիս այցելելէ առաջ ես ալ իրեն թելադրած եմ՝ որ այցելէ, տեղւոյն վրայ տեսնէ ամէն ինչ, մթնոլորտը շնչէ, ծանօթանայ միջավայրին։ Նման իրավիճակներու մէջ աւելի լաւ կրնայ ըլլալ նաեւ նոր անձեր ի յայտ բերել»։

Եզրակացնելով իր խօսքերը՝ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յայտնեց, որ ինք պատրիարքի թեկնածու չէ, սակայն պատրաստակամ է ամէն ձեւով օգնելու եւ զօրակից ըլլալու Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռին։


ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 3, 2017








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+