6-7 Սեպտեմբեր 1955 - Հայերէն
23 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Ծմակ / Ժամ : Մթացեալ

Հայերէն :

07 Eylül 2017  

6-7 Սեպտեմբեր 1955 -

6-7 Սեպտեմբեր 1955 6-7 Սեպտեմբեր 1955

Պոլսոյ յոյները զոհ գացին թրքական պետութեան հրահրած ամբոխային լայնածաւալ խժդժութեանց Ն.6 Սեպտեմբերի 2017

Սեպ­տեմ­բե­րի այս օ­րե­րուն, 62 տա­րի ա­ռաջ, թրքա­կան այ­լա­մեր­ժու­թեան, ցե­ղա­պաշտ ազ­գայ­նա­մո­լու­թեան եւ վայ­րագ բար­բա­րո­սու­թեան ա­հա­ւոր «գի­նար­բուք» մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Կոս­տանդ­նու­պոլ­սոյ փո­ղոց­նե­րուն մէջ։

Սեպ­տեմ­բեր 6ի ե­րե­կո­յեան սկսաւ եւ մին­չեւ 7 ­Սեպ­տեմ­բե­րի կէ­սօ­րը շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մո­լեգ­նած թրքա­կան ամ­բո­խի կա­տա­ղի յար­ձա­կու­մը ա­մէն ին­չի վրայ, որ յու­նա­կան էր։ Պա­տա­հա­կան յոյն ան­ցորդ­ներ, յու­նա­կան խա­նութ­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ ու յոյ­նե­րու բնա­կա­րան­ներ, անխ­տիր բո­լո՛­րը, թի­րախ դար­ձան թրքա­կան խժդժու­թեանց։

Խոշ­տան­գում­նե­րէն ան­մասն չմնա­ցին նաեւ պա­տա­հա­կան այն ան­ցորդ­ներն ու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք թուրք կամ թրքա­ցեղ չէին… Այդ ա­ռու­մով` հա­յե­րը եւս, ա­ւե­լորդ ան­գա­մո­ւան մը հա­մար, կրկին ճա­շա­կե­ցին թրքա­կան մո­լե­գին կա­տա­ղու­թեան դառն բա­ժա­կը։
Թուրք ամ­բո­խի իւ­րա­յա­տուկ եւ ա­րիւ­նա­լի այդ «գի­նար­բուք»ը պատ­մու­թեան ան­ցաւ «­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը» ա­նու­նով։

Փոկ­րո­մը խլեց յոյն եր­կու ե­կե­ղե­ցա­կա­նի եւ 14 հո­գի­նե­րու կեան­քը։ ­Տաս­նեակ­նե­րով յոյ­ներ ծան­րօ­րէն վնա­սո­ւե­ցան։ ­Հա­րիւ­րա­ւոր յոյն կա­նայք բռնա­բա­րո­ւե­ցան եւ դար­ձեալ հա­րիւր­նե­րով յոյն տղա­մար­դիկ, ե­թէ թլփա­տո­ւած չէին, փո­ղո­ցին վրայ ամ­բո­խի դա­շոյն­նե­րով… թլփա­տու­մի են­թար­կուե­ցան։

Նիւ­թա­կան կո­րուստ­նե­րու տա­րո­ղու­թիւ­նը ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի էր։ ­Յու­նա­կան 4500 բնա­կա­րան­ներ, 3500 խա­նութ­ներ եւ հաս­տա­տու­թիւն­ներ, 90 ե­կե­ղե­ցի­ներ ու վան­քեր, 36 դպրոց­ներ ու 3 գե­րեզ­մա­նա­տու­ներ կո­ղոպ­տո­ւե­ցան, քան­դու­մի են­թար­կո­ւե­ցան կամ պղծո­ւե­ցան։ Ընդ­հա­նուր վնա­սի գու­մա­րը, այդ ժա­մա­նա­կո­ւան ար­ժե­գի­նով, ա­ւե­լի քան 500 մի­լիոն տո­լար գնա­հա­տո­ւե­ցաւ։

Ա­ւե­լի՛ն. ան­մի­ջա­կա­նօ­րէն իր պատ­ճա­ռած մարդ­կա­յին ու նիւ­թա­կան ծանր կո­րուստ­նե­րէն ան­դին, ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը այն­պի­սի ա­հա­ւոր սար­սա­փի մատ­նեց ­Պոլ­սոյ յոյն փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը, որ ­Պոլ­սոյ մէջ մին­չեւ 1955 ապ­րող 80էն 100 հա­զար յոյ­նե­րէն — նաեւ այ­նու­հե­տեւ տա­րի­նե­րու վրայ շա­րու­նա­կո­ւած գաղ­թի հե­տե­ւան­քով — այ­սօր մնա­ցած է 2000 յոյն։

Բայց ին­չո՞ւ պա­տա­հե­ցաւ ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը։
Ար­դեօք ի­րա­պէս եւ միայն թուրք ամ­բո­խի մո­լեգ­նու­թեա՞ն հե­տե­ւանք էր։
Պատ­մու­թիւ­նը շա­տոնց պար­զած է, որ փաս­տօ­րէն ­Թուր­քիոյ այդ օ­րո­ւան վար­չա­պետ Ատ­նան Մեն­տե­րէ­սի կա­ռա­վա­րու­թեան եւ իշ­խա­նա­ւոր ­Տե­մոք­րաթ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ կան­խօ­րօք մտայ­ղա­ցո­ւած եւ պե­տա­կա­նօ­րէն — կա­ռա­վա­րա­կան ու կու­սակ­ցա­կան յա­տուկ սպա­սար­կու­թեանց մի­ջեւ հա­մա­կար­գու­մով ծրագ­րո­ւած, կազ­մա­կեր­պո­ւած ու գոր­ծադ­րո­ւած պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն էր ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը։

Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն է, նոյն­պէ՛ս, որ թուրք պե­տա­կան մտա­ծո­ղու­թիւ­նը ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը եւս փոր­ձեց պարտ­կել՝ քա­ղա­քա­կան հո­սան­քի մը ամ­բո­խին վե­րագ­րե­լով գոր­ծո­ւած վայ­րա­գու­թիւն­նե­րը, թրքու­թիւ­նը ընդ­հան­րա­պէս «ան­մեղ» ներ­կա­յաց­նե­լու պե­տա­կան քա­րոզ­չու­թեան թափ տա­լով…
Այդ ճամ­բով ալ 1961ին թրքա­կան դա­տա­րա­նի առ­ջեւ հա­նո­ւե­ցան եւ ծան­րա­գոյն մե­ղադ­րան­քի տակ առ­նուե­ցան ա­տե­նի վար­չա­պետ ­Մեն­տե­րէս եւ ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ­Զօր­լու, ո­րոնք յան­ցա­ւոր գտնո­ւե­ցան եւ կա­խա­ղա­նով մա­հա­պա­տի­ժի են­թար­կո­ւե­ցան։

Դա­տա­վա­րու­թիւ­նը նոյն­պէս «բա­ցա­յայ­տեց», որ ­Մեն­տե­րէ­սի կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ուղ­ղա­կիօ­րէն պա­տաս­խա­նա­տու էր գոր­ծո­ւած փոկ­րո­մին հա­մար։ Եւ թրքա­կան պե­տու­թիւ­նը, այդ­պի­սով, իր մեղ­քե­րը քա­ւո­ւած հա­մա­րեց ու ­Թուր­քիոյ պատ­մու­թեան սեւ թղթած­րար­նե­րու փո­շե­ծածկ գզրոց­նե­րուն մէջ նե­տեց նաեւ այս մէ­կը` ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մին ա­հա­ւոր թղթած­րա­րը։

Նոյ­նիսկ դա­տավճ­ռով նա­խա­տե­սուած յոյն հա­մայն­քին եւ ­Թուր­քիոյ յոյն քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն վնա­սուց հա­տու­ցում կա­տա­րե­լու ո­րո­շու­մը թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը միայն ձե­ւա­կա­նօ­րէն գոր­ծադ­րե­ցին. հա­զիւ 20 տո­կո­սով վնա­սուց հա­տու­ցում կա­տա­րե­ցին փոկ­րո­մի զո­հե­րուն։
Ա­ւե­լի քան կէս դար ան­ցած է ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մէն աս­դին, բայց յոյն ժո­ղո­վուր­դին հետ ամ­բողջ աշ­խար­հը, յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը չի կրնար ան­ցեա­լի ու մո­ռա­ցու­թեան փո­շե­ծածկ դա­րակ­նե­րուն մէջ այդ­պէս նե­տո­ւած պա­հել 6-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ին ­Թուր­քիոյ պե­տա­կա­նօ­րէն ծրագ­րած, կազ­մա­կեր­պած եւ — կա­տա­ղած ամ­բո­խի խժդժու­թեանց տես­քով — գոր­ծադ­րած քա­ղա­քա­կան ո­ճի­րը։

Էա­պէս եւ ըստ ա­մե­նայ­նի պե­տա­կան-քա­ղա­քա­կան էր ո­ճի­րը, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը մէկ քա­րով եր­կու թռչուն որ­սա­լու ա­հա­ւոր յան­ցա­գոր­ծու­թեան դի­մած էին։
Մէկ կող­մէ՝ ­Կիպ­րո­սի յոյն մե­ծա­մաս­նու­թեան քա­ղա­քա­կան ար­դար պա­հանջ­նե­րը խեղ­դե­լու թի­րա­խին ուղ­ղո­ւած էր ա­նոնց հա­րո­ւա­ծը։

Թր­քա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը փոկ­րո­մով պա­տաս­խա­նեց եւ վի­ժե­ցուց այդ օ­րե­րուն Անգ­լիոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցող Մ.Ա.Կ.ի յա­տուկ խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րը, ո­րոնք կը փոր­ձէին թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց ստի­պել, որ սանձ դնեն ­Կիպ­րո­սի թուրք փոք­րա­մաս­նու­թիւ­նը կղզիի յոյն մե­ծա­մաս­նու­թեան դէմ գրգռե­լու ի­րենց հե­տե­ւո­ղա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան։

Միւս կող­մէ՝ թրքա­կան կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը ար­մա­տա­կան հա­րո­ւած հաս­ցուց երկ­րի տնտե­սու­թեան միջ­նա­բեր­դը հան­դի­սա­ցող ­Պոլ­սոյ մէջ յոյն գոր­ծա­րար­նե­րու մրցու­նա­կու­թեան եւ գե­րակշ­ռու­թեան` հա­կա­յոյն կա­տա­ղու­թեան սեր­մա­նու­մով ու բոր­բո­քու­մով ա­հի ու սար­սա­փի մատ­նե­լով ամ­բողջ յոյն հա­մայն­քը, նպա­տակ ու­նե­նա­լով ի վեր­ջոյ ձեր­բա­զա­տո­ւիլ յոյ­նե­րու ֆի­զի­քա­կան ներ­կա­յու­թե­նէն։

Այ­սօր ար­դէն բա­ցա­յայ­տո­ւած ի­րո­ղու­թիւն­ներ են, որ ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մին պատ­րո­ւակ ծա­ռա­յած 4 Սեպ­տեմ­բեր 1955ի ռում­բի պայ­թու­մը, ­Թե­սա­ղո­նի­կէի թրքա­կան հիւ­պա­տո­սա­րա­նին մէջ, սադ­րանքն էր նոյ­նինքն թրքա­կան սպա­սար­կու­թեանց։ ­Հա­կա­ռակ ա­նոր, որ հիւ­պա­տո­սա­րա­նի պար­տէ­զին մէջ պայ­թե­ցո­ւած ռումբ մըն էր ե­ղա­ծը եւ միայն ա­պա­կիի վնաս պատ­ճա­ռած էր, Սեպ­տեմ­բեր 4էն սկսեալ, եր­կու օր շա­րու­նակ, թրքա­կան մա­մուլն ու զան­գո­ւա­ծա­յին լրա­տո­ւու­թեան մի­ջոց­նե­րը ողջ աշ­խար­հի յոյ­նե­րուն դէմ կա­տա­ղի ար­շաւ ծա­ւա­լե­ցին` հա­կա­թուրք ա­տե­լու­թիւն սեր­մա­նե­լու մե­ղադ­րան­քին տակ առ­նե­լով յոյ­նե­րը, բայց խոր­քին մէջ նոյ­նինքն թուրք ամ­բո­խին հա­կա­յոյն, այ­լեւ ընդ­հան­րա­պէս այ­լա­մերժ ազ­գայ­նա­մո­լու­թիւնն ու կա­տա­ղու­թիւ­նը բոր­բո­քե­լով։

Այդ քա­րո­զար­շա­ւին զու­գա­հեռ, թրքա­կան սպա­սար­կու­թիւն­նե­րը շուրջ 300 հա­զար սեն­տի­քա­յա­կան­ներ հա­ւա­քագ­րե­ցին, զի­նե­ցին եւ կա­ռա­վա­րա­կան փո­խադ­րա­մի­ջոց­նե­րով Պո­լիս թա­փե­ցին ­Սեպ­տեմ­բե­րի 6ին, որ­պէս­զի ա­նոնց առ­ջեւ բաց աս­պա­րէ­զի վե­րա­ծեն քա­ղա­քա­կեդ­րո­նի ա­ռեւտ­րա­կան շու­կա­նե­րը, ­Թաք­սի­մի հրա­պա­րա­կէն սկսեալ, ուր­կէ ծայր ա­ռաւ կա­տա­ղի փոկ­րո­մը։

«­Մահ կեա­ւուր­նե­րուն», «­Յոյ­նե­րը ­Յու­նաս­տան թող եր­թան» եւ «­Պո­լի­սը զտա­րիւն թուր­քե­րուն կը պատ­կա­նի» կար­գա­խօս­նե­րով` ամ­բո­խը կա­ռա­վա­րա­կան յա­տուկ ջո­կատ­նե­րու հսկո­ղու­թեան տակ եւ հրահ­րու­մով գոր­ծեց իր խժդժու­թիւն­ներն ու խոշ­տան­գում­նե­րը։

Որ­քան ալ թրքա­կան ամ­բո­խա­յին մո­լե­ռան­դու­թիւ­նը դե­րա­կա­տար էր, նոյն­քան եւ ա­ւե­լիով չա­րի­քին շղթա­յա­զեր­ծու­մը գործն էր թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց, ո­րոնք վեր­ջին հա­շո­ւով քա­ւու­թեան նո­խա­զի վե­րա­ծե­ցին վար­չա­պետ ­Մեն­տե­րէ­սին ու ա­նոր կու­սակ­ցու­թեան։
Այդ­պի­սով լո­ւա­ցո­ւած ու մաք­րո­ւած հա­մա­րե­ցին նաեւ ի­րենց ա­րիւ­նոտ ձեռ­քե­րը։

Ա­հա թէ ին­չո՛ւ ոչ միայն յոյն ժո­ղո­վուր­դը, այ­լեւ ամ­բողջ աշ­խար­հը, յատ­կա­պէս հայ ժո­ղո­վուր­դը ի­րա­ւունք չու­նին մո­ռա­ցու­թեան յանձ­նե­լու ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մը, ո­րով­հե­տեւ թրքա­կան իշ­խա­նու­թեանց ա­րիւ­նոտ ձեռ­քե­րը դեռ չեն մաք­րո­ւած ի­րա­պէ՛ս եւ ի վի­ճա­կի են, ո­րե­ւէ պա­հու եւ ո­րե­ւէ կա­ցու­թեան դէմ յան­դի­ման, վերս­տին պա­տու­հաս դառ­նա­լու թրքա­կան պե­տու­թե­նէն ար­դա­րու­թիւն եւ ի­րա­ւունք պա­հան­ջող ո­րե­ւէ ժո­ղո­վուր­դի գլխուն։

6-7 ­Սեպ­տեմ­բեր 1955ին ա­րար աշ­խար­հի աչ­քե­րուն առ­ջեւ գոր­ծո­ւած եւ ­Պոլ­սոյ յոյն հա­մայն­քին դէմ ուղ­ղո­ւած, այ­լեւ բո­լոր ոչ-թուր­քե­րը ահ ու սար­սա­փի մատ­նե­լու նպա­տա­կով պե­տա­կա­նօ­րէն կազ­մա­կեր­պո­ւած ­Պոլ­սոյ փոկ­րո­մին մո­ռա­ցու­մը կրնայ ճա­կա­տագ­րա­կա­նօ­րէն ա­ղի­տա­լի ըլ­լալ — ինչ­պէս ե­ղաւ հե­տա­գայ տաս­նա­մեակ­նե­րուն — նաեւ մե՛ր օ­րե­րուն։

Թր­քա­կան պե­տու­թեան գոր­ծադ­րած ան­ցեա­լի ո­ճիր­նե­րը ան­տե­սե­լու, ա­ւե­լի ճիշդ՝ այդ յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը պա­տե­հա­պաշ­տօ­րէն քո­ղար­կել-չա­րա­շա­հե­լու մե­ծա­պե­տա­կան վար­քագ­ծին հե­տե­ւան­քով է, որ այ­սօր ա­րար-աշ­խար­հի սահմռ­կած աչ­քե­րուն առ­ջեւ Էր­տո­ղա­նի Թուր­քիան աջ ու ձախ մահ ու ա­ւեր կը սփռէ՝ չխնա­յե­լով նոյ­նիսկ այն թուր­քե­րուն, ո­րոնք քա­ղա­քա­կան ու քա­ղա­քա­ցիա­կան ողջմ­տու­թեամբ կ­՚ու­զեն վերջ տալ թրքա­կան պե­տու­թեան հրահ­րած այ­լա­մեր­ժու­թեան ու բար­բա­րո­սու­թեան։








Bu haber azator kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (azator) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(azator). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+