Դասու Նախագահին Խօսքը - Հայերէն
24 Aralık 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Քաղոց / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Գիզկան

Հայերէն :

06 Eylül 2017  

Դասու Նախագահին Խօսքը -

Դասու Նախագահին Խօսքը ​Դասու Նախագահին Խօսքը

Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին ընթացքին արտայայտուեցաւ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր ելոյթի սղագրութիւնը։

«Գերաշնորհ սրբազան հայրեր, յարգելի արուեստասէրներ,
«Գիտեմ, որ եկած էք ունկնդրութեան, սակայն կ՚արժէ նաեւ խորհրդածել, որովհետեւ դուք պիտի ունկնդրէք դպրաց դասու մը, եկեղեցական դպրաց դաս երգչախումբի մը անդամներուն, որոնք սիրողական մերձեցումով ամէն Կիրակի եկեղեցի կու գան Ս. Պատարագ երգելու եւ կը պատրաստուին նաեւ բազմաձայն երգեցողութեան: Դպրաց դասերը իսթանպուլահայ կեանքին մէջ եւ պոլսահայ անցեալին մէջ եղած են դպրոցներ եւ այսօր տակաւին դպրոցներ են՝ մարդակերտումի, եկեղեցական կեանքի զարգացման եւ երաժշտական կեանքի շարունակման: Այս դպրոցները նաեւ կամուրջներ կը հանդիսանան մշակոյթներու միջեւ։ Այնպիսի դարու մը մէջ կ՚ապրինք, որ դժբախտաբար օտար երաժշտութիւններ Հայաստանի մէջ եւ թէ այլուր կու գան յարմարցուած խօսքերով ներկայանալ հանդիսատեսին եւ ընդունելութիւն կը գտնեն եւ կ՚ըլլայ այդ երաժշտութեան անունը հայ երգ։ Միւս կողմէ, սակայն, հայ լեզուով յօրինուած, երաժշտութեամբ կատարուած ամէն ինչ հայ երգ չէ։ Հայ երգը հայուն սիրտէն եւ արմատէն բխած եւ պտղաբերած է:

«Ուրեմն մշակոյթներու միջեւ կամուրջ հանդիսացողը այսօր մեր շատ սիրելի ուսուցչապետը՝ մեծ երաժիշտ Յովհաննէս Չեքիճեանն է: Փառք կու տանք, որ այսօր տակաւին ունինք իր նմանութեամբ ուսուցչապետներ, որոնք կորով կը պարգեւեն, ուժ կը պարգեւեն մեզի եւ մենք աշխարհի մէկ անկիւնը մայրենի հողէն հեռու հայ երգը կը սիրենք, հայ երգը կ՚երգենք եւ հայ երգը կը բերենք հայրենիք:

«Ուրախ ենք մեր ներկայութեան եւ ձեր ներկայութեան համար, մեծ ուժ է, մեծ կորով է մեզի համար: Մեր վերադարձին վստահ կրնաք ըլլալ, որ քառապատիկ աւելի պիտի աշխատինք, մեր երգչախումբի այս զաւակները Սրբոց Վարդանանց ասպետներու նմանութեամբ կը պահեն հայ երգը՝ բերելու համար հայ ժողովուրդին այդ երգը»։

Ան շեշտեց նաեւ հայ երգի կարեւորութիւնը եւ օտար երաժշտութենէ խուսափելու հրամայականը։ Հայր սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց Հայաստանի Հանրապետութեան սփիւռքի նախարարութեան եւ բոլոր պատասխանատուներուն, որոնք խորապէս կը գիտակցին, թէ մշակոյթն է, որ կանգուն կը պահէ ազգ մը եւ պետութիւնը այդ ուղղութեամբ նեղ պայմաններով ձեռք կը մեկնէ մշակութային շարժումներու։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5, 2017








Bu haber jamanak kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (jamanak) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(jamanak). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+