​Կրթական՝ թէ՞ բարոյական տագնապ - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

26 Ağustos 2017  

​Կրթական՝ թէ՞ բարոյական տագնապ -

​Կրթական՝ թէ՞ բարոյական տագնապ ​Կրթական՝ թէ՞ բարոյական տագնապ

«Ակօս»ի նախ­կին տա­րինե­րու Սեպ­տեմբեր ամիս­նե­րուն «Մենք ու մե­րոնք» սիւ­նա­կի մէջ յա­ճախ խորհրդակ­ցած ենք մեր դպրոց­նե­րու հո­գերուն շուրջ։

Դպրո­ցը կամ աւե­լի ըն­դարձակ իմաս­տով ուսման հա­մակար­գը մեզ՝ հա­յերուս հա­մար միշտ եղած է հա­մազ­գա­յին խնդիր։ Մին­չեւ 1915 թուական, ազ­գի վե­րել­քը, նոյ­նիսկ կազ­մութիւ­նը կա­պուած էր ժո­ղովուրդի ուսման մա­կար­դա­կի բարձրաց­ման։ Հո­գեւոր, քա­ղաքա­կան ու մտա­ւորա­կան խա­ւի այս նա­խասի­րու­թիւնը իր ար­ժա­նի անդրա­դար­ձը գտաւ նաեւ հայ շի­նակա­նի մօտ։ Գա­ւառի հայ գեղ­ջուկը ամէն զո­հողու­թիւն յանձն արաւ իր որդւոյն ու­սումը ապա­հովե­լու հա­մար։ Երբ երկրի մահ­մե­տական հա­սարա­կու­թիւնը որոշ ու հասկնա­լի վե­րապա­հու­թեանբ հե­ռու կը մնար, հա­յեր լա­ւագոյնս կ՚օգ­տուէին օտար եր­կիրնե­րէ եկած մի­սիոնար­նե­րու հիմ­նած դպրոց­նե­րէն։ Մեծ քա­ղաք­նե­րու մէջ ԺԷ դա­րուն սկսած եկե­ղեցա­շինու­թեան ար­շա­ւը ԺԹ դա­րուն երկրորդ կէ­սէն վերջ վե­րածուեցաւ դպրո­ցաշի­նու­թեան։ Այս մա­սին իբ­րեւ վառ օրի­նակ կ՚ար­ժէ յի­շել Պո­լիս պանդխտու­թեան եկած սե­բաս­տա­ցի բեռ­նա­կիր­նե­րու «Սե­նեքե­րիմ» ըն­կե­րու­թիւնը։ Ան ձեռ­նարկած ու ապա յա­ջողած էր բեռ­նա­կիր­նե­րու լու­մա­ներով Սե­բաս­տիոյ մէջ դպրոց կա­ռու­ցել։

Դպրո­ցաշի­նու­թիւնը եւ հա­յեցի դաս­տիարա­կու­թիւնը յետ եղեռ­նեան տա­րինե­րուն ալ աշ­խարհի երե­սին ցրուած հա­յու­թեան նա­խապա­տուու­թիւնը ըլ­լալ շա­րու­նա­կեց։ Գա­ղութնե­րու մէջ եկե­ղեց­ւոյ կող­քին, նոյ­նիսկ եր­բեմն եկե­ղեցիէն ալ առաջ, իբ­րեւ հա­յապահ­պանման հզօր ամ­րոց՝ դպրոց կա­ռու­ցուեցաւ։

Ինչպէս վե­րեւ նշած ենք այս բո­լորը կա­տարուեցան ուսման կա­րեւո­րու­թեան մեծ ար­ժէք վե­րագ­րող մտքի մը գոր­ծադրու­թիւնով։ Սա­կայն այս նոյն միտ­քը հաս­նե­լով մեր օրե­րուն բա­ւական սնան­կա­ցած կ՚երե­ւի։ Այդ սնան­կացման հե­տեւանքն է, որ կա­մայա­կան որո­շու­մով մը փա­կուե­ցաւ մեր դպրո­ցական աւան­դութիւննե­րէն կա­րեւոր օրի­նակ մը՝ Կիպ­րո­սի Մել­քո­նեան Վար­ժա­րանը։ Նոյն ծի­րէն ներս պէտք է դի­տել գո­յացած ամէն տնտե­սական ճգնա­ժամի դի­մաց, իբ­րեւ առա­ջին մի­ջոց դպրոց փա­կելը առա­ջար­կող մտայ­նութիւ­նը։ Այստեղ խնդի­րը ո՛չ թէ նիւ­թա­կան պայ­մաննե­րու բա­ցակա­յումն է, այլ շատ աւե­լի մտա­հոգիչ կեր­պով ազ­գա­յին գի­տակ­ցութեան բա­ցակա­յու­մը։ Վեր­ջա­պէս այս կամ այն դպրո­ցին գո­յու­թեան վերջ տա­լը ինքնին շատ ծանր պա­տաս­խա­նատուու­թիւն մը կը պա­հէ իր մէջ, որուն գի­տակ­ցե­լու հա­մար են­թա­կան պար­տի աւե­լի քաջ իմա­նալ այդ դպրո­ցին ներ­կա­յացու­ցած նշա­նակու­թիւնը։ Այն ատեն պի­տի տես­նենք որ դպրոց ըսուածը որե­ւէ շէն­քի մը մա­տակա­րարու­մէն շատ աւե­լի բարձր նշա­նակու­թիւն ու­նի, եւ այժմու վա­րիչ­նե­րը այդ պա­տաս­խա­նատուու­թիւնը գոր­ծադրե­լու հա­մար է որ պաշ­տօ­նի կո­չուած են, այլ ո՛չ թէ յայտնուած առա­ջին խո­չըն­դո­տին դի­մաց դպրոց փա­կելու հե­ռան­կա­րով։

Եր­կար տա­րինե­րէ ի վեր հայ դպրո­ցին դէմ դիրք բռնող­նե­րը, հայ դպրո­ցը իրենց զա­ւակ­նե­րուն ար­ժա­նի չտես­նողնե­րը, երբ ստանձնեն հայ դպրո­ցը խնա­մելու պար­տա­կանու­թիւնը ան­շուշտ որ բնա­կան հե­տեւանքն ալ այսպէս պի­տի ներ­կա­յանայ։ Տե­ղի ան­տե­ղի օրա­կար­գի եկած «դպրոց­նե­րը միաց­նենք եւ ծախ­սե­րը կրճա­տենք» առա­ջար­կի ետին դժբախ­տա­բար հայ դպրո­ցին հետ խնդիր ու­նե­ցող­ներ կան։ Գո­նէ մէ­կը գտնուէր այս հա­սարա­կու­թեան մէջ, որ քա­ջու­թիւնը ու­նե­նար ազ­գին հարստու­թե­նէն ազ­գո­վին օգ­տուելէ զրկուելու առ­ջեւ ծա­ռացած խնդի­րը օրակարգի բերելու։ Կար­ծես իրո­ղու­թիւն մը ըլ­լա­լու է այս թե­րու­թիւնը, որուն հա­մար ոմանք պար­տին խոս­տո­վանիլ իրենց ան­կա­րողու­թիւնը։ Ի վեր­ջոյ ՎԱ­ՏԻՓ հար­թա­կը ճիշդ ալ այդ միաս­նութիւ­նը ապա­հովե­լու հե­ռան­կա­րով չէ՞ր հիմ­նուած։ Ու­րեմն չար­ժէ՞ր որ այ­սօր ազ­գո­վին պա­խարա­կենք այդ կամ­քին գո­յանա­լուն ար­գելք եղող­նե­րը։ Բո­լորս գի­տենք թէ ով­քեր են անոնք։ Բայց մխրճուած ենք այնպի­սի կաշ­կանդու­մի մը մէջ, որ ոչ ոք կրնայ բո­ղոքել միաս­նութիւ­նը խա­փանող­նե­րու դէմ։ Ընդ հա­կառա­կը կեղծ ժպիտ­նե­րով իրա­րու առ­ջեւ կը խո­նար­հին իրար «աղա» յոր­ջորջե­լով։

Եզ­րա­կաց­նենք այն հաս­տա­տու­մով, թէ մեր դպրոց­նե­րուն մատ­նուած տագ­նա­պը ո՛չ թէ տնտե­սական է, այլ կա­պուած է հա­մայնքի վար­չա­կան խա­ւի ան­բա­րոյ ընթացքին հետ։





Bu haber Agos kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı (Agos) ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(Agos). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+