Անդրադարձ. Ոչ Յանուն Ուժեղ Թուրքիոյ -
Անդրադարձ. Ոչ Յանուն Ուժեղ Թուրքիոյ
16 ապրիլին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցաւ սահմանադրական փոփոխութիւններու շուրջ հանրաքուէն, որուն ընթացքին, ըստ նախնական արդիւնքին, քուէարկողներու 51,2 առ հարիւրը «Այո» քուէարկեց, իսկ 48,8 առ հարիւրը` «Ոչ»: «Այո»-ի սպասուած յաղթանակով փակուեցաւ Թուրքիոյ աշխարհիկ հանրապետութեան 70-ամեայ էջը եւ սկիզբ առաւ աւելի ազգայնամոլ ու կրօնամոլ բռնապետութեան ժամանակաշրջանը: Արձանագրուեցաւ յետընթաց մը, որուն հետեւանքները ի յայտ պիտի գան իրերայաջորդ կերպով: Թուրքիոյ հասարակութեան կէսը յաղթանակ տօնեց` անգիտանալով, որ կը տօնէ Էրտողանի եւ ոչ թէ Թուրքիոյ յաղթանակը, եւ խորքին մէջ «Այո» քուէարկած է յանուն ուժեղ Էրտողանի եւ ոչ թէ ուժեղ Թուրքիոյ: Հասարակութեան միւս կէսն ու քաղաքակիրթ աշխարհն ալ գուժեցին Թուրքիոյ, թէկուզ եւ ձեւական, ժողովրդավարութեան մահը, որովհետեւ իրականութեան մէջ 16 ապրիլին սահմանադրութեան բարեփոխում չկատարուեցաւ, այլ որդեգրուեցաւ բոլոր լիազօրութիւնները մէկ անձի մէջ կեդրոնացնող նոր սահմանադրութիւն մը:
Նախնական արդիւնքի հրապարակումէն ետք Էրտողան յայտարարեց, որ հանրաքուէն «պայքար մըն էր բոլորին դէմ: Արեւմուտքի մէջ խաչակիրներու գաղափարախօսութիւնը եւ այստեղի անոնց ծառաները մեր դէմ յարձակում գործեցին»: Այդպիսով ան «ժողովուրդ» հասկացողութենէն դուրս ձգեց «Ոչ» քուէարկողները` զանոնք նկատելով «դաւաճաններ ու թշնամիներ»: Իսկական ղեկավար մը փորձ պիտի կատարէր պառակտիչ հանրաքուէէն ետք վերամիաւորելու ժողովուրդը, սակայն Էրտողան կը շարունակէ ամրագրել ու խորացնել Թուրքիոյ ընկերութեան մէջ գոյութիւն ունեցող վիհը: Պէտք է նշել, որ այդ պառակտումը նաեւ աշխարհագրական երեւոյթ մըն է. արդարեւ, Թուրքիոյ բոլոր մեծ քաղաքները` Պոլիսը, Անգարան, Իզմիրը եւ Անթալիան, աշխարհիկներու բնակավայր եղող բոլոր ծովեզերեայ շրջանները, ինչպէս նաեւ քրտաբնակ շրջանները «Ոչ» քուէարկեցին, իսկ պահպանողականներու, ազգայնամոլներու եւ կրօնամոլներու բնակավայր Անատոլուն` «Այո»:
Էրտողան նաեւ յայտարարեց, որ այժմ Թուրքիոյ մէջ կարելի է կատարել նոր հանրաքուէ մը` մահապատիժի վերականգնման հարցին շուրջ: Ատիկա կը թուի անխուսափելի ըլլալ, որովհետեւ Էրտողանի մենատիրութեան ու սարսափի մթնոլորտի ամրապնդման հոլովոյթին վերջին քայլն է: Ինչ կը վերաբերի 2016-ին յեղաշրջումի փորձէն ետք երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան, որ ներկայ պայմաններուն մէջ կը ծառայէ Էրտողանի լիազօրութիւններու ամրապնդման, ապա սպասելի է, որ անիկա երկարաձգուի մինչեւ նոյեմբեր 2019` նոր սահմանադրութեան ուժի մէջ մտնելու ժամկէտը, որմէ ետք միայն կը կորսնցնէ իր պիտանելիութիւնը:
Այս ամէնը բնականաբար իր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ նաեւ Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութեան վրայ: 16 ապրիլին մուտք գործեցինք նոր ժամանակաշրջան մը, ուր ներքնապէս պառակտուած ու տկար Թուրքիան միջազգային գետնի վրայ պիտի դառնայ առաւել յարձակողապաշտ: Պատահական չէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ հանրաքուէի աւարտէն ետք յայտարարեց. «Ներքին եւ արտաքին թշնամիներու դէմ մեր պայքարը պիտի սաստկանայ»: Այլ խօսքով` 16 ապրիլին «Այո» քուէարկուեցաւ ոչ յանուն ուժեղ Թուրքիոյ, այլ յանուն բռնատիրութեան եւ աւելի ազգայնամոլ, կրօնամոլ ու յարձակողապաշտ Թուրքիոյ:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Bu haber kaynağından gelmektedir.
Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.
Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com