Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած է «Հայ Որբ Մը Սեւ Ծովու Շրջանէն» Գիրքը - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շաւաղօտ

Հայերէն :

22 Mart 2017  

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած է «Հայ Որբ Մը Սեւ Ծովու Շրջանէն» Գիրքը -

Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած է «Հայ Որբ Մը Սեւ Ծովու Շրջանէն» Գիրքը Թուրքիոյ Մէջ Լոյս Տեսած է «Հայ Որբ Մը Սեւ Ծովու Շրջանէն» Գիրքը

Թուրքիոյ մէջ լոյս տեսած է «Հայ որբ մը Սեւ ծովու շրջանէն» գիրքը, որուն հեղինակն է Հալիլ Էրհան` Թուրքիոյ Կիրեսուն քաղաքէն:

Ծագումով հայ Էրհան գիրքը գրած է համիտեանի ջարդերու ժամանակ որբացած իր պապիկի մասին եւ ձօնած՝ անոր յիշատակին, կը գրէ «Ակօս»-ը:

Թրքական «Իլեթիշիմ» հրատարակչութեան կողմէ լոյս ընծայուած գիրքը ազգային ու կրօնական ինքնութեան հարցերու շուրջ մտորելու առիթ կու տայ Թուրքիոյ հիւսիսային, Սեւծովեան շրջաններու բազմահազար բնակիչներուն, որոնք Թուրքիոյ մէջ յայտնի են աւելի ազգայնական տրամադրութիւններով ու վարքագիծով:

Գիրքին հեղինակը կը նշէ, որ իրենց անցեալի ու իրական ծագման պատմութիւնները լսող շատերը այստեղ կը սկսին աւելի բուռն կերպով մերժել այդ անցեալը կամ կը փորձեն ինքնապաշտպանուիլ:

«Ի՞նչ կարիք կար սա վերյիշելու» ըսողներ ալ կան, «Հայ, հնարաւոր է նման բան եղած ըլլայ» ըսողներ ալ… Յամառօրէն «մինչեւ կեանքի վերջ թուրք ու մահմետական եմ» բացականչողներ ալ…», – կ՛ըսէ կիրեսունցի իսլամացուած հայը, որուն ազգականներէն ոչ բոլորը նոյնպէս կը սիրեն խօսիլ անցեալի վէրքերէն, սակայն տեղեակ են իրենց հայկական ծագման մասին:

«Պապիկս միշտ կը պատմէր իր գլխուն եկածներուն մասին: Միայն գիտէինք, որ ոչ հայր ունի, ոչ մայր, ոչ հօրեղբայր… Իր անցեալէն միայն մէկ մուրճ ունէր, որ վերցուցած էր իրեն հետ, երբ փախած էր զինուորական ծառայութենէն», – կ՛ըսէ Էրհան` պատմելով, որ պապը, որբանալով դեռ 1890-ականներուն, 1915-ին միւս հայ տղամարդոց հետ տարուած է Օսմանեան բանակ, ուր զինք աշխատցուցած են ճանապարհներու շինարարութեան մէջ:

«Ոչ ոքի երբեք նեղացուցած է, շրջապատիս մէջ տեսած ամենաաշխատասէր մարդն էր պապս: Երբ մահացաւ շատ արտասուեցայ, շատ-շատ տխեցայ: Այդպիսի երկրորդ մէկը լոյս աշխարհ չի գար», -կ՛ըսէ գիրքին հեղինակը, որ կը նշէ, թէ որբ մնացած պապիկը երբեք յոյս չէ ունեցած գտնելու իր հայ ազգականները եւ բաւարարուած է իր զաւակներուն եւ թոռներուն ներկայութեամբ ու սիրով:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+