22 Mart 2017
Եւրոյի գօտիի երկիրներու ելեւմտական նախարարներու խորհուրդի ղեկավար Երուն Տէյսելպլում առաջարկած է վերջ դնել Միջազգային դրամական ֆոնտին, Եւրոպայի կեդրոնական դրամատան եւ Եւրոպական յանձնաժողովի կազմով «եռեակ»-ի ներկայ ձեւաչափին եւ երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ նորովի կազմակերպել ճգնաժամային երկիրներուն ցուցաբերող օգնութեան կարգը, կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»:
«Շատ նպատակայարմար պիտի ըլլար, եթէ Եւրոպայի կայունացման մեքանիզմը միջին ժամկէտով կամ երկարաժամկէտ հեռանկարին մէջ դառնար եւրոպական Միջազգային դրամական ֆոնտ: Անիկա պէտք է յստակ յառաջատար դեր ստանձնէ ապագայ ծրագիրին մէջ», յայտարարած է Տէյսելպլում գերմանական «Ֆրանքֆուրթեր Ալկըմայնէ Ցայթունկ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին մէջ:
Ըստ անոր, այդ ձեւով «եռեակ»-ի ներկայ կառոյցը ապագային կարելի պիտի ըլլայ ջնջել: «Եւրոպայի կեդրոնական դրամատունը «եռեակ»-ի անդամի դերին մէջ իրեն աւելի ու աւելի անյարմարաւէտ կը զգայ, եւ ես կը կարծեմ` ոչ առանց հիմքերու», յայտարարած է ան:
Տէյսելպլում նաեւ նշած է, որ Եւրոպական յանձնաժողովը ունի «կարեւոր այլ գործեր», որոնց վրայ կ՛արժէ կեդրոնացնել ուշադրութիւնը: Իր կարգին Եւրոպայի կայունացման մեքանիզմը պէտք է ձեռք բերէ արհեստավարժ իրաւասութիւններ, որոնք այսօրուան դրութեամբ միայն Միջազգային դրամական ֆոնտը ունի», ըսած է ան:
Յունաստանի օգնութեան ընթացիկ ծրագիրին վերաբերեալ Տէյսելպլում հանդէս եկած է խնդիրներու ստուգուած բաշխումը պահպանելու օգտին:
Բացի ատկէ, ան կը սպասէ, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը որոշում պիտի տայ մասնակցելու նոր ծրագիրին: Ան ընդգծած է, որ «շատ լաւ» պիտի ըլլար, եթէ ատիկա տեղի ունենար մինչեւ ամառ: