15 Mart 2017
Եւրոպական Միութեան շարք մը ազդեցիկ անդամներու եւ Թուրքիոյ միջեւ վերջերս զարգացած լարուածութիւնը եկաւ խորացնելու այն վիհը, որ գոյութիւն ունէր միութեան եւ անոր անդամակցութեան ձգտող երկրին միջեւ: Այդ իրողութեան մէկ անմիջական արտայայտութիւնը եղաւ Պրիւքսելի կողմէ Եւրոպական Միութեան հետ համարկման համար Անգարայի տրամադրուած ֆինանսաւորման մէկ մասի սառեցումը: Վերջին օրերու զարգացումներն ու թրքական կողմի յայտարարութիւնները նաեւ տապալեցին Թուրքիոյ չափաւորական իսլամութեան ու ժողովրդավարութեան նախապէս անտեղի կերպով գովերգուած բնորթը: Ուստի Թուրքիոյ նախագահի «Արեւմուտքը անցնող քանի մը օրուան ընթացքին իր իսկական դէմքը յստակօրէն ցոյց տուաւ» խօսքը հեքնական է:
Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի հետ ստեղծուած դիւանագիտական ճգնաժամին դրդապատճառը ընտրութիւններն են: 5,5 միլիոն թուրքեր կ՛ապրին արտասահման, եւ միայն Գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունին քուէարկելու իրաւունք ունեցող 1,4 միլիոն թուրքեր: Թրքական իշխանութիւնները կը փորձեն Թուրքիոյ մէջ սահմանադրական փոփոխութիւններու հանրաքուէին մէջ ապահովել անոնց զօրակցութիւնը, սակայն այդ փորձի ընթացքին անոնք Թուրքիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող լարուածութիւնը կ՛արտածեն սփիւռքեան գաղթօճախներ, ինչ որ բնականաբար բացասաբար կ՛ընկալուի նշեալ երկիրներու իշխանութիւններուն կողմէ:
Հոլանտայի իշխանութիւնները, սակայն, թուրք երկու նախարարներու երկիր մուտքը արգիլելով ոչ միայն փորձեցին իրենց երկրին կայունութեան սպառնացող վտանգը վնասազերծել, այլ նաեւ հազիւ քանի մը օր ետք նախատեսուած ծայրայեղ աջակողմեան «Ազատութիւն» կուսակցութեան եւ անոր թրքամերժ, եւրոսկեպտիկ եւ իսլամոֆոպ ղեկավար Կերթ Վիլտըրզի հետ սուր մրցակցութեան մթնոլորտի մէջ ընթանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն մէջ, եթէ ոչ յաւելեալ քուէներ ապահովել, առնուազն քուէներ չկորսնցնել: Թրքական կողմը իր կարգին Գերմանիոյ եւ Հոլանտայի մէջ արձանագրուած դէպքերուն ստեղծած զգացական մթնոլորտը կ՛օգտագործէ իր քարոզարշաւին մէջ: Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ յայտարարեց, որ թուրքերը 16 ապրիլին` հանրաքուէի ընթացքին լաւ դաս մը պիտի տան Հոլանտայի, կարծէք հանրաքուէն Հոլանտայի հետ յարաբերութիւններուն մասին ըլլար եւ ոչ թէ` մենատիրական վարչակազմի մը հաստատման:
Երկու երկիրներուն միջեւ լարուածութիւնը սակայն երկարատեւ պիտի չըլլայ եւ ունի յստակ ժամկէտ մը` 16 ապրիլը, որմէ ետք ընթացք պիտի առնէ երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու բնականոնացման հոլովոյթը: Ատոր գլխաւոր պատճառը երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող տնտեսական շահերն են: Հոլանտայի դէպի Թուրքիա արտածումները արժէքը տարեկան 6,5 միլիառ եւրօ է, իսկ հակառակ ուղղութեամբ արտածումներունը` աւելի քան 18 միլիառ եւրօ: Հոլանտան նաեւ Թուրքիոյ մէջ մեծագոյն ներդրում կատարողներէն է: Երկու երկիրներուն միջեւ առեւտուրը անցնող 5 տարիներուն ընթացքին արձանագրած է 20 առ հարիւրի աճ:
Շուտով վերջ կը գտնէ նախընտրական լարուած մթնոլորտը եւ ատոր հետ նաեւ Հոլանտա-Թուրքիա լարուածութիւնը: Նոյնը կարելի չէ ըսել Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա յարաբերութիւններուն եւ Թուրքիոյ` իբրեւ չափաւորական իսլամութեան բնորթ հասած վնասին մասին. ատոնց դարմանումը պիտի կարօտի երկար ժամանակի:
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ