Թուրքիա «Անհեռատես» Անուանած Է Թուրք-Հոլանտական Յարաբերութիւններու Մասին Եւրոպական Միութեան Յայտարարութիւ - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

15 Mart 2017  

Թուրքիա «Անհեռատես» Անուանած Է Թուրք-Հոլանտական Յարաբերութիւններու Մասին Եւրոպական Միութեան Յայտարարութիւ -

Թուրքիա «Անհեռատես» Անուանած Է Թուրք-Հոլանտական Յարաբերութիւններու Մասին Եւրոպական Միութեան Յայտարարութիւ Թուրքիա «Անհեռատես» Անուանած Է Թուրք-Հոլանտական Յարաբերութիւններու Մասին Եւրոպական Միութեան Յայտարարութիւնը

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Հոլանտայի եւ Թուրքիոյ միջեւ յառաջացած լարուածութեան վերաբերեալ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինիի եւ Դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով յանձնակատար Եոհաննէս Հանի «անհեռատես յայտարարութիւնները» Թուրքիոյ համար որեւէ արժէք չեն ներկայացներ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը նշած է, թէ Եւրոպական Միութեան յանձնակատարներու յայտարարութեան մէջ սխալ մեկնաբանութիւններ կատարուած են: Թրքական կողմը «անխոհեմ» անուանած է Հոլանտան պատժելու փոխարէն անոր թիկունք կանգնիլը:

Մոկերինի եւ Հան մէկ օր առաջ միացեալ յայտարարութեան մը մէջ անհրաժեշտ նկատած են թուլացնել լարուածութիւնը Թուրքիոյ եւ Եւրոպական Միութեան անդամ շարք մը երկիրներու միջեւ, գտնել ուղիներ կացութիւնը հանդարտեցնելու համար: «Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ զերծ մնալու աւելորդ յայտարարութիւններէ եւ գործողութիւններէ, որոնք կրնան աւելի լարել կացութիւնը», ըսուած է միացեալ յայտարարութեան մէջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+