03 Mart 2017
Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Դիւանագէտի օրուան առիթով այցելած է արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնական անձնակազմին, Հայաստանի դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու եւ հիւպատոսական հիմնարկներու ղեկավարներու հաւաքի մասնակիցներուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահը շնորհաւորած է հաւաքի մասնակիցները իրենց մասնագիտական տօնին առիթով, որմէ ետք իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է անկախացումէն ի վեր Հայաստանի անցած ճամբուն, արտաքին քաղաքականութեան մէջ ունեցած ձեռքբերումներուն, յաղթահարած խոչընդոտներուն եւ արտաքին քաղաքականութեան մարտահրաւէրներուն: Հանրապետութեան նախագահը նաեւ շարք մը ուղղութիւններով յանձնարարականներ տուած է դիւանագէտներուն դեսպանընկալ երկիրներու եւ միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ Հայաստանը պատշաճ ներկայացնելու ուղղութեամբ իրականացուելիք աշխատանքներու վերաբերեալ, անդրադարձած է այն խնդիրներուն, որոնք այսօր դրուած են դիւանագէտներուն առջեւ, տուած է համապատասխան ցուցմունքներ:
Հանրապետութեան նախագահը խօսած է նաեւ դիւանագիտական աշխատանքի նրբութիւններուն մասին` նշելով, որ այդ աշխատանքը յաճախ կ՛իրականացուի փակ դռներու ետին, սակայն նոյնիսկ ամէնէն գաղտնի բանակցութիւնները կ՛ունենան հրապարակային դրսեւորումներ, արդիւնքներ եւ հետեւանքներ: «Պահպանելով այս աշխատանքի բնոյթէն բխող գաղտնապահութիւնը` Հայաստանի դիւանագիտութիւնը միեւնոյն ժամանակ պէտք է ըլլայ ըմբռնելի մեր հասարակութեան համար: Ձեռնարկուող գործողութիւններուն տրամաբանութիւնը անհրաժեշտ է հետեւողականօրէն ներկայացնել հանրութեան` առանց երկնչելու հաւանական քննադատութիւններէ: Ձեր խօսքը, ձեր ուղերձը պէտք է ըլլայ վստահ, պէտք է ըլլայ հասկնալի եւ այդպիսով վստահութիւն կը ներշնչէ նաեւ հանրութեան», ըսած է նախագահը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին ուղղութեամբ արտերկրի մէջ եւ միջազգային տարբեր հարթակներու վրայ Հայաստանի Հանրապետութեան դիւանագիտական ծառայութեան առջեւ դրուած խնդիրներուն եւ Ազրպէյճանի ապակառուցողական քաղաքականութեան, շրջանին մէջ լարուածութեան ստեղծման քայլերուն հակազդելուն:
«Երեւանը եւ Ստեփանակերտը պատերազմ չեն ցանկար, մինչդեռ Պաքուն վաղուց ամէնէն բարձր մակարդակի վրայ անընդհատ կը խօսի պատերազմի մասին, կ՛ընդարձակէ լարուածութիւնը շփման գիծին մէջ, կը հերոսացնէ այն զինուորները, որոնց գործած «սխրանքները» կը նկատուին պատերազմի յանցագործութիւն: Եթէ Ազրպէյճանը շարունակէ նոյն ոգիով եւ իրավիճակը հասցնէ պատերազմականի, ապա Արցախի ժողովուրդին անվտանգութիւնը ապահովելու համար մենք մէկ վայրկեան նոյնիսկ կանգ պիտի չառնենք կիրարկելու մեր զինանոցին մէջ եղած բոլոր կարելիութիւնները: Այսօր շրջանին մէջ լայնածաւալ պատերազմի զսպող գլխաւոր գործօնը հայ զինուորն է, որ ամուր կանգնած է եւ կը գիտակցի, թէ ինչո՛ւ կը պայքարի եւ ի՛նչ խնդիր կը լուծէ»:
Ընդգծելով, որ անցեալ քառորդ դարուն Հայաստանը յաջողած է ձեւաւորել արտաքին քաղաքական բաւական յագեցած եւ դրական օրակարգ, հանրապետութեան նախագահը նշած է, որ մեր երկիրը իր փորձն ու ջանքերը կը ներդնէ յանուն համամարդկային նշանակութեան հարցերու բարձրաձայնումին եւ իր նպաստը կը բերէ միջազգային հանրութեան կողմէ անոնց լուծման գործին:
«Իբրեւ ցեղասպանութենէ վերապրած ժողովուրդ` մենք պէտք է միշտ գտնուինք մարդկութեան դէմ կատարուող յանցագործութիւններու կանխարգիլման միջազգային պայքարի առաջնագիծին վրայ: Ձեր հետեւողական քայլերուն շնորհիւ 2015-ին ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդին մէջ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ Հայաստանի կողմէ ներկայացուած Ցեղասպանութեան կանխարգիլման վերաբերեալ բանաձեւը, իսկ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 69-րդ նստաշրջանին 9 դեկտեմբերը հռչակուեցաւ Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի օր: Այս ուղղութեամբ հսկայական ջանքեր ներդրուեցան յատկապէս Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու շրջագիծին մէջ»:
Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան կարեւոր նուաճումներէն մէկը նկատելով Հայաստանի կողմէ 2018-ին Ֆրանսախօս երկիրներու միջազգային կազմակերպութեան վեհաժողովը կազմակերպելու որոշումը` Հանրապետութեան նախագահը ատիկա նախաձեռնողական դիւանագիտութեան արդիւնք, ինչպէս նաեւ մեր երկրին նկատմամբ ութ տասնեակէ աւելի պետութիւններու վստահութեան եւ համերաշխութեան դրսեւորում որակած է:
Նախագահը կարեւոր նկատած է նաեւ արտերկրի մէջ Հայաստանի զբօսաշրջային կարելիութիւններու պատշաճ ներկայացումը` ակնկալելով աշխուժ աշխատանք այս ուղղութեամբ:
Ելոյթի աւարտին նախագահը անգամ մը եւս ընդգծած է, որ, ի վերջոյ, հանդիպումին բոլոր մասնակիցներուն մնայուն ուշադրութեան կեդրոնը պէտք է ըլլայ Հայաստանի քաղաքացին:
Նախագահը ըսած է նաեւ. «Առհասարակ, պէտք է համախմբուած աշխատելու մշակոյթը ամրապնդենք մեր մէջ եւ նպաստենք իւրաքանչիւրիս առջեւ դրուած հարցերու լուծման, որովհետեւ Հայաստանի շէնացման պէտք է ուղղուած ըլլան մեր բոլորին ջանքերը շատ պարզ պատճառով` Հայաստանը մեր հայրենիքն է: Մենք այլ հայրենիք չունինք, եւ ա՛յս հայրենիքը պիտի ժառանգեն մեր ապագայ սերունդները: Յարատեւելու այլ բանաձեւ գոյութիւն չունի: Ով որ այս բանաձեւը չ՛ընկալեր, ան կը մնայ պատմութեան ոլորանին մէջ», ընդգծած է նախագահ Սերժ Սարգսեան: