03 Mart 2017
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի` Ֆրանսա կատարելիք այցելութեան օրը` 14 մարտին, տեղւոյն հայ համայնքը բողոքի ցոյց պիտի կազմակերպէ: Այս մասին «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններու համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան:
«Ալիեւ պիտի հանդիպի Ֆրանսայի նախագահին հետ: Մենք ցոյց պիտի կազմակերպենք, որ դատապարտենք անոր այցելութիւնը Ֆրանսա, դատապարտենք Ալիեւի համակարգը, Ազրպէյճանը զինելու հոլովոյթը, անշուշտ, նաեւ զօրավիգ կանգնինք Արցախին, արցախցիներու ինքնորոշման հարցին», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:
Անոր համաձայն, ամէն ինչ կը կատարուի տեղական լրատուամիջոցներուն ուշադրութիւնը հրաւիրելու համար` իրականացնելով համապատասխան քարոզչութիւն:
«Պէտք է այնպէս ընենք, որ մամուլը անդրադառնայ մեր նախաձեռնութեան: Ցոյցը պիտի կատարուի այն վայրին մէջ, ուր միշտ մեծ թիւով մարդիկ կ՛ըլլան եւ զբօսաշրջիկներ: Կ՛ակնկալուի մեծ թիւով անձերու մասնակցութիւն», ըսաւ Մուրատ Փափազեան:
Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ 14 մարտին երկօրեայ այցելութեամբ Ֆրանսա պիտի գտնուի: