Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1915-1963 - Հայերէն
25 Nisan 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Ցրօն / Ժամ : Շանթակող

Հայերէն :

20 Şubat 2017  

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1915-1963 -

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1915-1963 Զարեհ Ա. Կաթողիկոս 1915-1963

Զարեհ Ա. Կաթողիկոս Փայասլեան (1915-1963). Հայոց Սրբակեաց Կաթողիկոսի Լուսապսակ Ճակատը
Փետրուար 18-ին, 54 տարի առաջ, յաւիտենական իր անդորրը գտաւ Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նոր ժամանակներու սրբակեաց կաթողիկոսը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետը:

ՀՅԴ պատմութեան եւ ազգային-քաղաքական ուղիին երախտաշատ ուսուցիչներէն, այլեւ ղեկավար գործիչներէն հանգուցեալ Հրաչ Տասնապետեան, որ նաեւ անձնապէս մօտէն ճանչցած ու գործակիցը եղած էր 48 տարեկանին վախճանած տարաբախտ վեհին, պերճախօս հետեւեալ խտացումով բնութագրած է Զարեհ Առաջինի անձն ու տեղը հայոց նորագոյն պատմութեան մէջ.

«Մաքրամաքուր եւ սրբակեաց եկեղեցական մըն էր Զարեհ կաթողիկոսը: Ամբողջական նուիրումով` ան կը տքնէր իր հօտի բարօրութեան, Հայաստանեայց եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթի բարգաւաճման համար: Իր կաթողիկոսութեան 7 տարիները դժբախտ շրջան մը եղան, սակայն, Էջմիածնի կաթողիկոսութեան եւ հակադաշնակցական ճակատի իրեն հանդէպ ունեցած անորակելի վերաբերմունքին պատճառով: Վախճանեցաւ համեմատաբար երիտասարդ տարիքին, վիշտը սրտին մէջ, բայց մի՛շտ ներելով բոլորին: Յետմահու այն յարգանքն ու յուղարկաւորութիւնը, որ Պէյրութը ըրաւ իրեն, աւելի քան յիսուն հազար հոգինոց ժողովրդային թափօրով մը եւ պետական շուքով, տեսնուած չէր գաղութներու պատմութեան մէջ»:

Յուշատետրի էջը չափազանց նեղ է Զարեհ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան նախօրէին, թէ աւարտին ստեղծուած հայ կեանքի ծանրագոյն մթնոլորտը նոյնիսկ հակիրճ գիծերով ներկայացնելու համար: Բայց Զարեհ վեհափառի յիշատակին անպայման պէտք է արձանագրել եւ յիշեցնել, որ տարագիր հայութիւնը խորհրդային ազդեցութեան տակ առնելու եւ Քրեմլինի տիրակալութեան ենթարկելու տխուր ու դաժան ոտնձգութեանց դարաշրջանին վերջին փուլը կազմեցին Զարեհ Առաջինի կաթողիկոս ընտրութեան առիթով տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւնները: Սկսելով Զարեհ Ա.-ի ընտրութեան նախօրէին հակադաշնակցական ճակատի տխրահռչակ անարգումի քայլերէն, անցնելով Զարեհ կաթողիկոսի ընտրութիւնը «անվաւեր» հռչակելու երջանկայիշատակ Վազգէն Ա. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին պարտադրուած եւ անոր կողմէ ստորագրուած կոնդակէն (որ խորհրդայիններու «ընտրական պարգեւ»-ը եղաւ` Էջմիածնին արգիլելով, որ իր մասնակցութիւնը բերէ Զարեհ Առաջինի կաթողիկոս օծումին) եւ հասնելով սփիւռքի տարածքին հակամարտ թեմերու առաջացումին` հայ ժողովուրդը ապրեցաւ իր ժամանակակից պատմութեան դառնագոյն փուլը, որ բարեբախտաբար եղաւ նաեւ վերջին ու եզրափակիչ արարը` ազգային պառակտումի օտարամուտ գրգռութեանց էջը գոցելու եւ, Հայ դատի պահանջատիրութեան ներշնչումով, հայոց ազգային միասնականութեան ուղին բանալու առումով:

Հայոց ժամանակակից պատմութեան այդ դառն ու տխուր էջերը փակելու համար կ՛արժէ Զարեհ վեհափառի վախճանման 54-րդ տարելիցին առիթով ընթերցողին յուշել նոյնինքն երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան կաթողիկոսի յետադարձ հայեացքով կատարած արժեւորումը իր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ ընտրութեան` 20 փետրուար 1956-ի իրադարձութեանց վերաբերեալ:

Իր կաթողիկոս ընտրութեան 6-րդ տարեդարձը հանդիսաւորապէս նշող Կիլիկեան միաբանութեան ուղղելով իր պատգամը` Զարեհ Ա. վեհափառ հետեւեալը յայտարարեց 20 փետրուար 1962-ին.

«Սիրելի՛ միաբան եղբայրներ, սիրելի՛ սաներ, ի սրտէ շնորհակալ եմ ձեր սրտաբուխ եւ ազնիւ արտայայտութիւններուն համար, որոնք, վստահ եմ, կը բխին նոյնքան ազնիւ սրտերէ: Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս ընտրուելուս վեցերորդ տարեդարձը զիս կը լեցնէ անգամ մը եւս ցաւալի եւ ուրախալի յուշերով:

«Արդարեւ, վեց տարիներ առաջ օդը նուազ փոթորկալից էր, քան այսօր. սակայն փոթորիկ կար այս դահլիճէն ներս, մանաւանդ` սրտերէ եւ հոգիներէ ներս: Պիտի կատարուէր պատմական ընթացիկ դէպք մը` ընտրութեամբը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ երանաշնորհ Գարեգին Ա. կաթողիկոսի յաջորդին: Բայց կատարուելիք այս ընտրութիւնը զգեցած էր, այս անգամ, բացառիկ հանգամանք եւ իմաստ, որովհետեւ այս Աթոռիս հակառակորդները կամ զայն անուանարկել ուզողները կը փափաքէին ընել այնպէս, որ ան դադրի ծառայելէ իր հոգեւոր կոչումին եւ չկարենայ լրիւ կատարել իր պարտականութիւնները քրիստոնէական սուրբ կրօնին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելու իր կոչումին մէջ:

«Եթէ միայն նիւթական եւ տեսանելի դժուարութիւնները հաշուի առնէինք եւ մոռնայինք աստուածային օժանդակութիւնը, իմաստուն գործ պիտի չըլլար յանձն առնել կաթողիկոսական պաշտօնը եւ արտասահմանի մեր եկեղեցւոյ կեանքին մէջ այս Աթոռին բաժին ինկող պարտականութեանց կատարումին ղեկավարութիւնը: Ու երբ կիլիկեան թեմերու Պատգամաւորական ժողովը իր ձայներու մեծամասնութիւնը կեդրոնացուց իմ վրայ, երբեք չխուսափեցայ կոչին դրական պատասխան տալէ` հակառակ ամէն տեսակ դժուարութեանց, անհասկացողութեանց, խոչընդոտներու եւ մինչեւ իսկ բացայայտ թշնամութեան` սիրելի անհատներէ կամ նոյնքան սիրելի կազմակերպութիւններէ ի յայտ բերուած:

«Այժմ կ՛երեւակայեմ 1956 փետրուար 20-էն մինչեւ աշուն երկարող տաժանելի օրերը, որոնք լեցուն եղան ամէն տեսակի դժուարութիւններով: Ու կ՛ապրի՛մ դառն յիշատակովը ֆիզիքական ամայութեան, որ այս Աթոռին ժամանակաւոր բաժինը եղաւ դպրեվանքի Պիքֆայա փոխադրութեամբը 1956-ի հոկտեմբերին: Ու մտքով կը տեսնեմ, որ այդ շրջանին Անթիլիասէն ներս հազիւ քանի մը ճրագներ կը պլպլային գիշերները: Ու գոհութիւն Աստուծոյ, որ մեզի հետ եղաւ մեր ամբողջ գործավարութեան ընթացքին, ահա յարաբերաբար կարճ ժամանակի մը մէջ այս Աթոռը կրկին պայծառացած է, եւ ուրախութեամբ կը դիտեմ անոր բարգաւաճ վիճակը: Բազմապատկուեցաւ մեր միաբաններուն թիւը եւ արդէն քանի մը տարիէ ի վեր սկսած ենք պատասխանել այս Աթոռին ուղղուած կոչերուն` առաջնորդներ եւ հովիւներ տրամադրելով հայ համայնքներուն: Մեր միաբանները շինարար աշխատանքի լծուած են հեռաւոր Ամերիկայէն սկսեալ մինչեւ Պարսկաստան, ուր այս Աթոռին անունն իսկ անծանօթ էր տակաւին շատ մօտիկ անցեալին:

«Հաւանական է, որ աւելի հեռու տեղերէ ալ կանչուիք` ծառայելու եւ Հայ եկեղեցին կանգուն պահելու համար: Ու պիտի ընդառաջենք այդ հրաւէրներուն ոչ թէ կայսրութիւն հիմնելու, ոչ թէ թեմեր յափշտակելու, ու մանաւանդ` ոչ թէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը Ամենայն Հայոց կաթողիկոսութեան հակադրելու համար. նման նպատակ չունեցանք ու պիտի չունենանք, այլ` պարզապէս ծառայելու համար եւ ընելու այնպէս, որ արտասահմանի մէջ չեղծուի Հայաստանեայց եկեղեցւոյ նկարագիրը, եւ հայ ժողովուրդը չհեռանայ իր մայր եկեղեցիէն ու կորստեան չդատապարտուի:

«Մեր այս ոգին եւ ուղիղ դիրքը չէ հասկցուած դժբախտաբար ու մեզի կը վերագրուին մտայնութիւններ, որոնք նուազագոյնը ուղիղ չեն համեմատիր հայ ժողովուրդին, Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ մեր կեցուածքին հետ: Բայց մենք կ՛անգիտանանք այդ բոլորը եւ անտես պիտի առնենք բոլոր տեսակի անհասկացողութիւնները, ուրկէ եւ որքան որ սիրելի անձերէ կամ մարմիններէ բխին անոնք: Ու պիտի հասնինք հոգեւոր կարիքներուն մեր ժողովուրդին, որուն ծառայելը նկատած ենք միշտ մեր մեծագոյն փառքը: «Կ՛ուզեմ, որ այս ոգիով լեցուիք բոլորդ, որպէսզի նման տարեդարձներ իմաստ ստանան ու դառնան երջանիկ հանգրուաններ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ»:

Զարեհ Առաջին իր անանձնական մօտեցումով, ներողամտութեան ոգիով եւ անսահման բարութեամբ ու նուիրումով մեծ ներդրում ունեցաւ պառակտուածութեան այդ տխուր եւ դառն էջերը փակելու եւ համերաշխութեան ու միասնականութեան ենթահող պատրաստելու 1960-ականներու շրջադարձին մէջ: Շրջադարձ, որուն բարեբեր արդիւնքները քաղեց հայ ժողովուրդը 1965-էն` Մեծ եղեռնի յիսնամեակին համահայկական ոգեկոչումէն սկսեալ:

Ծնած 1915-ին, Մարաշ, Փայասլեան յարկի տակ, Զարեհ Առաջին 1931-ին եղաւ Մեծն Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի նորահաստատ դպրեվանքին անդրանիկ սաներէն: 1933-1938 հետեւեցաւ Պրիւքսելի համալսարանի հայագիտութեան եւ արեւելագիտութեան դասընթացքներուն: 1939-ին Զարեհ վարդապետ առաջնորդական տեղապահ ընտրուեցաւ Հալէպի թեմին, որուն առաջնորդութեան կոչուեցաւ 1943-ին: 1947-ին եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ երջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Յովսէփեան կաթողիկոսի կողմէ, որուն 1952-ի վախճանումէն ետք, շուրջ չորս տարի տեւած ու Հայաստանեայց եկեղեցին պառակտման եզրին հասցուցած ազգային, քաղաքական եւ գաղափարական բուռն վէճերէ ու հակամարտութիւններէ յետոյ, 20 փետրուար 1956-ին Զարեհ Առաջին ընտրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Ամենայն հայոց կաթողիկոս:

Կաթողիկոսական իր պաշտօնավարութեան կարճատեւ` 7-ամեայ շրջանին, որքան բարեացակամ ու ներողամիտ գտնուեցաւ անձնապէս իր դէմ կատարուած գռեհկագոյն բանսարկութիւններուն եւ վարկաբեկման արշաւներուն նկատմամբ, նոյնքան հաստաբուն կաղնիի պէս աներեր կանգնեցաւ ամէն կարգի յորձանքներու դէմ ու անխախտ հաւատքով փարեցաւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի անկախութեան արժանաւորապէս տէր կանգնելու իր կոչումին եւ առաքելութեան:

Զարեհ Առաջին կրցաւ դիմադրել ամէն կողմէ իր վեհութեան եւ Կիլիկեան Ս. Աթոռի արժանաւորութեան դէմ ուղղուած ցեխարձակումներուն, որովհետեւ իր շուրջ համախմբուած տեսաւ խիտ շարքերը առաջին հերթին նոյնինքն մեր ժողովուրդին: Ապա` շարունակ իր կողքին ունեցաւ հաւատաւոր ու ջերմեռանդ փաղանգը միաբանութեան իր հոգեւոր եղբայրներուն, որոնք ամբողջական հաւատարմութեամբ եւ զօրակցութեան ոգիով ամրապնդեցին իրենց արժանաւոր վեհափառին կամքն ու մարտունակութիւնը` ձախողութեան մատնելու համար Կիլիկեան Աթոռի միաբանութեան պառակտումին հետամուտ բոլոր գրգռութիւնները:

Զարեհ Առաջին եւ Կիլիկեան Աթոռին շուրջ միախմբուած միաբանները իրենց բախտին չլքուեցան երբեք: Կիլիկեան Սուրբ Աթոռին անկախութիւնը պահպանելու եւ արմատաւորելու դրօշով ու սփիւռքի հայութեան ազգային-քաղաքական ինքնուրոյնութիւնը խորհրդային սպառնալիքին դէմ պաշտպանելու վճռակամութեամբ, պայքարի դաշտ նետուեցան, ազգային գաղափարապաշտութեամբ տոգորուած, ողջ արտաշխարհի հայ մտաւորականութիւնն ու երիտասարդութիւնը:

Դաշնակցութիւնը բարձրահասակ ու բաց ճակատով փութաց պաշտպան կանգնելու Կիլիկեան Ս. Աթոռին եւ այդպէ՛ս ձախողութեան մատնուեցաւ խորհրդային սադրանքը: Զարեհ Առաջինի կաթողիկոս ընտրութեամբ, Կիլիկեան Ս. Աթոռը ոչ միայն նուաճեց Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ անկախութեան իրաւունքը եւ անփառունակ պարտութեան մատնեց խորհրդային ոտնձգութիւնները, այլեւ սփիւռքի հայութեան տուաւ հոգեւոր միասնութեան հոգեպարար կեդրոն մը, որ ահա տասնա-մեակներէ ի վեր արժանաւորապէս կ՛արտայայտէ սփիւռքի ձայնը թէ՛ համահայկական եւ թէ՛ համաշխարհային բարձրագոյն բեմերէն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com

Diğer Haberler

+