Ըստ «Հայաթ»-ի. Անգարա Ռաքքան Արաբական Երկիրներու Մասնակցութեամբ Ազատագրելու Զինուորական Ծրագիր Մը Ներկայաց - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

20 Şubat 2017  

Ըստ «Հայաթ»-ի. Անգարա Ռաքքան Արաբական Երկիրներու Մասնակցութեամբ Ազատագրելու Զինուորական Ծրագիր Մը Ներկայաց -

Ըստ «Հայաթ»-ի. Անգարա Ռաքքան Արաբական Երկիրներու Մասնակցութեամբ Ազատագրելու Զինուորական Ծրագիր Մը Ներկայաց Ըստ «Հայաթ»-ի. Անգարա Ռաքքան Արաբական Երկիրներու Մասնակցութեամբ Ազատագրելու Զինուորական Ծրագիր Մը Ներկայացուցած Է Ուաշինկթընին

Թրքական աղբիւրներ «Հայաթ» օրաթերթին յայտնած են, որ Անգարա Սուրիոյ Ռաքքա քաղաքը Միջազգային դաշինքի անդամ արաբական երկիրներու մասնակցութեամբ ազատագրելու զինուորական ծրագիր մը ներկայացուցած է Ուաշինկթընին:

Քաղաքը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու ծրագիրը նախ եւ առաջ ներկայացուած է «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Մայք Մոմփիոյի անցեալ հինգշաբթի Թուրքիա կատարած այցելութեան ընթացքին, ապա ուրբաթ օր մանրամասնօրէն քննարկուած է Ինճիրլիք ռազմակայանին մէջ Թուրքիոյ բանակի սպայակոյտի պետ Հուլուսի Աքարի եւ անոր ամերիկացի պաշտօնակից Ճոզըֆ Տանֆըրտի հանդիպումին ընթացքին:

Միւս կողմէ, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Միւնիխի մէջ անվտանգութեան հարցերով խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարած է. «Երկու օր առաջ Թուրքիա այցելած է Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ զօր. Ճոզըֆ Տանֆըրտ: Մենք ամերիկեան կողմին առաջարկած ենք (Սուրիա) ուղարկել մասնայատուկ ուժերու զօրախումբ մը` տեղւոյն չափաւորական (ընդդիմադիր) ուժերուն աջակցելու համար», յայտնած է նախարարը:

Ըստ Չաւուշօղլուի, օգոստոս 2016-էն ի վեր շարունակուող «Եփրատի վահան» գործողութիւնը, որ կը կատարեն Թուրքիոյ բանակն ու Սուրիական ազատ բանակը, ապացուցած է իր արդիւնաւէտութիւնը` իբրեւ «ցամաքի վրայ սուրիական ուժերուն լուրջ աջակցութիւն ցոյց տուող Թուրքիոյ մասնայատուկ ուժերու հետ տեղական կազմաւորումներու համագործակցութեան» հայեցակարգ: «Շուտով պիտի գրաւուի Պապը, եւ ատկէ ետք մենք նոյնպէս միասնաբար պիտի յարձակինք Ռաքքայի վրայ: Ռաքքայի դէմ կարելի է գրոհել (Միջազգային) դաշինքի մեր դաշնակիցներուն հետ, Միացեալ Նահանգներու հետ: Մենք անոնց համար բացած ենք մեր Ինճիրլիք օդուժի ռազմակայանը», նշած է ան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+