17 Şubat 2017
Տեղեկատուութեան մարզին եւ վերջին շրջաններուն ընկերային ցանցերուն մէջ շատ տարածուած երեւոյթ է զանազան երկիրներու առաջին դէմքերուն միջեւ նմանութիւններու եզրեր գտնելու փորձերը: Նոյնիսկ վաւերական պատմաբաններ անցեալի հանրածանօթ ղեկավարներու վերաբերմունքին, մարմաջներուն եւ գործելաոճին միջեւ առնչութիւններ յայտնաբերած են: Եթէ ներկայի զուգորդութիւններէն ոմանք կը կրեն զուտ ենթակայական բնոյթ եւ կատարուած են խծբծանքի նպատակով, սակայն նաեւ չեն պակսիր բացայայտ նկատուող առարկայական տուեալները, որոնք շատ յաճախ երգիծական են արդարօրէն: Կրնայ ըլլալ, որ այդ հասարակաց թերութիւնները մարդոց մօտ ծիծաղ յառաջացնեն, սակայն չեն դադրիր վտանգաւոր գործօն ըլլալէ, առնուազն տուեալ երկիրներու ժողովուրդներուն եւ ինչու չէ նաեւ անոնց բարեկամ եւ թշնամի դրացիներուն:
Իրարմէ անկախ չորս տարբեր աղբիւրներ նմանութեան յստակ եզրեր գտած են Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ` զանոնք նաեւ նմանցնելով Հիթլերի:
Ի դէպ, վերջին տասնամեակներուն բազմաթիւ ղեկավարներ նմանցուած են Հիթլերի…
Ն.
«Քաունթր Փանչ»
Սարսափելի Զուգահեռականը
Թրամփի Եւ Էրտողանի
Նմանութիւնները Էրտողանի եւ Թրամփի միջեւ աւելի մեծ են, քան կը թուին, հակառակ Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ շատ տարբեր քաղաքական աւանդութիւններուն: Զուգահեռականը գլխաւորաբար առկայ է մեթոտներուն մէջ, որոնցմով երկուքն ալ ստացած են իշխանութիւն եւ կը ձգտին աւելցնել ատիկա:
Էրտողան եւ Թրամփ ամբոխավար եւ ազգայնական են, որոնք իբրեւ սատանաներ կը ներկայացնեն իրենց թշնամիները եւ իրենք զիրենք կը տեսնեն շրջապատուած դաւաճաններով, դաւադրողներով: Յաջողութիւնը չի յագեցներ յաւելեալ իշխանութեան տիրանալու իրենց մարմաջը:
Միացեալ Նահանգներու մէջ յոյսերը, թէ Թրամփ անցեալ նոյեմբերին ընտրուելէ ետք, կրնայ նախընտրական յարձակողապաշտ քարոզարշաւ մղողի իր վերաբերմունքը փոխել եւ աւելի հաշտ մօտեցում ունենալ, չքացան վերջին երկու ամիսներուն: Տեղեկատուական մարզին հանդէպ իր հրապարակային թշնամութիւնը արձանագրեց մագլցում, որ դրսեւորուեցաւ իր վերջին մամլոյ ասուլիսներէն մէկուն ընթացքին լրագրողներու հետ գռեհիկ վարուելով:
Քննադատութեան հանդէպ ջղագառութիւնը երկու անձերը յատկանշող գիծն է: Թրամփի պարագային արտայայտուած է թուիթըրեան էջով դատապարտելով զինք քննադատողները, ինչպէս դերասանուհի Մերիլ Սթրիփը, իսկ Թուրքիոյ մէջ դատարանը 2000 անձեր մեղադրեց նախագահը վիրաւորելու յանցանքով:
Աշխարհի մէջ բանտարկուած 259 լրագրողներէն ոչ նուազ քան 81-ը Թուրքիոյ մէջ են: Ամերիկացի լրագրողներ տակաւին նման ճակատագիր մը չեն դիմագրաւեր, սակայն անոնք կրնան ակնկալել սաստիկ ճնշում այն հաստատութիւններուն վրայ, ուր անոնք կ’աշխատին, որպէսզի լռեն քննադատութիւնները:
Թուրքիա եւ Միացեալ Նահանգներ կրնան շատ տարբեր քաղաքական դաշտեր ունենալ, բայց զարմանալի աստիճանի միատեսակութիւն կայ Էրտողանի եւ Թրամփի վերաբերմունքին մէջ:Երկուքն ալ ամբոխավար, ազգայնական, բռնատիրական առաջնորդներ են: Էրտողան եւ Թրամփ հասարակաց կէտ մը եւս ունին.երկուքն ալ անմար մարմաջ մը ունին իշխանութեան եւ ատոր հասնելու` իրենց երկիրներուն մէջ յայտնաբերելով եւ հրահրելով պառակտումներ:
Երկուքն ալ կը յայտարարեն, որ իրենց երկիրները կրկին հզօր պիտի դարձնեն, բայց գործնականին մէջ աւելի կը տկարացնեն: Երկուքն ալ ընդմիշտ կը սղոցեն այն ճիւղը, որուն վրայ իրենք (եւ ամէն ոք) նստած է:
«Հիւրիյեթ»
Թրամփ Եւ Էրտողան
Խռովարար Են
Ամերիկացի գրող Փոլ Օսթեր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը նմանեցուցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին, նշելով, որ երկուքն ալ շուտ բռնկող են եւ խռովարար:
Երկուքն ալ ժողովուրդին հետ կը հաղորդակցին` «Ես կու գամ եւ բոլորդ կը փրկեմ» ձեւի յայտարարութիւններով, կը նշէ ամերիկացի գրողը` շեշտելով, որ Էրտողանն ու Թրամփը նոյն ձեւով անկանխատեսելի են եւ կոշտ ու վիրաւորող են իրենց քննադատութիւններուն մէջ:
Թրքական «Հիւրրիյեթ» թերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ամերիկացի յայտնի գրողը յիշած է հինգ տարի առաջ իր եւ Էրտողանի հաղորդակցութեան առաջին եւ միակ փորձը, երբ Օսթեր մերժած էր Թուրքիա ժամանելու Էրտողանի հրաւէրը, եւ իբրեւ պատճառ նշած` այդ երկրին մէջ բանտարկուած բազմաթիւ լրագրողներու գոյութիւնը: Էրտողան այդ ժամանակ Օսթերը «տգէտ» անուանած էր եւ աւելցուցած. «Եթէ Թուրքիա չգաս, ի՛նչ պիտի ըլլայ»:
Փոլ Օսթեր թրքական թերթին հետ հարցազրոյցին մէջ շեշտած է, որ Տանըլտ Թրամփի նախագահութեամբ Միացեալ Նահանգներու մամուլին համար նոյնպէս բաւական ծանր ժամանակներ կը սկսին: «Միացեալ Նահանգներու մէջ նոյնպէս խօսքի ազատութիւնը մեծ վտանգի առջեւ կանգնած է», իր մտահոգութիւնը յայտնած է Օսթեր:
(Հատուածներ)
«Վեթերանս Թուտէյ»
Նմանութիւններ
Թրամփի Եւ Էրտողանի Միջեւ
Հակառակ որոշ տարբերութիւններու, Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ նախագահներ Տ. Թրամփ եւ Ռ. Թ. Էրտողան բազմաթիւ նմանութիւններ ունին: Քաղաքական իմաստութիւն չունենալով, երկու ղեկավարներն ալ կը տատանին իրողութեան եւ սկեպտիկութեան միջեւ:
Հռչակաւոր պատմաբաններ համակարծիք են, որ Ուիլիամ Բ. եւ Ատոլֆ Հիթլեր գրգռող իշխողներ են, ուղղորդուած անկառավարելի բնաւորութեամբ: Մասնաւորաբար, Հիթլերի նկարագիրը եւ ներհակ պարագաները Գերմանիոյ մէջ, օգնեցին անոր իշխանութեան գալու: Հիթլեր մեծ հռետոր էր եւ քարոզչութեան անոր հնարքները օգնեցին, որպէսզի ան ազդէ միլիոնաւոր մարդոց վրայ:
Նմանակելով Ուիլիամ Բ.-ը եւ Ատոլֆ Հիթլերը ներկայիս, Թրամփ խոստացած է Միացեալ Նահանգները կրկին հզօրացնել: Որպէսզի շահի նախագահական ընտրարշաւը, ան սկսաւ չափազանցուած կերպով ներկայացնել իսլամութեան վախի վտանգը, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի մէջ իւրաքանչիւր ահաբեկչական յարձակում շահագործելով, հակաիսլամական զգացումներ հրահրելով երկրին մէջ եւ շահելու համար համակրանքը սովորական ամերիկացիներուն մեծամասնութեան:
Հիթլերին նման, Թրամփ յաջողեցաւ զօրաշարժի ենթարկել քուէարկողներու զանգուածը եւ, հակառակ իր կուսակցութեան ընդդիմութեան, յաջողեցաւ թեկնածու առաջադրուիլ եւ նախագահ ընտրուիլ:
Միւս կողմէ, իբրեւ մունետիկ մը Թուրքիոյ մէջ գաղափարական յեղափոխութեան, Էրտողան իշխանութեան եկաւ Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան իսլամական ենթահողով, 2003-ին, իբրեւ վարչապետ: Հիթլերի եւ Թրամփի նման, Էրտողան որքան խօսեցաւ ընդդէմ արեւմտականացման եւ իր երկրի աշխարհիկ դրութեան, այնքան աւելի ժողովրդականութիւն շահեցաւ ընդհանուր զանգուածէն: Էրտողան շատ ժողովրդական դարձաւ իսլամ երկիրներու մէջ, շնորհիւ զանազան որոշումներու, զորս տուաւ Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան, եւրոպական եւ իսրայէլեան գործողութիւններուն հակադրուելով:
Արաբական աշխարհը պաշտպանեց Էրտողանը, որ տուն կանչեց Իսրայէլի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը: Աւելի՛ն, Էրտողան արեւմտեան երկիրներուն կողմէ նկատուած է իբրեւ նուիրեալ իսլամ մը, որուն կինը` Էմինէ, գլխուն շղարշ կը կրէ:
Ամէն պարագայի, բացայայտ թէ ծածուկ, ե՛ւ Թրամփ ե՛ւ Էրտողան կողմ են Իսրայէլի, եւ երկերես խաղ կը խաղան` ՏԱՀԵՇ-ի եւ Սուրիոյ պատերազմին առնչութեամբ: Միլիառատէր գործարարը նոյնպէս նման է Էրտողանի, ներգաղթեալներու տագնապին մէջ կրկնակի խաղերով եւ խուսանաւումներով:
Քարոզչական հնարքներու առումով, դիւրաւ կարելի է նմանութեան ականատես ըլլալ Թրամփի եւ Էրտողանի միջեւ, որոնք կը հետեւին Հիթլերի մարտավարութիւններուն:Անոնք կ’ապակողմնորոշեն իրենց երկիրներու ժողովուրդները, որոնք շատ ժամանակ չունին խորանալու վերլուծումներու մէջ, գիտնալու համար երկերես խաղը, եւ տպաւորուած են զգացական ճառերով, ընդհանրատիպ(սթերիոթայբ) յայտարարութիւններով եւ կեղծ յոյսերով Թրամփի եւ Էրտողանի, որոնք կը շարունակեն շահագործել իսլամական զինեալներու, ՏԱՀԵՇ-ի եւ սուրիացի ներգաղթեալներու սպառնալիքները:
Զգացական ճառերու ընթացքին, Թրամփի եւ Էրտողանի մարմիններուն, ձեռքերուն եւ աչքերուն շարժուձեւերը Հիթլերի ձեւերուն կը նմանին:
Թրամփ եւ Էրտողան քաղաքական ղեկավարի յատկութիւններէ զուրկ են, ինչպէս որոշում տալու ուժը, հանդարտ մտածողութիւնը ըստ կացութեան, հանդուրժողականութիւնը եւ այլն, որովհետեւ կ՛առաջնորդուին զգացականութեամբ, անկառավարելի բնաւորութեամբ, անտրամաբանական վերաբերմունքով, յամառութեամբ, եսասիրութեամբ եւ անիրապաշտ տեսլականով:
Կրօնական նախապաշարումներ ունենալով, անոնք կարծր պահպանողականներ են, որոնք անգործնական են, որովհետեւ անտեսած են գետնի վրայ իրականութիւնը: Անոնք իրենց ժողովուրդներուն մէջ կը ստեղծեն ատելի քաղաքական մոլեռանդութիւն, ազգայնամոլութիւն: Անոնք իշխանութեան ծարաւ ունին եւ հռչակ կ՛ուզեն վայելել` միշտ մնալով լրատուամիջոցներու լուսարձակներուն տակ:
Էրտողան արդէն ապակայունացուցած է Թուրքիան իր արտաքին ձախողած քաղաքականութեան պատճառով, իսկ Թրամփ աւելի պիտի շեղէ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան նպատակները, որովհետեւ ինք քաղաքական իմաստութիւն չունի:
(Հատուածներ)
«Թուտէյզ Զաման»
Տանըլտ Թրամփի նախընտրական արշաւի ճառը կը յիշեցնէ Թուրքիոյ նախագահ Ռ.Թ.Էրտողանի բազմաթիւ յայտարարութիւնները, երբ ան քանի մը տարի առաջ ընտրական քարոզարշաւի ձեռնարկած էր:
Քանի որ ամբոխավար երկու անձերն ալ ուշադրութիւն փնտռող են, Թրամփ կրնայ Էրտողանի համար ընկերային ցանցին մէջ լուրջ մարտահրաւէր ըլլալ, նկատի ունենալով, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը ժամանակին մէկ կարեւոր մասը կ՛անցընէ Թուիթըրին մէջ արձանագրութիւններով:
Այլ գետնի վրայ, թէեւ Թրամփ կը նկատուի հակակռելի, ան կրնայ անվայել նախագահ մը ըլլալ, եւ իր անխնամ, անտարբեր ճառերով եւ անգին կալուածներով ամբողջ աշխարհը ստիպել, որ իր մասին միշտ խօսին:
Թուրքիա նոյն յատկութիւններով նախագահ մը ունի: Այո՛, Էրտողան հռչակաւոր չէ իր մազի յարդարանքով , ինչպէս Թրամփ, բայց տակաւին կարելի է բազմաթիւ նմանութիւններ գտնել երկուքին միջեւ:
Երկուքն ալ եսակեդրոն են, երկուքն ալ անտանելի ճնշող եւ ուժգին լեզու մը ունին, երկուքն ալ պահպանողականներէն զօրակցութիւն կ՛ակնկալեն եւ երկուքն ալ շատ հարուստ են իրենց կալուածներով:
Թէեւ արդար ըլլալու համար պէտք է ըսել, որ Թրամփ արդէն իսկ հարուստ էր, երբ քաղաքական ասպարէզ մտաւ, բայց Էրտողան ձեւով մը իր ամբողջ հարստութիւնը կուտակեց, երբ քաղաքական դաշտին մէջ յայտնուեցաւ:Անոնք միջազգային քաղաքականութեան մէջ լաւ գործընկերներ կրնան ըլլալ, ինչպէս «Քարակէոզը եւ Հակիվաթը» (աւանդական օսմանեան թատերախաղը):
Նոյնիսկ երեւակայելը, որ անոնք իրարու հետ կը զրուցեն, խնդուք կը յառաջացնէ: Կասկած չկայ, որ անոնց հաւանական համարձակ, արտառոց խօսակցութիւնը կրնայ վերածուիլ դերասանական արուեստի եւ հաճելի ժամանց մը պարգեւել միջազգային լուրերու հետեւողներուն: