17 Şubat 2017
Միացեալ Նահանգներու նախագահի պաշտօնը ստանձնելէ ետք, Տոնալտ Թրամփ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ իր առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին բարձր գնահատած էր Թուրքիոյ կողմէ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կատարուած գործողութիւնները` նշելով, որ իր երկիրը կ՛աջակցի ՕԹԱՆ-ի դաշնակից եւ ռազմավարական գործընկեր Թուրքիոյ: Թրամփ-Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութենէն մէկ օր ետք, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Մայք Փենս իր կարգին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի հետ եւ ընդգծեց, որ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւնները այսուհետեւ պիտի թեւակոխեն նոր փուլ:
Լրատուութիւններն ու շրջանառութեան մէջ դրուած տեղեկութիւնները կը յուշեն, որ այդ փուլը արդէն թեւակոխուած է, թէեւ ոչ յստակ ու ամբողջական կերպով, սակայն անոր «բարիքները» արդէն սկսած են տեսանելի դառնալ Սուրիոյ քիւրտերուն համար: Ահա թէ ինչո՛ւ վերջիններս սկսած են Սուրիոյ կառավարութեան հետ ռուսական միջնորդութեամբ բանակցութիւններու: Ամերիկեան ազդեցիկ «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթը վերջերս գրեց, որ նախագահ Թրամփի վարչակազմը հրաժարած է Ռաքքան ազատագրելու Օպամայի «անօգուտ» ծրագիրէն: Յայտնի է, որ Օպամայի վարչակազմը աջակցութիւն կը ցուցաբերէր Սուրիոյ քիւրտերուն եւ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ անոնց վերապահած էր առանցքային դերակատարութիւն: Սակայն 28 յունուարին Թրամփ իր վարչակազմին յանձնարարեց 30 օրուան ընթացքին պատրաստել ծրագիր մը, որուն մէջ մասնաւորաբար պէտք է նշուին ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ Ուաշինկթընի նոր դաշնակիցները եւ անոնց աջակցելու սկզբունքները:
Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Ֆիքրի Ըշըքի` Պրիւքսէլի մէջ ՕԹԱՆ-ի անդամ երկիրներու պաշտպանութեան նախարարներու ժողովին ծիրին մէջ իր ամերիկացի պաշտօնակից ֆէյմս Մաթիսի հետ հանդիպումէն ետք կատարած այն յայտարարութիւնները, թէ Ուաշինկթըն Ռաքքայի ազատագրումը սուրիացի քիւրտերուն ձեռամբ ըլլալուն վրայ չի պնդեր, թէ Թուրքիա Ամերիկայի հետ մինչեւ Պապ քաղաքին մէջ գործողութեան ամբողջացումը քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ջոկատներու Մընպեժէն հեռացման վրայ կ՛աշխատի, եւ զօր. Մաթիսի այն յայտարարութիւնը, թէ Միացեալ Նահանգներն ու Միջազգային դաշինքը թրքական բանակի «Եփրատի վահան» գործողութեան մէջ յաւելեալ աջակցութիւն պիտի տրամադրեն Թուրքիոյ, մտածել կու տան, թէ թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու նոր փուլը արդէն ձեւաւորման ընթացքի մէջ է, եւ այդ ալ ի վնաս քրտական գործօնին, որուն դերակատարութիւնն ու ազդեցութիւնը բնականաբար պիտի նահանջէ` թրքական դերակատարութեան բարձրացման տարողութեան համահունչ տարողութեամբ:
Թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններու ուրուագծուող նոր փուլը տակաւին ձեւաւորման ընթացքի մէջ է: Սակայն վստահաբար յառաջիկայ օրերուն պիտի սկսի քայլ առ քայլ յստականալ, որուն լոյսին տակ պիտի կարենանք պատկերացում մը ունենալ այդ յարաբերութիւններուն հետ մօտէն կամ հեռուէն առնչուած հարցերուն վրայ այդ նոր փուլին ունենալիք ազդեցութեան մասին
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ