12 Şubat 2017
Այս օրերուն յաջորդաբար մեզմէ հրաժեշտ առին Մեծ եղեռնէն վերապրած քանի մը երէցներ, որոնցմէ վերջինը այստեղ` Մոնրէալ, Քնար Պոհճելեան-Եմենիճեանն էր` շուրջ 108 տարեկան մօրաքոյրը կնոջս. անկէ քանի մը օր ետք մեկնեցաւ Քնարին հօրեղբօր որդին` 98-ամեայ Կարպիս Պոհճելեանը, որ կ՛ապրէր Լառնաքա, Կիպրոս: Անոնցմէ քանի մը շաբաթ առաջ, նոյնպէս Մոնրէալէն` անոնց մտերիմ բարեկամն ու հարազատը` 97-ամեայ Վարդգէս Սարաֆեանն էր, որ կը հեռանար այս աշխարհէն, իսկ անկէ քիչ ետք` Լոս Անճելըսէն Ալեքսան Մարգարեանը` 110 տարեկան: Ժամադրուա՞ծ էին արդեօք…
Ի դէպ, մասնաւոր ընտրութեամբ չէ, որ զանոնք միայն կը յիշատակեմ. հաւանաբար, այդ տարիքներուն հասնող ուրիշ վերապրողներ ալ այժմ կը բաժնուին մեզմէ, սակայն այդ չորսը յիշեցի պարզապէս որովհետեւ միւսներուն մասին տեղեակ չեմ:
Ի՞նչն էր հասարակաց յայտարարը այս երկարամեայ վերապրողներուն, բացի անկէ, անշուշտ, որ բոլորն ալ ստոյգ մահէ մազապուրծ ճողոպրածներ էին: Հասարակ յայտարարը երկար ապրիլն էր, կամ պարզապէս ԱՊՐԻԼԸ, ապրած ըլլա՛լը:
Ասիկա երեւոյթ մըն է ինքնին, նշանակալի՛ց երեւոյթ մը, որուն կ՛արժէ անդրադառնալ: Ապրելու տենչը մարդկային, նոյնիսկ կենդանակա՛ն բնազդ մըն է, բնազդ մը, որ իրենց մէջ վա՛ռ է մնացած, հակառակ իրենց կեանքի սկզբնաւորութեան ճաշակած բոլոր դժխեմ պայմաններուն, հալածանքներուն եւ արհաւիրքներուն: Բոլոր ճիգերը իրենց մէջ ոչնչացնելու համար ապրելու այդ տենչը, այդ կա՛մքը, ի դերեւ էին ելած:
Մեր այս երէց ազգակիցներուն մահը սգալու ժամանակ մենք պարտաւոր ենք նաեւ առաջին հերթին տօնե՛լ, տօնակատարե՛լ մահուան դէմ տարուած` իրենց կեանքի այս յաղթանակը, պարզապէս կեանքի՛ յաղթանակը: Այլ խօսքով` զոհի՛ն յաղթանակը դահիճին դէմ:
Սակայն կայ աւելին: Նոյնքան, եթէ ոչ աւելի կարեւոր յաղթանակը` Քնար մօրաքին ու իր ճակատագրակիցներուն կեանքի որակն էր: Տեղահան ու հալածական, անոնք երկար չապրեցան թշուառութեան մէջ: Շուտով, շատ շուտով անոնք իրենց նոր բնակավայրերուն մէջ կրցան իրենց ապրելու ու մարդավարի՛ ապրելու տենչով եւ յամառ աշխատանքով տանելի, նոյնիսկ նախանձելի պայմաններ ստեղծել նախ իրենց, ապա նաեւ իրենց յաջորդ սերունդներուն համար:
Վերջապէս կայ երրորդ ու ամէնէն կարեւոր յաղթանակը: Հա՛յ ապրելու, հայօրէ՛ն ապրելու, հայութեա՛ն համար ու հայութեա՛մբ ապրելու իրենց նպատակադրումն էր, զոր անոնք յաջողութեամբ գլուխ հանեցին ամէնէն աննպաստ պայմաններուն մէջ իսկ: Թշնամին չէր ուզած, որ անոնք ապրին, մանաւանդ իբրեւ հայ ապրին: Անոնք մերժեցին թշնամիին այդ վճիռը: Իւրաքանչիւրը անհատաբար` սեփական ուժերով, բայց մանաւանդ միասնաբար` հաւաքական ուժերով անոնք կերտիչները եղան սփիւռքահայ մեր կեանքին ու իր կռուաններուն: Այս եւս պէտք է յիշենք ու չմոռնանք ամէն անգամ, որ այս հեռաւոր ափերուն ցուրտ հողին (այո՛, ամէնէն տաք կլիմաներուն ներքեւ իսկ օտա՛ր ցուրտ հողին) կը յանձնենք մեզմէ բաժնուող այս սիրելիներէն մէկն ու մէկը:
– Ես ո՞վ եմ որ ինձմով այդքան կը հետաքրքրուիք, հարց կու տար ան յաճախ կատարեալ համեստութեամբ, երբ նոյնիսկ տեղական թերթերն ու լրատուները կ՛ուզէին զինք տեսնել, հարցազրոյց ունենալ, գրել ու պատմել իր մասին:
Չէ՞ որ ան իր պարտականութիւնը կը համարէր ապրիլ 24-ի բողոքի ցոյցերուն, անգամ երկու տարի առաջ` հարիւրամեակին առթիւ, ներկա՛յ ըլլալ եւ անխօս, լուռ, միայն իր այդ ներկայութեամբ իսկ փոխանցել իր պատգամը ե՛ւ աշխարհին, ե՛ւ թշնամիին, ե՛ւ հայութեան, նաեւ իր զաւակներուն, թոռներուն ու ծոռերուն: Իր մահուան առթիւ «Քնար մօրաքը իմ հերոսուհիս է» կը յայտարարէր ի՛մ թոռնուհին Դիմատետրի իր էջին վրայ:
Քնարը իր ապրած օրինակելի կեանքով խորհրդանիշ մը եղաւ բոլորիս համար, ներշնչման աղբիւր մը:
Քնար Եմենիճեանի նստասենեակի պատէն կախուած էր իր ծննդավայր Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ նկարը: Վաղամեռիկ հարսն էր զայն նուիրած իրեն, երբ Հրայր Բազէի հաւաքածոյին մէջ զայն գտած էր, կամ թերեւս ալ յատուկ խնդրած լուսանկարիչէն, որ իր ճամբուն վրայ չմոռնայ նաեւ անո՛ր լուսանկարը քաշել: Քնար ժամերո՜վ կը դիտէր այդ նկարը ու մտքով կը վերադառնար իր տունը, որ այդ եկեղեցիին շուքին կը գտնուէր: Առանց այդ լուսանկարին ալ Քնար զայն միշտ տեսած էր իր յիշողութեան աչքերով: Եկեղեցին կը խորհրդանշէր իր հայրենի տունը, քաղաքը, իր հայրենի՛քը, որմէ ֆիզիքապէս զրկուած էր, բայց որուն հոգեպէս կը մնար կապուած:
Կնոջս` Նազիկին ընտանեկան ժառանգութեան մէջ կայ հի՜ն մատանի մը, յայտնի չէ` արծաթ է թէ հասարակ մետաղներու պարզ խառնուրդ մը: Լայն ու կոշտ մատանի մըն է, զոր Քնարին հայրը` Արշակը շինել տուած էր 1915-ին կամ այդ օրերուն: Արաբական տառերով գրուած է վրան` «պու տայ կեչեր, եահօ», որ թարգմանի` «Այս ալ կ՛անցնի, Աստուած իմ»: Արշակ զայն կը կրէր, որպէսզի չկորսնցնէ հաւատքը, յոյսը, ապրելու կամքը:
Ահա այդ հաւատքին, յոյսին ու կամքին կրողն էր եւ իր անդրանիկ դուստրը` Քնարը:
Հիմա կը մնայ, որ մենք ալ` վերապրողներուն շառաւիղներս, այսինքն նոյնպէս վերապրողներս, շարունակենք ապրիլ այդ հաւատքով, յոյսով ու կամքով: