09 Şubat 2017
Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւններոո համակարգող խորհուրդի տարեկան ճաշկերոյթի ընթացքին Փարիզի քաղաքապետ Անն Իտալկոն իր աջակցութիւնը յայտնած է Հայաստանի բոլոր բարեկամներուն, որոնք վտանգուած են աշխարհի մէջ:
Ինչպէս կը հաղորդէ Nouvelles d’Armenie-ն, այս առնչութեամբ Փարիզի քաղաքապետը յայտարարած է, որ կը պատրաստուի քաղաքի մետալը յանձնելու Թուրքիոյ խորհրդարանի հայ պատգամաւոր Կարօ Փայլանին:
Իր ելոյթին մէջ Իտալկոն անդրադարձած է նաեւ Երեւան կատարած իր այցին: «Շատ քիչ կը պատահի, որ մէկ այլ քաղաքի մէջ նման յստակութեամբ նոյնական մշակոյթի զգացողութիւն ունենամ»,- նշած է Իտալկոն: Ան միաժամանակ շեշտած է, որ ցնցուած էր Երեւանի արդիականութեամբ, մասնաւորապէս ԹՈՒՄՕ կատարած իր այցէն: «Երբ մեկնեցայ կը մտածէի, թէ ինչ կրնայ Փարիզը տալ Երեւանին, վերադառնալու ատեն կը մտածէի, թէ ինչպէս կրնայ Երեւանը իր նորարարական գաղափարները փոխանցել Փարիզին»,- ամփոփած է Անն Իտալկոն: