12 Ocak 2017
Աւանդոյթի համաձայն` աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ Յունուար 13 լոյս 14-ին կը նշուի Հուլեան` հին տոմարով Նոր Տարին: Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ համար Յունուար 13-ի խորհուրդին, կարեւորութեան եւ նշանակութեան մասին լրագրողներու հետ այսօր կայացած հանդիպման մը ընթացքին, զրուցած է Արարատեան Հայրապետական թեմի Արաբկիր համայնքի հոգեւոր հովիւ Տէր Բաբգէն քահանայ Հայրապետեան: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
«Հին տոմարով Նոր տարին Հայ Առաքելական եկեղեցին կը տօնէ իբրեւ Տիրոջ անուանակոչութեան օր»,- նշած է հոգեւոր հովիւը:
Տէր Բաբգէն քահանայ Հայրապետեանի խօսքով` Յունուար 13-ին Հայաստանի բոլոր եկեղեցիներուն մէջ կը մատուցուի սուրբ պատարագ:
«Անիկա անուանակոչութեան տօն է, երբ կը փառաբանուի Յիսուսը»,- ըսած է քահանան:
Հայրապետեան ընդգծած է, որ նախապէս հայերը հին տոմարով Նոր Տարին չեն նշած, եւ ցանկալի է, որ հանրութիւնը, որ ամսու 13-ին աշխոյժօրէն կ՝այցելէ եկեղեցի, գիտակից ըլլայ եւ իմանայ, որ Առաքելական Եկեղեցւոյ զաւակները յունուարի 13ը տօնում են վերածնուելու, նորովի աշխարհն ընկալելու, երջանիկ ըլլալու, Փրկիչին մօտ ըլլալու համար:
«Կը ցանկանամ, որ ամէն Նոր տարուան մենք աւելի շատ մտածենք մեր հոգեւոր զարգացման, հոգեւոր արժէքներու մասին եւ մասնակցինք սուրբ պատարագին, մկրտութեան»,- շեշտած է Տէր Բաբգէն քահանայ Հայրապետեան:
Նշենք, որ Յունուար 13-ը համարժէք է Դեկտեմբեր 31-ին: Յուլիոս կայսեր սահմանած Հուլեան տոմարէն ետք, նոր` Գրիգորեան տոմարը, հաստատուած է 1582 Հոկտեմբերին: Հռոմի Գրիգոր 13-րդ պապը նկատած է, որ Հուլեան (հին) տոմարը մինչեւ 16-րդ դարը տուած է 10 օրուան տարբերութիւն: Այդ տարբերութիւնը յայտնի դարձած է գարնանային գիշերահաւասարէն: Գրիգոր 13րդ պապը՝ հմուտ աստղաբաշխներու, ժամանակի յայտնի աստղագէտներու եւ մաթեմատիկոսներու օգնութեամբ հաստատած է նոր տոմարը: