12 Ocak 2017
«Պի.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփ «վհուկներու քաղաքական որս» նկատած է ամերիկեան լրատուամիջոցներու այն հաղորդումները, թէ Ռուսիոյ գաղտնի սպասարկութիւնները ձեռք բերած են նիւթեր, որոնք կը վարկաբեկեն զինք:
Ամերիկեան քանի մը հրատարակութիւններ` վկայակոչելով անանուն պաշտօնատարներ, հաղորդած էին, որ անցեալ շաբաթ ամերիկեան գաղտնի սպասարկութիւնները Թրամփին յանձնած են անոր մասին չհաստատուած եւ վարկաբեկող նիւթեր, որոնք իբրեւ թէ Ռուսիան ձեռք ձգած է:
Թրամփ` չնշելով այդ յօդուածները, «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է. «Մտացածին նորութիւններ. վհուկներու ընդհանուր քաղաքական որս»:
Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով իր կարգին յայտնեց, որ Քրեմլին Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահը կամ նախագահութեան դեմոկրատական թեկնածու Հիլըրի Քլինթընը շանթաժի ենթարկելու որեւէ տեղեկութիւն չունի:
Ան շեշտեց, որ Ռուսիա այդ գործելաոճը չորդեգրեր` աւելցնելով, որ այդ «սուտ» պնդումներուն նպատակը Ուաշինկթընի հետ յարաբերութիւններուն վնասելն է:
Միւս կողմէ, «Տեմոքրաթհապեր» հաղորդեց, որ Թուրքիոյ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանատունը հերքած է Միացեալ Նահանգներու կողմէ Թուրքիոյ դէմ գործուած համացանցային յարձակումներուն մասին մեղադրանքները:
Թուրքիոյ ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարար Պերաթ Ալպայրաք յայտարարած էր, որ Պոլսոյ մէջ արձանագրուած ելեկտրականութեան անջատումներուն պատճառները Միացեալ Նահանգներէն եկող համացանցային յարձակումներն են:
Ի պատասխան այդ յայտարարութիւններուն, դեսպանատունը յայտնած է, որ ատիկա իրականութեան չի համապատասխաներ: «Միացեալ Նահանգներու եւ Թուրքիոյ միջեւ համացանցային յանցագործութիւններու դէմ պայքարի հարցին մէջ ամուր համագործակցութիւն կայ», նշած է դեսպանատունը` աւելցնելով, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են Թուրքիոյ հետ շարունակելու համացանցային յարձակումներու դէմ միացեալ պայքարը: