Երեք Լիբանանցիներ Զոհ Գացին Պոլսոյ Ահաբեկչական Գործողութեան - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Շառաւիղեալ

Հայերէն :

04 Ocak 2017  

Երեք Լիբանանցիներ Զոհ Գացին Պոլսոյ Ահաբեկչական Գործողութեան -

Երեք Լիբանանցիներ Զոհ Գացին Պոլսոյ Ահաբեկչական Գործողութեան Երեք Լիբանանցիներ Զոհ Գացին Պոլսոյ Ահաբեկչական Գործողութեան

Նոր տարուան գիշերը Պոլսոյ «Ռենա» գիշերային ակումբին մէջ արձանագրուած ահաբեկչական գործողութեան զոհերուն շարքին ինկան նաեւ երեք լիբանանցիներ` Էլիաս Ուարտինի (26 տարեկան), Ռիթա Շամի (26 տարեկան) եւ Հայքալ Մսալլեմ (34 տարեկան), ինչպէս նաեւ վիրաւորուեցան վեց ուրիշներ` Նիտալ Պշրրաուի, Ֆրանսուա Ասմար, Նասեր Պշարա, Մելիսա Փափալարտօ, Ժիհատ Ապտել Խալեք եւ Պուշրա Տուէյհի, որ Մէկ եւ միացեալ Լիբանան պլոքի անդամ երեսփոխան Ըսթֆեն Տուէյհիի դուստրն է:

Ահաբեկիչներ արտադրող երկրին` Թուրքիոյ սրտին մէջ Նոր տարին դիմաւորելու ուղղուած լիբանանցի երիտասարդներէն ոմանք Լիբանան վերադարձան դագաղներու մէջ, իսկ ուրիշներ` վիրաւորուած:

2017-ի առաջին օրէն իսկ լիբանանեան պետութիւնը իր բոլոր կարողութիւններով զգաստ մնաց օժանդակելու Պոլսոյ մէջ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած իր քաղաքացիներուն եւ անյապաղ զանոնք փոխադրելու Լիբանան:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն դատապարտեց Պոլսոյ գիշերային ակումբներէն մէկը հարուածած ահաբեկչութիւնը:

Նախագահ Աուն Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանին յղեց ցաւակցագիր մը, որուն մէջ շեշտեց, որ ահաբեկչական այդ գործողութիւնը կը փաստէ, թէ բոլոր երկիրները պէտք է միասնաբար պայքարին ահաբեկչութեան դէմ:

Նախագահ Աուն մօտէն հետեւեցաւ Պոլսոյ մէջ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած լիբանանցի պարագաներուն` Թուրքիոյ մէջ գտնուող լիբանանեան հիւպատոսարանին հետ կապի մէջ մնալով: Ան կառավարութեան ու համապատասխան նախարարութիւններուն ցուցմունքներ տուաւ` հետեւելու լիբանանցի քաղաքացիներուն կացութեան ու պետութեան կարողութիւնները ի սպաս դնելու անոնց ծառայութեան:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին հետեւեցաւ Պոլսոյ ահաբեկչութեան թիրախ դարձած լիբանանցիներուն թղթածրարին:

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ դէպքին առաջին վայրկեաններէն իսկ կապ հաստատեց Թուրքիոյ մէջ Լիբանանի հիւպատոս Հանի Շմայթլիի հետ:

Իր կարգին, վարչապետ Սաատ Հարիրի շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ վիրաւոր լիբանանցիները վերադարձնելու Լիբանան եւ անոնց բժշկական խնամք տրամադրելու:ոյ մէջ արիւնահեղութիւնը կասեցնելու իմաստով Ռուսիոյ զօրակցող Թուրքիոյ դէմ ուղղուած պատգամ մըն է:

Հարիրի շեշտեց, որ ահաբեկչութիւնը ոչ մէկ կրօնի կը պատկանի, ո՛չ ալ իսլամութեան հետեւանք է: «Ամէն գնով պիտի պայքարինք ահաբեկիչներուն եւ ահաբեկչութեան դէմ` զօրակցելով լիբանանեան բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանան ամէն ձեւերով հոգ պիտի տանի իր քաղաքացիներուն:

Հարիրի շեշտեց, որ նախագահ Աուն թելադրած է ճիգ չխնայել զոհերն ու վիրաւորները փոխադրելու Լիբանան:

Այս նպատակով արտաքին գործոց նախարարութիւնը Պոլիս ուղարկեց լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութիւն մը, որ Թուրքիոյ լիբանանեան հիւպատոսութեան ցուցմունքներուն հետեւելով այցելեց հիւանդանոցը գտնուող լիբանանցի վիրաւորներուն:

Միւս կողմէ, հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս «Միտըլ Իսթ» օդանաւային ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Հութին թելադրեց, որ Թուրքիա ուղղուող օդանաւերուն պարագային նախապատուութիւն տայ «Ռենա»-ի ահաբեկչութեան զոհ գացած լիբանանցիներուն ընտանեկան պարագաներուն եւ անոնց տրամադրէ ճամբորդութեան ձրի տոմսեր, որպէսզի կարենան ուղղուիլ Թուրքիա եւ իրենց հարազատներուն մօտ ըլլան:

«Միտըլ Իսթ» ընկերութիւնը անմիջապէս ընդառաջեց նախարարին կոչին եւ կոչ ուղղեց «Ռենա»-ի դէպքին պատճառով տուժած լիբանանցիներու ընտանիքներուն պարզապէս իրենց անցագիրներով ուղղուելու Պէյրութի միջազգային օդակայան:

Ֆընիանոս յայտնեց, որ «Միտըլ Իսթ»-ի երկրորդ օդանաւ մը եւս պիտի տրամադրուի լիբանանցի զոհերու եւ վիրաւորներու ընտանիքներուն` աւելցնելով, որ ընտանիքներուն պիտի ընկերակցի նաեւ լիբանանցի բժիշկներու եւ հիւանդապահներու պատուիրակութիւն մը, ինչպէս նաեւ Աղէտներուն անսալու գերագոյն խորհուրդի պատասխանատուներ, որոնց շարքին` հազարապետ-զօրավար Մոհամետ Խէյր:

Խէյր հաստատեց, որ թրքական իշխանութիւններուն հետ գործակցութիւնը հեզասահ եղած է` զոհերն ու վիրաւորները Լիբանան փոխադրելու առումով:

Ան աւելցուց, որ Պուշրա Տուէյհի պիտի մնայ Պոլսոյ մէջ, ուր ան տակաւին կարիքը ունի հիւանդանոցային խնամքի:

Երկուշաբթի գիշեր ժամը 8:30-ին, «Միտըլ Իսթ»-ի օդանաւ մը Լիբանան վերադարձուց Էլիաս Ուարտինիի, Ռիթա Շամիի եւ Հայքալ Մսալլեմի դագաղները, ինչպէս նաեւ վիրաւորներ Նիտալ Պշրրաուին, Ֆրանսուա Ասմարը, Նասեր Պշարան, Մելիսա Փափալարտոն եւ Ժիհատ Ապտել Խալեքը: Իսկ Պուշրա Տուէյհի մնաց Թուրքիոյ մէջ, սակայն բժիշկները հաստատեցին, որ անոր առողջական վիճակը կայուն է:

Խէյր հաւանական նկատեց, որ Պուշրա Տուէյհի 48 ժամ ետք վերադառնայ Լիբանան` աւելցնելով, որ լիբանանեան պետութիւնը կազմ ու պատրաստ է զայն փոխադրելու Պէյրութ:

Պէյրութի միջազգային օդակայանին մէջ լիբանանցի զոհերն ու վիրաւորները արժանացան պաշտօնական եւ ժողովրդային դիմաւորումի:

Վարչապետ Հարիրի, նախարարներ Ժըպրան Պասիլ, Նուհատ Մաշնուք, Թարեք Խաթիպ, Միշել Ֆարաոն, Եուսեֆ Ֆընիանոս, երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ եւ հոգեւորականներ դիմաւորեցին լիբանանեան դրօշով ծածկուած երեք դագաղները, ինչպէս նաեւ այցելեցին օդանաւին մէջ գտնուող հինգ վիրաւորները:

Պէյրութի միջազգային օդակայանէն կատարած իր յայտարարութեան մէջ Հարիրի շեշտեց, որ ինք կը ներկայացնէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունը եւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրին: «Մենք` իբրեւ պետութիւն, պարտականութիւն ունինք ծառայելու լիբանանցի քաղաքացիներուն», շեշտեց ան:

Հարիրի վերահաստատեց, որ ահաբեկչութիւնը կրօն չունի եւ անիկա բոլորը թիրախ կը դարձնէ: «Մենք ահաբեկչութեան դէմ պիտի պայքարինք մեր ամէնէն հզօր զէնքով` ազգային միասնականութեամբ», ըսաւ ան:

Հարիրի իր, նախագահ Աունի եւ Պըրրիի անունով ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանցիներուն` կոչ ուղղելով բոլորին աղօթելու զոհերուն հոգիներուն համար:

Առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանիի թելադրանքով, վիրաւորներուն բուժման ծախսը ստանձնեց առողջապահութեան նախարարութիւնը, որուն որոշումով զոհերուն դիակները փոխադրուեցան «Օթել Տիէօ» հիւանդանոց, իսկ վիրաւորները` Պէյրութի ամերիկեան, Ռըզք եւ Սեն Ժորժ հիւանդանոցներ:

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը դատապարտեց Պոլիսը հարուածած ահաբեկչական գործողութիւնը` ցաւակցութիւն յայտնելով զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Ռայի պատրիարքը ողջունեց լիբանանեան պետութիւնը, յատկապէս նախագահ Աունը, վարչապետ Հարիրին եւ նախարար Պասիլը, որոնք պետութեան կարողութիւնները ի սպաս դրին քաղաքացիներուն ծառայութեան:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի մաղթեց, որ լսատեսողական լրատուամիջոցները յարգեն զոհերուն ընտանիքներուն սուգի եւ ցաւի պահերը` առանց այդ պահերը ուղղակի կերպով սփռելու պատկերասփիւռի կայաններէն:

Ան շեշտեց, որ ինք լրագրողները չի քննադատեր, որովհետեւ անոնք իրենց պարտականութիւնն է, որ կը կատարեն, բայց եւ այնպէս զոհերուն ընտանիքներուն լաց ու կոծը սփռելը ընդվզեցուցիչ է, որովհետեւ անձնականութիւնը կը խզէ:

«Կան տեղեկատուութեան կապուած կենցաղավարական կանոններ, որոնց մասին պիտի պատրաստուի օրինագիծ մը եւ ներկայացուի խորհրդարանին: Խորհրդարանին կողմէ այդ օրինագիծին վաւերացումէն ետք, այդ օրէնքը պիտի գործադրուի ամբողջ տեղեկատուութեան մարզին կողմէ», շեշտեց Ռիաշի:

Երեքշաբթի, 3 Յունուար 2017

Գիշեր մը առաջ Լիբանան հասած լիբանանցի զոհերէն երկուքը երէկ յանձնուեցան հողին:

Էլիաս Ուարտինիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը կատարուեցաւ Սայիտաթ Տուխուլ եկեղեցւոյ մէջ, ներկայութեամբ` իշխանութեան երեք պետերուն ներկայացուցիչին` պետական նախարար Նիքոլա Թուէյնիի:

Յուղարկաւորութեան արարողութեան նախագահեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսը, որ շեշտեց, թէ Էլիաս Ուարտինի չէ մահացած, որովհետեւ ան Յիսուս Քրիստոսը կը սիրէր:

Հայքալ Մսալլեմի յուղարկաւորութիւնը կատարուեցաւ Պիրէ գիւղաքաղաքին մէջ. անոր յուղարկաւորութեան նախագահեց մարոնի համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Պուլոս Մաթար եպիսկոպոսը, որ յայտնեց, թէ քաղաքակրթութիւնը այլոց հետ գոյակցելու իրականութեան մէջ է եւ ոչ թէ ուրիշին սպանութեան:

Հայքալ Մսալլեմի յուղարկաւորութեան իշխանութեան երեք պետերը ներկայացուեցան նախարար Ղաթթաս Խուրիի ներկայութեամբ:

Ռիթա Շամիի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի վաղը` հինգշաբթի, 5 յունուարին, Պէյրութի յոյն կաթողիկէ համայնքի առաջնորդարանին մէջ:

Վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-էն 3:00 մէկ ժամուան համար ընդհանուր սուգ յայտարարեց` Պոլսոյ մէջ զոհուած լիբանանցիներուն համար, մասնակից դառնալու անոնց մահուան սուգին:

Միւս կողմէ, Հարիրի վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Չաղաթայ Էրճիյէշը, որ յայտնեց, թէ Հարիրիին յանձնած է Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմէն նամակ մը, որուն մէջ նշուած էր, թէ թրքական ապահովական իշխանութիւնները եւ ոստիկանութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնեն ձերբակալելու համար այդ անարգ ոճիրը գործող ահաբեկիչները:

Էրճիյէշ յայտնեց, որ եթէ նոր տեղեկութիւններ բացայայտուին, ապա թրքական իշխանութիւնները զանոնք պիտի բաժնեկցին լիբանանեան իշխանութիւններուն հետ: «Թուրքիա պիտի շարունակէ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարը եւ այդ շրջագիծին մէջ ան կարիքը ունի միջազգային ընտանիքին օժանդակութեան», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի երէկ այցելեց Պոլսոյ ահաբեկչական յարձակումին ընթացքին վիրաւորուած լիբանանցիներուն` նշելով, որ լիբանանցիները պէտք է զգաստ ըլլան, որովհետեւ ահաբեկչութիւնը ամէնուրեք ներկայ է եւ ոչ ոք կը խնայէ:

Դատապարտումի Ալիք

Հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոս յայտնեց, որ լիբանանեան պետութեան բոլոր մասնիկներուն գործակցութեան շնորհիւ է, որ կարելի եղաւ շուտով օգնութեան հասնիլ Թուրքիոյ մէջ տուժած լիբանանցիներուն:

Ֆընիանոս հաստատեց, որ այդ իմաստով յառաջացած աղէտի բջիջը ամէն ջանք ի գործ դրած է` ծառայելու համար լիբանանցիներուն:

«Լիբանան այսօր կը գտնուի ազգային յուղարկաւորութեան դիմաց, եւ այս պայմաններուն ներքեւ կարելի չէ քաղաքականութեան մասին խօսիլ, այլ` պէտք է կեդրոնանալ հաւատադրժողական ահաբեկչութեան վրայ», ըսաւ ան:

Ֆընիանոս ընդգծեց լիբանանեան բանակին, լիբանանցիներուն եւ Դիմադրութեան միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը: Ան մաղթեց, որ ահաբեկիչներուն դիմաց իրենց երկիրները իբրեւ անցք ծառայեցնող պետութիւնները վերջ տան այդ ընթացքին:

Նախկին երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ յայտնեց, որ Պոլսոյ ահաբեկչական յարձակումին պատասխանատուն նախ եւ առաջ թրքական պետութիւնն է, որովհետեւ ան իր երկրին ապահովական կայունութիւնը հաստատելու իմաստով մեծ բացթողումներ կ՛արձանագրէ` աւելցնելով, որ Թուրքիոյ մէջ Ռուսիոյ դեսպանին ահաբեկումը լաւագոյն փաստն է այդ իրականութեան:

«Թրքական պետութիւնը պատասխանատու է նաեւ այն առումով, որ ան ուղղակիօրէն կը զօրակցի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն եւ իր հողերը վերածած է ահաբեկիչներ առաքելու անցքերու: Սուրիոյ պատերազմին մէջ Թուրքիոյ դերակատարութիւնը այժմ իր դէմ կ՛արտացոլայ: Սուրիան ահաբեկչական գործողութիւններու թատերաբեմի վերածած Թուրքիան այսօր իր կարգին ահաբեկչութեան թատերաբեմ դարձած է: Հետեւաբար ան ուղղակիօրէն պատասխանատու է Նոր տարուան գիշերը արձանագրուած բոլոր զոհերուն: Այս ահաբեկչութեան հօր ու մօր, եւ ընտանիքին ինքնութիւնը յստակ է, եւ Թուրքիա անոնց շարքին է, որովհետեւ անիկա ահաբեկչութիւնը զինած է, ֆինանսաւորած ու անոր փոխադրութեան անցքեր ապահոված», շեշտեց Լահուտ:

Ան նշեց, որ մինչ Թուրքիա կը տառապի ապահովական ապակայունութենէ, Լիբանան կը վայելէ ապահովական բացառիկ կայունութիւն մը, որ յատկապէս դրսեւորուեցաւ Նոր տարուան գիշերը` շնորհիւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն զոհողութիւններուն:

Ան բարձր գնահատեց նաեւ Դիմադրութեան դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովութիւնը պահպանելու առումով:

«Զոհուածի եւ վիրաւորի կարգավիճակին մէջ լիբանանցիներուն տունդարձը պէտք չէ կրկնուի: Այս իրականութիւնը կ՛ենթադրէ նաեւ, որ լիբանանեան պետութիւնը արգիլէ իր քաղաքացիներուն Թուրքիա այցելութիւնը, այնքան ատեն որ Թուրքիոյ ստեղծած ահաբեկչութիւնը կը շարունակէ գործել իր ոճիրները, որոնց դէմ կարելի չէ յայտարարութիւններով կամ ինքզինք չէզոք պահելով պայքարիլ, այլեւ` գետնի վրայ», հաստատեց Լահուտ:

Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ ցաւակցութիւն յայտնեց լիբանանցի զոհերուն ընտանիքներուն եւ ապաքինում` վիրաւորներուն, շեշտելով, որ ահաբեկչութեան դէմ մղուելիք պատերազմը երկար է:

Լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի շեշտեց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը իր զինուորական եւ ապահովական թեւերուն կողքին, կ՛ենթադրէ նաեւ ահաբեկչութեան գաղափարաբանութեան դէմ պայքար:

Ժողովրդային պլոքի նախագահ Միրիամ Սքաֆ յայտնեց, որ Պոլսոյ մէջ կատարուած յարձակումը դարձեալ կը փաստէ, որ ահաբեկչութիւնը սահմաններ չունի:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+