Ազատը Ո՞վ Է, Կեաւուրը` Ո՛վ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Լուսափայլ

Հայերէն :

04 Ocak 2017  

Ազատը Ո՞վ Է, Կեաւուրը` Ո՛վ -

Ազատը Ո՞վ Է, Կեաւուրը` Ո՛վ Ազատը Ո՞վ Է, Կեաւուրը` Ո՛վ

Վարչապետին փոխը, որ իրականութեան մէջ փոխին փոխն է, քանի որ վարչապետն ալ նախագահին փոխն է ժամանակակից Թուրքիոյ մէջ, նոր սահմանում մը գծած է անկախութեան գաղափարին համար:

«Անկախութեան նիւթին լրջօրէն պէտք է վերաբերինք: Մեզի համար անկախութիւնը կեաւուրին կեաւուր ըսել ու անոր դիմադրել կը նշանակէ»: Ճի՛շդ այդպէս: Ուրեմն Թրքական Հանրապետութիւնը 93-ամեայ պատմութեան մը աւարտին պիտի հասնէր ու կանգ առնէր կէտի մը, զոր Օսմանեան կայսրութիւնը լքած էր աւելի քան 180 տարի առաջ` Թանզիմաթէն անմիջապէս ետք յայտարարելով, թէ «օսմանեան երկրին մէջ այլեւս կեաւուրին կեաւուր պիտի չըսուի»:

Կեաւուրը բառարաններէն դուրս ինկած բառ մըն է վաղուց: Բացատրութիւն մը չունի, գոնէ ես չեմ հասկնար, թէ ինչ ըսել կ՛ուզուի այդ արտայայտութեամբ, սակայն Թուրքիոյ ճնշող մեծամասնութիւնը, որ խեղճութեամբ կը տապլտկի տակաւին կրօնական անիմաստ մոլեռանդութեան մը մէջ, կեաւուրով կը հիւսէ պատնէշը իր ու աշխարհի մնացեալին միջեւ: Երկրին նախագահը զրադաշտականութեամբ «կը մեղադրէ» քրտական շարժման առաջնորդները, որպէսզի պատնէշ մը դնէ անոնց ու հաւատացեալ քիւրտերուն միջեւ ու իր կողմը գրաւէ վերջիններս: Այսինքն կեաւուր ըսելու այլ ձեւ մը գտած է: Կամ հաշհաշի կը կոչէ բոլոր անոնք, որոնք իր պատկերացուցած մահմետականութենէն դուրս կը մնան. հաշհաշի են, օրինակ, կիւլենականները: Իր ու իր նման մոլեռանդներուն պատկերացուցած աշխարհը հաւատացեալի ու անհաւատի բեւեռացում մըն է: Դեռ քանի մը օր առաջ, համալսարանի մը նոր մասնաշէնքի բացման արարողութեան ժամանակ, հետեւեալը յայտարարեց նախագահը. «Մեր ցաւն ու սէրը իսլամն է: Մեզի համար կարեւորագոյն պարագան ճշմարտութիւնը բացայայտող իսլամական կրօնն է»: Կարդացիք յայտարարութիւնը անձի մը, որ ամբողջ օրը Եւրոպան կը բնորոշէ որպէս քրիստոնեաներու միութիւն, քրիստոնէական ակումբ:

Փոխին փոխը` «Մեզի համար անկախութիւնը կեաւուրին կեաւուր ըսել ու իրեն դիմադրել կը նշանակէ»:

Իսկ հարիւրաւոր լրագրողներ բանտարկող, լեզուաբաններ ու արձակագիրներ ազատազրկող պետական համակարգ մը քննադատելը անկախութիւն-ազատութիւն կը նշանակէ՞, յարգելի փոխին փոխ:

Իսկ զինք քննադատողները, զինք երգիծանկարի վերածողները բանտարկողը միթէ անկախութիւն կամ ազատութիւն կը շնորհէ՞ իր ընդդիմադիրներուն:

Իսկ եթէ ձեր ըսած կեաւուրն ենք ու ձեր պաշտած աստուածները չենք ընդունիր, մնաց որ, ո՛չ մէկ աստուած կ՛ընդունինք, ո՛չ մէկ տաճար, ո՛չ մէկ մզկիթ, ո՛չ մէկ եկեղեցի կամ սինակոկ, որոնք մշակութային հարստութիւն են սոսկ մեզի համար, ճարտարապետական կոթողներ, ո՛չ մէկ գերբնական ուժ, ո՛չ մէկ կրօն, որ ազգագրական երեւոյթ մըն է, մշակութաբանական ուսումնասիրութեան առարկայ մը միայն, ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր վիճակը, պիտի զրկուի՞նք անկախութենէն, յարգելի՛ փոխին փոխ: Ձեր մոլեռանդ հասարակութեան թիրա՞խը պիտի դառնանք: Մեզի՞ կ՛ուղղէք մարդոց բարկութիւնն ու ատելութիւնը:

Իսկ, սիրելի՛ փոխին փոխ, ո՞ւր դնել այն անձերը, որոնք մարդիկը կրօնական անիմաստութենէն փրկելու, զանոնք կրօնի շահագործումէն ազատագրելու մէջ կը տեսնեն իրենց առաքելութիւնը: Դուք` ձեր կրօնապաշտ կուսակցութիւնը, տակաւին վերջերս փաստեցիք, որ կրթութիւնն ու գիտութիւնը կարեւոր են այնքան ժամանակ, երբ տգիտութիւնը կը խորացնեն: Խեղճ աշակերտուհիներ կրօնական միաբանութեան մը հանրակացարանին մէջ հրոյ ճարակ երբ կը դառնային անցեալ շաբաթ, դուք նոյն օրը, նոյն քաղաքին մէջ, հրկիզեալ հանրակացարանէն հազիւ քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, միւֆթիի փառահեղ շէնքի մը բացումը կը կատարէիք:

Ո՞վ է ազատն ու անկախը, փոխին փոխ: Ա՞ն, որ աշխատավարձ կը ստանայ, նուիրատուութիւն կը ստանայ, չի՛ բաւեր, կաշառք կը ստանայ, խաչագողութիւն կ՛ընէ, եկեղեցական իրեր կը վաճառէ, ազգային հարստութիւն կը կողոպտէ, մարդիկը կը շահագործէ, կը կեղծէ, հարուստին պնակը կը լիզէ քանի մը ղրուշ աւելին շահելու համար, խորաններուն վրայ, մզկիթներուն մէջ քարոզ կը խօսի ու մարդիկը իրարու կը թշնամացնէ, ի մի բան կեաւուրը կեաւուր կը կոչէ 24 ժամ: Այս մա՞րդն է անկախութիւնն ու ազատութիւնը վայելողը:

Հապա անո՞նք, զորս դուք` ձեր կառավարութիւնը, ձեր մոլլաները, իմամները, կաթողիկոսները, պատրիարքները, տէրտէրները մահուան կ՛ուղարկէք այլ մարդիկը սպաննելու պարագային անոնց դրախտ խոստանալով, նահատակութեան բաժակ-մարտիրոսի պսակ կը խոստանաք անոնց, եւ դեռ, երկրին սիրտը կ՛ուղարկէք զանոնք` հանք փորելու համար ու անոնց լոյս աշխարհ հանած ոսկիներով, արծաթներով ձեր պալատները, ձեր կաթողիկոսարանները, ձեր օրինաւոր ու ապօրէն կիներուն լանջերը կը զարդարէք: Հապա անո՞նք…Անկախութիւնն ու ազատութիւնը նաեւ իրե՞նց կը վերաբերի:

Փոխին փոխին շնորհակալ եմ, որ իմ անկախութիւնս ու ազատութիւնս ընդարձակեց այնքան մը, որ ուրիշները կրնամ կեաւուր կոչել: Ան, այսինքն` փոխին փոխը, քանի մը օր ետք ըրաւ նաեւ կեաւուր բառին սահմանումը: «Կեաւուրը ոչ մահմետականները անուանարկելու համար չէ գործածուած: Մեր բառապաշարին մէջ կեաւուր կոչուած են անոնք, որոնք եղած են անգութ, բռնացող, կայսերապաշտ: Անձ մը կրնայ մահմետական ըլլալ, սակայն միաժամանակ կոչուիլ կեաւուր, եթէ անգութ է, անարդար է այլոց հանդէպ»:

Ուրեմն ես կ՛ուզեմ իմ ազատութիւնս ու անկախութիւնս գործածել մինչեւ յետին կէտը եւ կեաւուր կոչել անոնք, որոնք ոստիկաններու ձեռքով սպաննուած 15-ամեայ մանուկները

յետմահու իսկ դեռ կը հալածէին, կեաւուր կոչել անոնք, որոնք հարաւարեւելեան քաղաքներու նկուղներուն մէջ մարդիկը կը հրկիզէին, զանոնք կը զրկէին իրենց կեանքէն, տունէն, զաւակներէն, կեաւուր անուանել անոնք, որոնք հիւանդկախ գրողներ կը բանտարկեն, կեաւուր կոչել անոնք, որոնք մամլոյ ազատութիւնը կը սահմանափակեն եւ կեաւուր կոչել անոնք, որոնք տակաւին կեաւուրի-իսլամի հաշիւներով կ՛առաջնորդուին…

ՍԵՒԱՆ ՏԷՅԻՐՄԵՆՃԵԱՆ





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+