Դարձեալ Ճեմարան Եւ Անպայման՝ Հալէպ - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Լուսակն

Հայերէն :

24 Aralık 2016  

Դարձեալ Ճեմարան Եւ Անպայման՝ Հալէպ -

Դարձեալ Ճեմարան Եւ Անպայման՝ Հալէպ Դարձեալ Ճեմարան Եւ Անպայման՝ Հալէպ

Կրկին անգամ այդ երեկոյ մեզ բոլորս մէկ երդիքի տակ մէկտեղողը, Հալէպի մեր Ճեմարանի երախտապարտ շրջանաւարտներով կազմուած միութիւնն էր: Ըսի՛, Ճեմարան. խօսքս Քարէն Եփփէ Ազգային Ճեմարանի մասին է: Այն՝ որ մեզի համար կեանք էր եւ պատմութիւն: Հոն էր, որ մեզի, հայերէն լեզու, գիր, գրականութիւն, պատմութիւն եւ տակաւին առողջ հայրենասիրութիւն ընծայուեցաւ: Առաւել՝ մարդակերտում, ազգային գիտակցութիւն, հայակերտում, կառչած մնալ հայրենիքին: Ու մենք իբրեւ սաներ, ընթացաւարտ կամ ոչ, այս բոլորը իրարայաջորդ տարիներով ընկալեցինք ամէնէն լրջութեամբ, իր թիթեղեայ եւ կամ քարէ երդիքներուն տակ, միաժամանակ փայփայելով մեր գունաւոր եւ անգոյն երազները:

Ահա թէ ինչպէս մենք տիրացանք հայու վերապրումի գաղտնիքին:

Ճեմարանն էր, որ նաեւ գրական ճաշակ, գրականութիւն եւ կամ այլ մասնագիտութիւն մշակել փորձող իր սաներուն, հայ միտքն ու երազը կիսեց, բաժնեց հայ գիրին ու գիտութեան բոյրերը: Ու տարիներ ետք, նոյն այդ շրջանաւարտ սերունդները ստանձնեցին Սփիւռքի զանազան գաղութներէն ներս՝ ազգային ղեկավարութիւն:

Միտքս աւելի պարզեմ: Այդ երեկոյ եկած էինք տարեկան ձեռնարկի մը մասնակից դառնալու, որ խորքին մէջ ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ աշակերտական կամ ուսանողական գեղեցիկ ու հաճելի համախմբում մը, բոլոր անոնց, որոնք Զարեհակերտ Ճեմարանը յաճախած էին ու հիմա զայն կը յիշէին երախտապարտօրէն:

Պէտք է նաեւ շեշտեմ, որ ամէն տարի, առ ի յարգանք եւ երախտագիտութիւն, նման ձեռնարկը կը նուիրուի կամ պիտակուի ոչ միայն Ճեմարանի տնօրէններէն մէկուն, այլ նաեւ առիթէն օգտուելով կը համախմբէ Քալիֆորնիաբնակ կամ ոչ, 25 կամ 50 տարիներ առաջ վարժարանի շրջանաւարտները:

Ու այսպէս, իբրեւ երախտապարտ եւ մանաւանդ աղուոր աւանդութիւն մը յարգողի նման, այդ երեկոյ ճեմարանականներս, ընդառաջելով մեր վարժարանի սիրոյն համախմբուելու ազնիւ կոչին, գեղեցիկ սրահի մը մէջ հաւաքուած էինք, կրկին անգամ իբրեւ մաքուր եւ սուրբ ուխտ՝ Ճեմարանը շնորհապարտ վերյիշելու անուշ շարականի նման:

Ըսեմ, որ դժբախտաբար ճակատագրի բերումով, կամայ եւ թէ ակամայ, գրեթէ բոլորս ալ հեռու էինք Իրմէ: Անոր համար էր, որ ամէն բան յիշատակի գեղեցկութեան նման, մշուշապատ մէջ մեր մէջ կ՚արթննար, իբրեւ բաց գիրք. անխարդախ եւ հարազատ:

Անկեղծօրէն եւ անզգալաբար բոլորս ալ ուժգնօրէն թափանցուած էինք յիշատակներով ու միաժամանակ մեր ակնարկներն ու կեանքերը Ճեմարանի կողքին կեդրոնացուցած էինք նաեւ մեր ծննդավայր Հալէպի վրայ: Զգալի էր, որ մեր հոգիներուն մէջ ստեղծուած էր անկոչ հոգեկան փոթորիկներ, իսկ մեր մտքերուն մէջ ալ՝ անօրինակ տաղտուկ:

Իւրաքանչիւր սեղան եւ կամ սեղանակից, մեր քաղաքի եւ դպրոցի մասին, խօսք մը, յուշ մը ցաւ մը ունէր արտայայտելու եւ յատկապէս անիծելու սատանային, որ այդ պատմական քաղաքն ու մեր Ճեմարանը վերածած էր մերօրեայ արիւնաքամ ռազմադաշտի մը:

Ու տարիներու հեռաւորութենէն կարօտով եւ լուսաւոր զգացումով յիշեցինք ամէն բան: Ներքին ձայներ սկսած էին անհանդարտ, վշտալի ու խռովալի սրտի նման մեզի հին եւ նոր բաներ յուշել: Թէեւ լաւատեղեակ էինք, որ ամէն մարդ իր ճակատագիրը կը ժառանգէ, սակայն այս օրերուն, հոն՝ մարդը դարձած էր մարդուն ճակատագիրը: Հոն, այդ պատմական քաղաքին մէջ ատելութիւն կար: Բացայայտ էր: Քաղաքական պատճառներու իբրեւ հարազատ արդիւնք՝ հոն մեր հայ գաղութը դատապարտուած է ամէնօրեայ մնայուն Աւարայր մղելու։

Մեր բառերուն մէջ եւ հետ կը փնտռէինք այն դէմքերն ու գոյները, որոնք մեր կեանքը առաջնորդած էին: Բոլորս ալ անխտիր մտքով «կը քալէինք» մեր ապրած թաղերէն, փողոցներէն, դասարաններէն, որոնք կար ժամանակ, նռան կուտերուն նման կը վխտային աշակերտներով, մարդոցմով: Մէկ խօսքով կեանքի ժխոռով:

«Կը քալէինք» փնտռելով նոյնիսկ մեր թաղերուն կատուները, ծառերը, կիսամութ տուները, պարտէզները, սրճարանները, մեր ուսուցիչներն ու դասարանները, քննութեան պահերը, կատակները, մեր չարութիւնները, աւելին՝ փողոցի մարդոց կանչերն ու սիրային փսփսուք-ները, տուներու տանիքներէն ու պատշգամներէն լսուող հայերէն կամ արաբերէն քաղցր երգերը, եկեղեցիներու խաչերն ու անոնց զանգակներու ղօղանչը, մզկիթներէն արձագանգող աղօթքները, գիշերային գիրուկ պահակները ու …:

Ուրախութեամբ կը վերյիշէինք: Գրեթէ խոնաւ աչքերով:


Հոն, տակաւին մօտիկ անցեալին միշտ արցունքէն աւելի ժպիտ կար, եւ ուրախութիւն՝ վիշտէն: Այդ բոլորը հոգի կը դնէին մեր ժամերուն մէջ եւ շունչ կու տային մեր առօրեային եւ աղուոր անկեղծութեամբ ու պարզութեամբ մեր կեանքը կ՚արժեւորէին: Հոն, ինչպէս սովոր է ըսել, Սփիւռքի այդ մայր գաղութին եւ անոր Ճեմարանին մէջ, անցեալ մը կար յաւերժական եւ պատմական, հայահունչ, կենսունակ, նոյնքան ալ օրինակելի ու առասպելական:

Նման մթնոլորտ ու կեանք ուրիշ տեղ կարելի չէ գտնել: Սակայն օր մըն ալ յանկարծ՝ հոն խաղաղութիւնը սուտ դարձաւ ու ամէն երազ «չորցաւ»:

Իմ կարգիս «կը քալեմ» նաեւ ես: Չէ որ ես ալ վերջապէս այդ քաղաքի հարազատ ծնունդն եմ: Զաւակը եւ կամ հազարաւոր զաւակներէն մէկը: «Կը քալեմ» քաղաքիս փողոցներէն, «կը դիտեմ» Ճեմարանս, ուսուցիչներս, ընկերներս ու հարազատներս եւ ապա մեր թաղը, մեր տունը: «Կը մտնեմ» մեր բակը ու «կը տեսնեմ» ատելութեան ծուխը, որ կը կուրցնէ աչքերս: Ինքնաբերաբար կը փակեմ աչքերս: Ու ինչ հրաշք կը տեսնեմ, որ Աստուած ինքն ալ իր աչքերը փակած է այդ ծուխէն, եւ այդ անմարդկային ամօթէն:

Ապա ինչպէս միշտ սթափելով, կարօտը սրտիս կը վերադառնամ էութեանս, հաւատալով, որ խոր ցնցումը ներսս է. ենթագիտակցութեանս մէջ: Բարդ զգացում:

Իսկ հիմա հոս, այս սրահին մէջ, Ճեմարանի սիրոյն եւ յիշատակուած տնօրէնով եւ կէս դար առաջ հոյլ մը շրջանաւարտներով շրջապատուած, բոլորս ալ մտովի կ՚ըսենք.-

-Հալէպ եւ Ճեմարան, Դո՛ւք գեղեցիկ էիք եւ այդպէս ալ կը մնաք մեզի համար, ժուժկալ ու զուսպ, հարազատ ու հայ, հիւրընկալ ու արդար: Դուք մտքի ու հոգիի հայրենիքներ ալ էիք, ու միշտ մեզի պահեցիք Արարատի յուշերով ու Սեւանի կապոյտ գոյնով: Կեանքի, հայ կեանքի ապահով պարիսպ ալ էիք: Ձեր մօտ առանց սակարկութեան նուիրուածութիւն կար: Կար նաեւ դարաւոր սէր եւ աւանդութիւն, եւ ինչու չէ նաեւ ազգային գիտակցութիւն եւ հաւատարմութիւն: Ու մենք այս զգացումը մեր հոգւոյն խորը պահած էինք ամրօրէն ու տակաւին կը պահենք: Ինչպէս կրնանք մոռնալ Ձեզ՝ երկուքդ:

Ու գրեթէ յուզուած, ես ալ մտովի կ՚աւելցնեմ.-

-Դո՛ւն, սիրելի Ճեմարանս, դուն որ շուտով 70 տարեկան պիտի դառնաս, այդ երեկոյ քու սիրոյդ եւ քեզի համար ուրախանալու եւ նոյնիսկ քեզմով ջերմանալու եկած ու հաւաքուած էինք: Հաւատա՛: Քեզ յիշեցինք՝ առատօրէն ու քաղցր: Լաւատեղեակ էինք, որ այդ անիծեալ եւ մանաւանդ ուրիշներու պատերազմը սպառնացած էր նաեւ քեզի ու նաեւ մեր գաղութի տարիներու պատմութեան էջերուն:

Գիտեմ, որ հոն տակաւին մարդիկ կան, հայ մարդիկ, որոնք կը պայքարին կեանքի այս ապերախտ պայմաններուն դէմ ու իրենց կեանքով կը փորձեն կենդանի պահել նաեւ քեզ:

Հպարտօրէն ըսեմ, որ հոս ալ մենք՝ մեր նիւթա-բարոյական օժանդակութեամբ քեզ «կը պահենք» մեր սրտերուն ու հոգիներուն մէջ, իբրեւ մեր հարազատ ու ազգային մեծ գանձ:

Ուստի, Սիրելի Ճեմարան՝ նախ ջերմ բարեւ մը քեզի եւ քու առաքելութեանդ հաւատացող-ներուն ու քեզ կանգուն պահողներուն, ու անպայման՝ շնորհակալութեան տաքուկ խօսք մը, Քալիֆորնիոյ մեր Ճեմարանականներու ընկերակցութեան:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+