24 Aralık 2016
Եւրոպական Միութենէն պաշտօնական աղբիւր մը բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին ճամբով Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը զգուշացուց Թեհրանի դէմ նոր պատժամիջոցներու հաստատման պատճառով Իրանի հիւլէական թղթածրարին վերաբերեալ համաձայնութիւնը չեղարկելէ:
«Եթէ իրանեան կողմէն մեծ տարողութեամբ գրգռութիւն մը արձանագրուի, այդ պարագային կարելի է նոր պատժամիջոցներուն զօրակցիլ», ըսաւ աղբիւրը` աւելցնելով. «Եթէ նոր պատժամիջոցները պատճառ դառնան համաձայնութեան տապալման, ապա եւրոպացիներուն մեծամասնութիւնը պիտի մեղադրէ Ամերիկան»: