Հալէպի Ազատագրումը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարողներուն Յաղթանակն Է» Ըսաւ Ասատ - Հայերէն
25 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ցրօն / Ժամ : Այգ

Հայերէն :

24 Aralık 2016  

Հալէպի Ազատագրումը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարողներուն Յաղթանակն Է» Ըսաւ Ասատ -

Հալէպի Ազատագրումը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարողներուն Յաղթանակն Է» Ըսաւ Ասատ Հալէպի Ազատագրումը Ահաբեկչութեան Դէմ Պայքարողներուն Յաղթանակն Է» Ըսաւ Ասատ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ յայտարարեց, որ Հալէպի ազատագրումը «ո՛չ միայն Սուրիոյ յաղթանակն է, այլ նաեւ բոլոր անոնց, որոնք արդիւնաւէտ աւանդ կը ներդրեն ահաբեկիչներու դէմ պայքարին մէջ, առաջին հերթին` Ռուսիոյ եւ Իրանի»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի արաբական եւ ափրիկեան հարցերով օգնական Հուսէյն Ժապեր Անսարիի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին նախագահ Ասատ շեշտեց. «Հալէպի ազատագրումը մեծ հարուած մըն է սուրիացի ժողովուրդին թշնամի բոլոր պետութիւններուն, որոնք ահաբեկչութիւնը իբրեւ իրենց շահերու ապահովման միջոց օգտագործեցին»:

ՍԱՆԱ կը հաղորդէ, որ Ասատ Իրանի արտաքին գործոց փոխնախարարին հետ քննարկած է «դիւանագիտական այն ջանքերը, որոնք կը գործադրուին ահաբեկիչներու ելուզակ խումբերու դէմ սուրիական ժողովուրդին պարտադրուած պատերազմի դադրեցման համար, մասնաւորաբար` դեկտեմբեր 20-ին Մոսկուայի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպումին արդիւնքները»:

«Կողմերը կարեւոր նկատած են Հալէպի մէջ ձեռք բերուած յաջողութիւնը ամրապնդել սուրիական հողին վրայ ահաբեկչութեան մնացեալ օճախներու վերացումով եւ ստեղծելով անհրաժեշտ պայմաններ, որոնք վերջ պիտի դնեն տագնապին», կը նշուի ՍԱՆԱ-ի հաղորդագրութեան մէջ:

Միւս կողմէ` ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակ Սթեֆան տէ Միսթուրա երէկ հաստատած է 8 փետրուարին Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութիւններու սկսելու վերաբերեալ նախապէս հրապարակած իր ծրագիրները:

Ան նշած է, որ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին կողմէ միաձայնութեամբ որդեգրուած թիւ 2328 բանաձեւը «ազդակ դարձաւ` քաղաքական հոլովոյթի վերսկսման»: «Բանակցութիւններու ազդակ կայ վերականգնուած միասնութեան հիման վրայ», ըսած է տը Միսթուրա` աւելցնելով. «Կը ծրագրենք 8 փետրուարին Ժընեւի մէջ վերսկսիլ միջսուրիական քաղաքական հոլովոյթը»:

«Ներկայիս առաջնահերթութիւնը քաղաքայինները Հալէպէն տարհանումն ու մարդասիրական օժանդակութիւն հասցնելն է», ըսաւ ան:

«Կը ցանկայի, որ Ապահովութեան խորհուրդը աւելի միասնակամ ըլլար Հալէպի իրադարձութիւններուն նկատմամբ», ըսաւ տը Միսթուրա` յոյս յայտնելով, որ Հալէպի ողբերգութիւնը վերջ կը գտնէ Կաղանդի տօնէն առաջ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+