24 Aralık 2016
ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, թէ սուրիական բանակի հրամանատարութիւնը պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Հալէպ քաղաքը ապահով տարածք յայտարարեց` քաղաքը ազատագրելէ ետք ահաբեկիչներէն, ահաբեկչութենէն, ինչպէս նաեւ զինեալ ահաբեկիչներու վերջին խումբը քաղաքէն դուրս բերելէն ետք: Հրամանատարութիւնը շեշտեց, որ Հալէպ քաղաքի ապահովութեան հաստատումը մէկ կողմէ ռազմավարական շրջադարձ եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ անկիւնադարձ մըն է, իսկ միւս կողմէ մահացու հարուած մը` ահաբեկչութեան ծրագիրին ու անոր աջակիցներուն: