21 Kasım 2016
Շաբաթ, 19 նոյեմբերին ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի «Սիմոն Վրացեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ Դաշնակցութեան` Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի խորհրդարանական պատուիրակութիւններու հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցան Հայաստանին եւ Արցախին վերաբերող շարք մը խնդիրներ:
Հանդիպումէն ետք Արցախի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Դաւիթ Իշխանեանը նշեց, որ իրենց խորհրդարանական խմբակցութեան տարեկան ծրագիրով նախատեսուած է տարեկան երկու հանդիպում: «Արցախի Ազգային ժողովի Դաշնակցութեան խմբակցութեան նախաձեռնութեամբ` առաջին հանդիպումը որոշեցինք կայացնել Երեւանի մէջ: Շարք մը հարցեր քննարկուեցան` թէ՛ օրէնքներու ընդունման նախագիծերու եւ թէ՛ մեր համագործակցութիւնը աւելի գործնական դարձնելու ու խորացնելու առումով», ըսաւ ան:
Իշխանեանի խօսքով` թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան, թէ՛ Արցախի Հանրապետութեան շարք մը օրէնքներու ընդունումը մէկ դաշտի մէջ է, եւ նոյնաբովանդակ օրէնքներու ընդունման անհրաժեշտութիւն կայ: «Տպաւորութիւն ստեղծուած, որ Հայաստանի մէջ այս կամ այն օրէնքի ընդունումէն ետք Արցախի մէջ ալ պարտադիր այդ օրէնքները կ՛ընդունուին` իբրեւ կանոն, եւ այսպէս ըսած` Արցախի խորհրդարանը կարծես թէ դերակատարութիւն չունի ու կրկնօրինակելու ձեւական բնոյթ կը կրէ: Կը փորձենք այդ ամէնը քիչ մը այլ ուղղութեամբ կատարել եւ քննարկումներու միջոցով ելքեր փնտռել` աւելի գործնական ըլլալու, աւելի նախաձեռնողականութիւն ցոյց տալու առումով», շեշտեց ան:
Իշխանեան նշեց, որ իրենք չեն կրնար շրջանցել Արցախի մէջ այսօր հրատապ դարձած քաղաքական այնպիսի հոլովոյթ մը, ինչպիսին է սահմանադրական բարեփոխումը, բայց այս հանդիպումը ո՛չ Արցախի սահմանադրական փոփոխութիւններով, ո՛չ ալ Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններով թելադրուած է: Ան նաեւ ըսաւ, որ իրենց համար կարեւորը սկզբունքներն ու այն ծրագիրներն են, որոնք որդեգրուած են, եւ այդ ծրագիրներով առաջնորդուելու խնդիրը:
ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը միակ կուսակցութիւնն է, որ թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Արցախի Ազգային ժողովներուն մէջ ունի խմբակցութիւն, եւ երկու տեղերուն մէջ ալ ընդհանուր պետական, ազգային ծրագիրները նոյնն են, որովհետեւ նոյն կուսակցութեան հետապնդած խնդիրներուն կը ծառայեն:
Ըստ Ռուստամեանի, միշտ անհրաժեշտութիւն կը յառաջանայ, որ պարբերաբար հանդիպին եւ քննարկեն այն հարցերը, որոնք պէտք է համադրուին, համակարգուին, եւ հրատապ հարցեր կան, որոնք լուծում ու տեսակէտներու փոխանակում կը պահանջեն:
«Այսօր այդպիսի խնդիր է Արցախի սահմանադրութիւնը, որ հրապարակուած է, եւ մենք հիմա նախնական քննարկում կը կատարենք, որպէսզի ընդհանուր մօտեցում ձեւաւորուի, ատիկա պիտի ըլլայ Արցախի մեր կառոյցին տեսակէտը, բայց նախնական քննարկումները երբեք անոր չեն խանգարեր, որովհետեւ փաստաթուղթը շատ կարեւոր է, եւ անոր հետ կապուած հետագայ հեռանկարային քայլերն ալ այսօրուընէ պէտք է ճշդուին», ըսաւ Ռուստամեան:
Ան նաեւ նշեց, որ «ազգ-բանակ» նոր հասկացողութիւնը, որ հրապարակի վրայ է հիմա Հայաստանի մէջ, միս ու արիւն դարձնելու խնդիրն է, որ պէտք է լուծուի Արցախի գործընկերներու լիարժէք մասնակցութեամբ: «Օրակարգը շատ մեծ է եւ խորքային` կապուած այդ նոյն` ազգային տուրքի խնդիրներուն հետ եւ այլն: Հարցեր կան, որ օրէնսդրական կարգաւորումներու խնդիրներ կը յառաջացնեն, որովհետեւ պէտք է այդ ներդաշնակեցումը տեղի ունենայ` անկախ անկէ, թէ քաղաքացին կ՛ապրի Արցախի, թէ Հայաստանի մէջ», եզրափակեց Ռուստամեան: