21 Kasım 2016
Ուրբաթ, 18 Նոյեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը, վեհարանի իր գրասենեակին մէջ, ընդունեց Զուիցերիոյ Հին կաթողիկէ եկեղեցւոյ պատուիրակութեան անդամները` Հերալտ եպս. Ռէյնն ու փրոֆ. Ուրս Ֆոն Արքսը, որոնք Զուիցերիայէն եկած են խորհրդակցութիւններ ունենալու վեհափառ հայրապետին հետ:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան Միջին Արեւելքի իրավիճակն ու շրջանին մէջ քրիստոնեայ համայնքներուն դիմագրաւած դժուարութիւնները եւ հայ ու զուիցերիացի ժողովուրդներու յարաբերութիւնը: Վեհափառ հայրապետը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատմականը կատարեց, լայն տեղեկութիւններ փոխանցեց Կաթողիկոսութեան ունեցած դերակատարութեան մասին միջկրօնական ու միջեկեղեցական յարաբերութեան մարզին մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական սփիւռքի գաղութներուն մէջ անոր առաքելութեան մասին: Անդրադարձ եղաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ այդ օրերուն զուիցերիացի միսիոնարներուն բերած նպաստին` որբահաւաքի եւ մարդասիրական աշխատանքներուն:
Հին կաթողիկէ եկեղեցին, մերժելով Վատիկանի Ա. ժողովի որոշումները, 1871 թուականին, բաժնուած է կաթողիկէ եկեղեցիէն: Եկեղեցին համայնքներ ունի Եւրոպայի եւ Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան երկիրներուն մէջ:
Հանդիպումին ներկայ էր նաեւ կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական յարաբերութեանց բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ Ծ. վրդ. Մարտիրոսեան: