Հայերը Տէր Զօրի Պատմութեան Մէջ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Երկրատես

Հայերէն :

12 Kasım 2016  

Հայերը Տէր Զօրի Պատմութեան Մէջ -

Հայերը Տէր Զօրի Պատմութեան Մէջ Հայերը Տէր Զօրի Պատմութեան Մէջ

Սուրիան այն երկիրն է, դէպի ուր հայ ժողովուրդը իր պապենական հողէն բռնի քշուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած է, այդտեղ կը գտնուին այդ մէկը վկայող Տէր Զօրը եւ Մարկատէն, որոնք մեզի համար սրբավայրի վերածուած եւ փիւնիկի նման յարութիւն առած ըլալուն համար մեծ նշանակութիւն ունին:

Տէր Զօր կամ Տէր Էլ-Զօր (արաբերէն՝ دير الزور) Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան կողմը, ընդարձակածաւալ անապատային շրջանի մը մէջ կը գտնուի: Դամասկոսէն 432 քմ հեռավորութեան վրայ, իսկ Հալէպէն 330 քիլոմեթր դէպի արեւելք, Եփրատ գետի եզերքը, անապատի ճիշդ պորտին վրայ:
Պատմականօրէն դիտուած, Տէր Զօրը անապատային այդ շրջանի կարեւորագոյն քաղաքներէն մէկն է, առեւտուրի, վաճառականական յարաբերութեան հանգոյց քաղաք մը, Հալէպ-Թաւրիզ ճամբուն վրայ:

Տէր Զօր քաղաքը այնպիսի վայրի մը մէջ գտնուած է, զոր զանազան քաղաքակրթութիւններ անցած են: Այս մէկնակէտեն ելլելով, պատմութեան ընթացքին Տէր Զօրի անուանումի մասին եղած են տեսակաւոր յայտնաբերումներ, բացատրութիւններ եւ անուանակոչումներ: Հետեւաբար, քաղաքը զանազան հանգրուաններու եւ ճնշումներու տակ կրած է անուանական փոփոխութիւններ, հռոմէական ժամանակաշրջանին, Եփրատ գետի վրայ հին եւ մեծ քաղաք Տէր Զօրը կը կոչուէր «Ազորա» անունով, իսկ յոյները զայն կը կոչէին «Ազուարա»: Օմայատններու ժամանակաշրջանին կը կոչուէր «Տէր ալ-Հաթլիֆ», իսկ տասներորդ դարուն ան կոչուեցաւ «Ատ-Տէր» անունով: Անցեալի կարգ մը եւրոպացի ճանապարհորդներ զայն կոչած են «Տէր ալ-Ասաֆիր» (թռչուններու վայր), այդտեղ բազմաթիւ թռչուններու գոյութեան պատճառով: Տրուած է, նաեւ «Աժուժ» (արաբերէն «աժաժ» կը նշանակէ մրրիկ) անունը, յաճախակի մրրիկի պատճառով: Կոչուած է նաեւ «Տէր առ-Ռումման» (նուռի վայր)՝ նռնենիներու առատութեան պատճառով: «Ատ-Տէր» անունը գործածուած է մինչեւ 1864 թուականը՝ «Տէր» արաբերէն կը նշանակէ վանք, հետեւաբար «Տէր» կոչուած է արուեստական բլուրի մը մէջտեղը գոյութիւն ունեցող հոգեւորականներու վանքը ակնարկելով:


Իսկ անապատի բնակիչները զայն կոչած էն «Տէր աշ-Շուաար», այսինքն` բանաստեղծներու վայր (Շուաար, եզակին՝ շաէր, արաբերէն կը նշանակէ բանաստեղծ), քաղաքին մէջ բազմաթիւ բանաստեղծներու գոյութեան համար:

Կ’ըսուի նաեւ, թէ Տէր Զօր բառը առնուած է ասորի «Տէր Զաուր» անուանումէն, որ ճանչցուած էր, իբրեւ փոքր վանք: Ինչպէս նաեւ «Տէր ար-Րըհպան» (վարդապետներու վայր):

Օսմանցիներու ժամանակաշրջանին «Ազ-Զօր» բառը աւելցուած է «Տէր»ին քով, նկատի առնելով որ «Զօր» կը նշանակէ խիտ ծառեր` Եփրատ գետի եզերքին պարտէզներու եւ ծառերու առկայութեան պատճառով:

Օսմանեան վարչական կարգաւորումներու ժամանակ (տասը հիժրի) կը կոչուէր «Տէր ար-Րահպա»: Իսկ 1864-ին օսմանեան երկրորդ վարչական կարգաւորումներու ժամանակ Տէր Զօրը դարձաւ «Մութասարիֆիէթ Տէր ըզ-Զօր», անջատուած Հալէպէն, ուր թրքական տիրապետութիւնը տեւեց մինչեւ 1918: Շատեր կ’ենթադրեն, որ «Ազ Զօր» թրքերէն բառ է եւ կը նշանակէ դժուարութիւն, մինչ «Ազ Զօր» արաբերէն կը նշանակէ անտառ: Օսմանցիները զայն կոչած են, իբրեւ բարդ բառ «Տէր ըզ-Զօր», հետեւեալ բացատրութեամբ. «Տէր» կը նշանակէ վայր կամ տուն (արաբերէն՝ տար), սակայն պետեւիներուն մօտ ընդունուած էր «Ատ-Տիրա», որ կը նշանակէ վայր:

Արդարեւ, Տէր Զօր 1918-էն ետք «Լիուա ազ-Զօր», իսկ երեսունականներէն մինչեւ օրս՝ «Տէր Զօրի նահանգ»:
Ժամանակի ընթացքին Տէյր էզ-Զօր անունը աղաւաղուած է եւ օգտագործուած տարբեր ձեւերով, օրինակ` Տէր Զօր, Դեր Զոր, Տէյր-էլ-Զօր, իսկ անգլերէն Deir ez Zor, Dayr az-Zawr, Deir al-Zur…:

Օսմանեան տիրապետութեան շրջանին Տէր Զօր մաս կազմած է Հալէպի վիլայէթին, որպէս առանձին մութասարիֆութիւն:
Համաշխարհային Առաջին պատերազմին, երբ տակաւին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը չէր ենթարկուած շինարարական զարգացման եւ չէր հասած մարդաբնակ եւ շէն վիճակին, առաւելաբար անապատ էր Տէր Զօր քաղաքի շրջակայքը՝ չոր, արեւակէզ եւ ամայի:

Տէր Զօրի ժողովուրդը կը գործածէ Եփրատի ջուրը, որուն վրայ զտարաններ զետեղուած են: Քաղաքի հիւսիսային կողմը, 5 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ, ան կը բաժնուի երկու ճիւղաւորումներու, փոքր եւ մեծ Եփրատ: Ասոնց վրայ շինուած են կամուրջներ: Երկու գետերու 5 քիլոմեթր երկայնքին կը գտնուին բազմաթիւ պարտէզներ, ժողովուրդին հայթայթելով ընտիր պտուղներու զանազան տեսակներ: Հոս առատ են թութն ու հոտաւէտ խնձորները, պանիր, իւղ ու մածունը, ինչպէս նաեւ բանջարեղէններու տեսակները:

Օդն ու ջուրը սքանչելի են եւ առողջապահական բոլոր տուեալներով օժտուած:

Տէր Զօրը գիւղատնտեսական շրջանի կեդրոն է, հոն զարգացած է անասնապահութիւնը, հացահատիկային բուսաբուծութիւն եւ բամպակի աճեցում։ Սուրիացիները Տէր Զօրին կը կոչեն «Անապատի մարգարիտ»:

Սուրիոյ անապատին մէջ թեթեւ նաւթի բացուելէն յետոյ քաղաքը դարձաւ Սուրիոյ նաւթահանութեան արդիւնաբերութեան կեդրոն: 1920ական թուականներուն ֆրանսացիները կախուած կամուրջ սարքած են Եփրատի վրայ:

Բնականէն հիւրասէր ժողովուրդ մը, իր ասպնջականութիւնը չէ զլացած ո՛չ մէկ օտարի, լայնօրէն բանալով իր դուռը, երկար տարիներ իբր հովանաւոր պահած իր գիրկին մէջ եւ ապահոված անոր կեանքը: Ժողովուրդը որքան հիւրասէր, այնքան ալ այլամերժ է:

Տէր Զօր միջին դարերուն եղած է Եփրատի եւ Տիգրիսի միջեւ անապատային տարածութիւններու մէջ առեւտրական կեդրոն: Միջագետքի մէջ թրքական տիրապետութեան ժամանակ մտած է Հալէպի նահանգի կազմի մէջ:

Տէր Զօրը ցեղասպանութենէն առաջ բոլորովին անծանօթ վայր մը չէր հայութեան համար: Վկայութիւններով կը հաստատուի հայ վաճառականներու ներկայութիւնը այնտեղ 18-րդ եւ 19-րդ դարերուն: 20-րդ դարու սկիզբը քաղաքի քրիստոնեայ բնակչութեան մէկ երրորդը հայերէ կը բաղկանար: Սկիզբը տեղւոյն հայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ թեմական իշխանութիւններու հոգածութենէն եւ հսկողութենէն հեռու մնացած ըլլալով, ենթարկուած էր Կաթոլիկ քարոզչութեան ազդեցութեան: Հայ Կաթոլիկ հոգեւորականներ, մանաւանդ Զմմառի Անտոնեան միաբանութենէն, որոշ շրջան մը ծառայած են հոն: Բայց 20-րդ դարու սկիզբին Բերիոյ (Հալէպ) թեմական իշխանութիւնը իր ծառայութիւնները կը սկսի տարածել Տէր Զօր:

Առաջին համաշխարհային պատերազմի (1914-1918) տարիներուն Տէր Զօր եւ անոր շրջակայ անապատը երիտթրքական կառավարութեան ընտրութեամբ դարձան Արեւմտեան Հայաստանի եւ Թուրքիոյ հայաբնակ շրջաններէ տեղահանուած հայ գաղթականներու համակեդրոնացման վայր: 1915-ի յունիսէն ետք Հալէպի մէջ ստեղծուած կառավարական մարմինը՝ հայերու տեղահանման գործերու կոմիտէ, որուն խնդիրն էր իրագործել անապատներու մէջ հայերու ոչնչացման ծրագիրը: Հետեւաբար, 1915 սեպտեմբեր 9-ին Հալէպի նահանգապետին հրաման տրուեցաւ Տէր Զօրէն անապատները քշել բոլոր հայերուն: Հետագայ 5-6 ամիսներուն նման հրամաններ կրկնուեցան՝ ամէն անգամ դառնալով հազարաւոր հայերու մահուան պատճառ: Թուրք պաշտօնեաները փորձած են հայերու դէմ տրամադրել արաբներուն: Սակայն Հալէպէն մինչեւ Տէր Զօր արաբները օգնած են, պատսպարած հայերուն, յատկապէս երեխաներուն՝ փրկելով անխուսափելի մահէ:

Տէր Զօրի մէջ եւ անապատներուն 1915-1916-ի ընթացքին զոհուեցան շուրջ 200.000 հայ գաղթականներ:
Մեծ եղեռնի ընթացքին բազմաթիւ են այն դէպքերը, երբ արաբ պաշտօնեաները, ստանալով թրքական կառավարութեան հրամանը՝ ոչնչացնել իրենց ենթակայ տարածքով կամ այնտեղ գտնուող հայ գաղթականներուն, հրաժարած են կատարել այդ անմարդկային կարգադրութիւնները: Այդպէս վարուած է Տէր Զօրի արաբ կառավարիչ Սայիտ Հաքիմը, որ ոչ թէ սպանեց հայերուն, կառուցեց ժամանակաւոր տնակներ հայ գաղթականներուն, մանաւանդ որբերուն պատսպարելու համար՝ ապահովելով անոնց նաեւ անհրաժեշտ սնունդով, որուն համար ան հեռացուած է պաշտօնէն: Այս տեսակ դէպքերն են, որ հետագային հայն ու արաբին պիտի տրուէր նոր պիտակ՝ «ըխուէթ աթ-թուրապ» («أخوة التراب», «հողի եղբայրներ») անուանումը:

Արդարեւ, ամէն հայու համար յատկապէս Սփիւռքի շատ խորթ հնչող անուն մըն է, Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն բազմահազար անմեղ հայերու սպանդանոցը հանդիսացող Տէր Զօրի շրջանը:

Մեծ եղեռնէն ետք, Սուրիոյ անապատները հասած գաղթական հայութեան մէկ կարեւոր համեմատութիւնը կեդրոնացաւ Ճեզիրէի մէջ, եւ Տէր Զօրի մէջ հայկական համայնք կազմաւորուեցաւ:

Տէր Զօրի հայ առաքելական նախնական եկեղեցին ու Ազգ. վարժարանը գոյութիւն ունեցած են 1928-ին. վարժարանը եղած է վարձու բակ մը` երկու սենեակներով, եւ հողաշէն սրահ մը, որ ծառայած է իբրեւ եկեղեցի, իսկ շաբթուան մէջ` իբրեւ մանկապարտէզ: Ունեցած է 70 երկսեռ աշակերտներ: Ըստ 1945-1947 ուսումնական տարեշրջանի տուեալներուն աշակերտութեան թիւը եղած է 88 (50-ը մանչ 38-ը աղջիկ): Տէր Զօրի հայկական վարժարանի ուսուցիչի պաշտօն վարած է Պետրոս Հաճեանը, որուն տնօրէնն ալ եղած է (1954-1959):

1929-ին տեղւոյն ազգային-եկեղեցական մարմինը կը ձեռնարկէ սեփական եկեղեցի եւ դպրոց կառուցելու գործին: Եկեղեցին կը կառուցուի ժողովուրդին կողմէ կատարուած հանգանակութեամբ եւ մեծագումար օժանդակութեամբը եգիպտահայ ազգայիններէն Բարսեղ Պալըգճեանի: Եկեղեցին կ’օծուի Ս. Հռիփսիմէ անունով, 6 դեկտեմբեր 1931-ին, ձեռամբ` Արտաւազդ Արք. Սիւրմէյեանի:

1936-ին եկեղեցւոյ կողքին կը կառուցուի յուշակոթող մը, նահատակներու աճիւնները ամփոփող:
Այնուհետեւ, 1942-ին օրուան Ճեզիրէի հայոց առաջնորդական փոխանորդ Խորէն վարդապետ Բարոյեանի (Խորէն Ա. կաթողիկոս) օրով Տէր Զօրի մէջ կը կառուցուի մանկապարտէզի շէնք մը:

Այդտեղ համայնքի կազմաւորման սկզբնական շրջանին, հայերը կը խուսափէին անշարժ գոյք գնելէ (ինչպէս Սուրիոյ այլ շրջանները եւս), որովհետեւ կը կարծէին, թէ ժամանակաւորապէս հոս կայք հաստատած են եւ արդէն վերստին հայրենիք պիտի կրնան վերադառնալ: Սակայն տարիներ անցնելէ ետք վերադառնալու յոյսը վերացաւ եւ հաստատուած գտան իրենք զիրենք, հետեւաբար հայերը ունեցան իրենց սեփական տուներն ու կալուածները:
Կարգ մը հայեր շատոնց հոս հաստատուած են, նոյնիսկ գաղթականութենէն ալ առաջ. բայց ասոնք իրենց լեզուն կորսնցուցած են, պահելով հանդերձ իրենց կրօնի աւանդութիւնները:

1927-ի տուեալներուն Տէր Զօրի մէջ բնակութիւն հաստատած էր 70 հայ ընտանիքներ: Անոնք բաղկացած են մեծ մասով ուրֆացիներէ, կարմուճցիներէ, մասմըն ալ այնէպցիներէ, պրուսացի, բաղէշցի եւ այլն:

1945-ի սկիզբը Սուրիոյ քաղաքական կացութիւնը երբ անկայուն կը դառնայ, հայ ընտանիքներն ալ իրենց կարգին կը նախնտրեն գաղթել աւելի ապահով վայրեր: Այնպէս, որ 135 ընտանիքներէն 100-ը կը գաղթեն:

1945-ի վերջերը երբ նպաստաւոր պայմանները հնարաւոր կը դարձնեն կեանքը Տէր Զօրի մէջ, ուստի ժողովուրդէն մաս մը կը վերադառնայ իր քաղաքը: Ըստ Բերիոյ Թեմի 1945-1947-ի տուեալներուն Տէր Զօրի հայ առաքելական բնակչութեան ընդհանուր թիւը եղած է 212 հոգի (96 իգական, իսկ 116-ը արական):

Տարիներ կ’անցնին: Համայնքը հետզհետէ կը նօսրանայ: 1956-ի ներգաղթը մէկ կողմէ եւ ժողովուրդին դէպի այլ քաղաքներ (յատկապէս Հալէպ) հոսքը միւս կողմէ, կը նուազեցնեն հայ համայնքը: Եկեղեցին կը մնայ անշուք: Դպրոցն ալ կը փակուի աշակերտական թիւի նուազումի պատճառով:

1947-ին շրջանի հայ ընտանիքները անգամ մը եւս կը լքեն քաղաքը: 1948-ի մայիսի տուեալներով շրջանը ունեցած է 39 հայ ընտանիք, որոնցմէ 7-8 ընտանիքները բարեկեցիկ կեանք կ’ապրէին եւ միաժամանակ համայնքի բարերարները կը համարուէին:

Ըստ 1950-ականներու տուեալներու կարելի եղած է հանդիպիլ բազմաթիւ հայերու, որոնք իրենց ֆիզիքական գոյութիւնը պահած են, տեղացիներու աւանդական բարի սովորութիւններուն պատճառով: Տեղւոյն ժողովուրդը հակառակ իր ունեցած քիչ մը վայրենի կերպարանքին, հայերու նկատմամբ չէ գտնուած այնքան անգութ, որքան կը կարծուէր որ եղած ըլլան:

Պէտք է ընդգծել այն իրողութիւնը, որ Տէր Զօրցի կարգ մը արաբ գերդաստաններու կամ յայտնի անձնաւորութիւններու մայրերը կամ մեծ մայրերը հայուհիներ եղած են եւ զանոնք կը կանչէին «Հապապէ», այսինքն մեծ մայր: Վերոնշեալ մէկնակէտէն ելլելով պէտք է ընդգծենք, որ Սուրիոյ անապատին, յատկապէս Տէր Զօրի շրջանին մէջ արաբացած հայերու թիւը բաւական է:

Տէր Զօրի մէջ հայերու տնտեսական վիճակը առ հասարակ համեստ եղած է, սկզբնական շրջանին անոնք զբաղած են դերձակութեամբ, մսավաճառութեամբ, մեքանիկութեամբ (մեքինիստ), նկարչութեամբ, փռապանութեամբ, եղած են պետական պաշտօնեաներ, արհեստաւորներ, խանութպաններ եւ փոքր առեւտրականներ: Սակայն, յետագային վաճառականներ, արդիւնաբերութեամբ զբաղողներ, դեղագործներ եւ այլն: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ բժշկութեան մարզը եւ յատկապէս ատամնաբուժերը: Անոնք, շատ սիրուած են տեղացիներու կողմէ, այդ պատճառաւ ալ գրեթէ իրենց գործունէութիւնը հեզասահ ընթացած է:

Ինչպէս նշեցինք, որ Տէր Զօրի մէջ գոյութիւն ունեցած են Հայ կաթողիկէները, որոնք 1885-ին կառուցած են եկեղեցի մը: Հետագային եկեղեցին անուանուած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, որ գործելէ դադրեցաւ 2011-էն ետք Սուրիոյ պատերազմի հետեւանքով:

Հայերը Տէր Զօրի մէջ համայնքի կազմաւորման սկզբնական ժամանակաշրջանին ապրեցան «Տէր ալ-Ադիք», «Ալի Պէք», «Ալ-Համիտիէ», «Ալ-Ժպելի», «Ապու Ապետ», «Պաաժին» եւ այլ թաղերուն մէջ, յետոյ անցան գլխաւորաբար «Առ-Ռըշտիէ» թաղամասը, իսկ պատերազմէն առաջ, որ աւելի լաւ պայմաններու մէջ կ’ապրէին «Առ-Ռըշտիէ», «Քուսուր» եւ «Ղազի Այաշ» թաղամասերուն մէջ:

Համայնքը կը ղեկավարուի թաղականութեամբ: Հաւատացեալներու հոգեւոր կարիքները կը հոգան պարբերաբար այցելու քահանայ հայրեր, հոգեւոր կեանքը աւելի աշխուժացնելու միտումով Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդարանի կարգադրութեամբ փորձ կատարուած է մնայուն քահանայի մը ներկայութիւնը բայց չէ շարունակուած, իսկ 2010-ին մնայուն հովիւի պաշտօն վարած է Տէր Վահան Ծ. Վ. Պէրպէրեանը:

Միւս կողմէ, Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի նախաձեռնութեամբ Տէր Զօրի հայ աշակերտութեան համար շաբաթական դրութեամբ շարունակուած է հայերէն լեզուի եւ կրօնի դասաւանդութիւն:

Հ.Մ.Ը.Մ.-ին յատկացուած յատուկ սրահին մէջ հաւաքուած խումբ մը հայ պատանիներ եւ պարմանուհիներ, շաբաթական հերթականութեամբ հայերէնի դասաւանդութեան լուրջ կերպով կը հետեւէին նուիրեալ ուսուցիչ եւ ուսուցչուհիներու առաջնորդութեամբ: Անոնք յատկապէս վերջին տարիներուն, ամէն հինգշաբթի Հալէպէն Տէր Զօր կու գային եւ տեղւոյն հայ պատանիներուն անվճար հայերէն կը սորվեցնէին ուրբաթ առաւօտուն, ապա նոյն օրուան յետմիջօրէին կը վերադառնան Հալէպ: Նոյն պարագան եղած է տասնեակ տարիներ առաջ նաեւ: Այս բոլորը վերջապէս հոգիի պարտք մըն է, որ կը կատարուի:

Հայկական գերեզմանատունը քաղաքին մէջ տեղափոխուած է քանի մը վայրեր. նախ եղած է «Պաաժին» թաղամասին մէջ, «Մաքպարեթ Ան-Նասարա» (քրիստոնեաներու գերեզմանատուն) անունով, որ յետագային վերածուած էր հանրային պարտէզի: Որմէ ետք, գերեզմանէն աճիւնները տեղափոխուած են քաղաքէն հեռու նոր գերեզմանատան մը մէջ Տէր Զօրի քրիստոնեաներուն գերեզմանատուներուն շրջանը դէպի Դամասկոս տանող ճամբուն վրայ գտնուող «Թարիղ ալ-Մալհա»ի վրայ:

Ըստ Բերիոյ Հայոց Թեմի Ազգ. Առաջնորդարանի արխիւներուն Տէր Զօրի թղթածրարի 1928-1929 թուակիր նամակներուն, Տէր Գէորգ քահանայ Գալայճեան քահանայագործած է Տէր Զօրի մէջ ու ապրած է նիւթական ծանր պայմաններու մէջ՝ վատառողջ վիճակով: Միւս կողմէ, տեղւոյն քահանան ոչ միայն այս քաղաքի, այլ նաեւ Րագգայի հայոց հոգեւոր պէտքերուն ալ գոհացում տուած է պարբերաբար այցելութիւններ տալով:
Սեպտեմբեր 15, 1959-ին, Ղեւոնդ Արք. Չէպէյեանի նախաձեռնութեամբ, խորանաձեւ համեստ յուշարձան մը կանգնած է աճիւններուն վրայ, որուն բացումը կատարուած է 15 նոյեմբեր 1959-ին:

1984-ին, Ազգ. Իշխանութիւնը վաւերացուցած է Յուշահամալիրին կառուցումը: Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցին ամբողջութեամբ քանդուած է:

12 մայիս 1985-ին, հիմնարկէքը կատարուած է, ձեռամբ` ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ: Շինարարական բազմաբնոյթ աշխատանքները սկսած են 1 դեկտեմբեր 1989-ին եւ աւարտած` 1990-ի նոյեմբերին:
Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ օծումը եւ Մեծ եղեռնի Նահատակաց Յուշահամալիրին բացումը տեղի ունեցաւ 3-4 մայիս 1991-ին, ձեռամբ` Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ:

Սրբոց նահատակաց եկեղեցին իր համալիրով ամբողջական եւ համապարբակ ճարտարապետական կառոյց մըն էր, որ Տէր Զօրի առ-Ռըշտիէ պողոտային վրայ տիրական վեհութեամբ ունէր իր շքեղ մուտքը: Պատմական կարեւորութեան համար եկեղեցին իր համալիրով ճարտարապետական կառոյցը կը նկարագրենք մանրամասնութեամբ:

Կամարաշէն, երկյարկանի, կոթողանման շէնքի մը տեսքը կը պարզուի այցելուներու աչքին, որուն շքամուտքի վերի բաժինը Սարդարապատեան կոթողը կը յիշեցնէ:

Առաջին յարկին վրայ, արտաքին մասը, շէնքի աջակողմը, չորս կամարներու ետին կար գեղեցիկ սրահ մը, որպէս հաւաքավայր ուխտաւորներու եւ հաւաքատեղի Տէր Զօրի հայ փոքրաթիւ համայնքի համայնական կեանքին:

Շքամուտքի ճակատին կը գտնուի եկեղեցւոյ անուան կամարաձեւ արձանագրութիւնը, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով, խաչաքանդակով եւ խորհրդանշական այլ քանդակով զարդարուն:

Ձախակողմի աւելի նեղ բաժինը հոգեւոր հովիւին բնակարանն է, հովուատունը, որուն վերնայարկին վրայ կը գտնուի հոգեւոր պատասխանատուին եւ թաղական խորհուրդի գրասենեակը:

Մայր դռնէն մուտք գործելով երկմասնեայ տասնութ աստիճաններու գնացքով մը վեր կը բարձրանանք: Երկու կողմերուն վրայ, աջ եւ ահեակ, կան արձանագրութիւններ քաղուած Ս. Աւետարանէն:

Շքամուտքի աստիճաններու գագաթը հասնելէ ետք, քանի մը սանդուխներով դէպի ցած երբ իջնենք, մեր աչքերուն դիմաց կը բացուի ընդարձակ եւ սալարկուած դարպաս մը, որ վանական քարապատ համալիրի ձեւը ունի:

Աջին կը բարձրանայ գեղահիւս պատ մը, երկու մասերով եւ երկու աղբիւրներով, որոնք կամարակապ շրջաններու մէջ զետեղուած են, գեղեցիկ զարդաքանդակներով: Հայ-Արաբ բարեկամութիւնը խորհրդանշող այս ԲԱՐԵԿԱՄՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏին վրայ զետեղուած են հայերէն եւ արաբերէն արձանագրութիւններ:

Աստիճանագլխի հանդիպակաց բաժինը, հարաւ-արեւմտեան կողմը, շքեղ կոթողն է ԱՆԾԱՆՕԹ ԶԻՆՈՒՈՐի խորհուրդը մարմնացող, բարձրահայեաց, սլացիկ եւ վերթեւող կառոյց մը՝ կոնաձեւ գագաթով:

Անոր ներքեւ, գեղաքանդակ կամարի մը թեթեւօրէն խորշացեալ գոգին մէջ, զետեղուած է Հայաստանէն բերուած նրբահիւս խաչքար մը, գորշ տուֆ քարի վրայ: Խաչքարին առջեւ զետեղուած է անմար բոցի քարաշէն սկաւառակը, ուրկէ կեանքի եւ յոյսի, արդարութեան եւ խաղաղութեան մշտավառ կրակը կը բոցավառի:

ԱՆԾԱՆՕԹ ԶԻՆՈՒՈՐի կոթողին աջին եւ ձախին կամարաշէն կառուցուածքներու շղթայանման համալիր մը կայ, որուն հինգ հանգրուաններուն վրայ, հինգ կամարներու ներքեւ, զետեղուած են հայրենիքի թէ արտասահմանի մէջ կառուցուած բազմաթիւ յուշարձաններէն հինգին՝ Անթիլիասի Ապրիլեան Նահատակաց Յուշարձան մատրան, Ծիծեռնակաբերդի, Ս. Էջմիածինի բազմախաչքար յուշարձանին, Պիքֆայայի մէջ հայ ժողովուրդի վերականգնումի յուշարձանին, եւ Մոնթեպելլոյի յուշարձան կոթողին քանդակները: Արդարեւ, հայկական վերածնունդին հերոսական սխրանքին խուրհուրդն է, որ կը լուսաբացուի շքեղ համալիրին այս անկիւնը:

Դարպասին հարաւ արեւելեան կողմը, մուտքի ձախ կողմը, կը գտնուի նախ հայոց ԽԱՉԵԼՈՒԹԻՒՆԸ խորհրդանշող խաչքարերու շարքը, ԽԱՉԵԼՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏը, որ դիտողին աչքերուն դիմաց կը բանայ հայութեան տառապանքը: Պարզ ու շեշտ գիծերով եւ զարդաքանդակներու ընկերակցութեամբ խաչքարերը իրենց ներդաշնակ դրուածքին մէջ ուժեղ ներգործութեամբ, յանուն զիրենք կեանքի կոչող ժողովուրդին կ’ըսեն «Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն»…:

Անոր կողքին, դարձեալ հայաոճ կամարներու խորքին վրայ կը գտնուի ընդունելութեան սրահ մը՝ պաշտօնական հիւրերու եւ հաւաքներու համար:
Ամբողջ համալիրին սիրտը եկեղեցին է, բոլորակի կառուցուածքով եւ եռայարկ վերթեւումով, կամարագլուխ նեղ պատուհաններով եւ զարդաքանդակային տարրերով եզերուած արտաքին պատերուն վրայ: Եկեղեցւոյ ներքին մասը լրիւ բոլորակ է: Կեդրոնը, ատեանին վրայ, լայն բացուածք մը կայ, ուրկէ դուրս, դէպի գմբէթ, կը սլանայ քանդակազարդ սիւնագլուխ մը, խաչով գմբէթուած, որուն խարիսխը անտեսանելի է եկեղեցւոյ ատեանէն: Ան կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդի յարութիւնը եւ սլացքը դէպի ազատութիւն: Մայր մուտքին դիմացը, արեւելեան կողմը, կը գտնուի խորանը, սեղանն ու բեմը, մարմարեայ եւ հայկական ոճով շինուած:dsc023271024px-armenian_genocide_memorial_of_der_zor_the_museum

Խորանի երկու կողմերու պատերուն մէջ բացուած են երկու դռներ, ուրկէ կարելի է դուրս գալ եւ նեղ աստիճաններով իջնել գետնայարկը, որ ամենէն խորախորհուրդ վայրն է ամբողջ համալիրին: Այնտեղ, Հայ ժողովուրդի ՆԱՀԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆն է, որ կը պարզուի այնքան խորհրդալից ու տպաւորիչ ներգործումով:

Կեդրոնէն հաստահեղոյս զանգուածով եւ խաչքարերով շրջանակուած կը բարձրանայ ՎԵՐԱԿԵՆԴԱՆՈՒԹԵԱՆ ՍԻՒՆը, որուն գագաթն է, որ կը տեսնուի եկեղեցւոյ ճիշդ կեդրոնը:

ԵՂԵՌՆԻ ՍՐԱՀին բոլորակի պատերուն վրայ զետեղուած են մոմավառութեան քարաշէն սեղաններ, իսկ կեդրոնը՝ նահատակաց աճիւնները:
ԵՂԵՌՆԻ ՍՐԱՀին վրայ բացուած դուռ մը կառաջնորդէ դարձեալ գետնայարկ այլ սրահ մը, կամարակապ, որ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՍՐԱՀն է, ուր զետեղուած են իրեր, վաւերագրեր ու հրատարակութիւններ: ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ձեռամբ սրահին մէջ զետեղուած է Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարի տախտակեայ մանրաքանդակը, իբրեւ ցուցանիշ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան ճամբով ընթացք ստացած հայ ժողովուրդի հոգեւոր, մշակութային եւ ազգային վերածնունդին: Վեհափառ Հայրապետը նաեւ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ մէջ զետեղած է Տէր Զօրէն անցած ու Անթիլիասի մէջ պահպանուած հայ մշակոյթի եզակի գանձերէն «Բարձրբերդի» Աւետարանէն օրինակ մը:

Նշենք, թէ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ եւ յուշահամալիրի նախագիծի հեղինակն է ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանը, կառուցման աշխատանքները իրագործած է հալէպահայ ճարտարապետ Կարպիս Թովմասեանը:

Արդարեւ, Ապրիլ 24, 2002-ին, Արամ Ա. Վեհափառ կաթողիկոսի սրբազան կոնդակով, Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց Յուշահամալիրը կը հռչակուի ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՈՒԽՏԱՏԵՂԻ:


Տէր Զօրի հայ համայնքը ամէն տարի յատկապէս Ապրիլ 24-երուն լայն սրտով, ծայր աստիճան հիւրասէր, եւ ամէնէն բծախնդրութեամբ ընդունած են Սուրիոյ հայահոծ շրջաններէն եւ աշխարհի չորս կողմէն ժամանած հազարաւոր ուխտաւորներ:
Տէր Զօրի մէջ գործած են հետեւեալ միւութիւնները.-

– Սուրիահայ օգնութեան խաչը (ՍՕԽ) Տէր Զօրի մասնաճիւղը հիմնուած է 28 յուլիս 1929-ին: Կարճ ժամանակ մը գործելէ դադրելէ ետք, վերակազմուած է 1939-ին՝ երկսեռ: Ըստ 1939-1940-ի տուեալներուն մասնաճիւղը կը հաշուէր 135 անդամ: 1942-1944 տարիներուն մասնաճիւղի թիւը 110-էն բարձրացած է 160-ի: 1945-ի սկիզբը Սուրիոյ քաղաքական անկայուն վիճակի եւ հայ ընտանիքներու գաղթի պատճառով կը նուազի մասնաճիւղի թիւը, սակայն նոյն տարուան վերջաւորութեան նպաստաւոր պայմանները հնարաւոր կը դարձնեն, որ մասնաճիւղը ինքզինք վերագտնէ:
1946-ին մասնաճիւղը թէեւ չունենար իր նախկին ընթացքը, սակայն 65 անդամներով կը գոյատեւէ:

Համայնքը շրջան մը կրկին կը նօսրանայ, եւ այդ պատճառով կրկին կը կաղայ մասնաճիւղը, բայց 1948-ին կը գործէ նոր թափով: Ըստ տուեալներու, 1949-ի սկիզբը մասնաճիւղի թիւը եղած է 60:

Տէր Զօրի ՍՕԽաչի մասնաճիւղը ընդհանրապէս փորձած է աշխուժ պահել ազգային եռուն կեանքը, իր դերակատարութիւնը եւ առաքելութիւնը լաւ ձեւով կատարած է: Անոր հիմնական գործերէն եղած է Ազգ. վարժարանէն ներս սան պահել, առողջապահական գործունէութիւն ծաւալել, «Ծոմապահութեան օր»ուան առիթով հանգանակութիւն կատարել, զարկ տուած է հայ մշակոյթին ընդհանրապէս եւ այլն:

– Հայկական Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան (Հ.Բ.Ը.Մ.) Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան (Հ.Ե.Ը.) մասնաճիւղը 1935-ին մարզական եւ սկաուտական խումբերով գործած է, ունեցած է ակումբ: Սկաուտական շարժումը գործած է 20 հոգինոց խումբով մը: Իսկ մարզական շարժումը ունեցած է ֆութպոլի, վոլիպոլի եւ փինկ-փոնկի խումբեր:

– Հայ Մարմնամկրթական Ընդհանուր Միութիւնը (Հ.Մ.Ը.Մ.) Տէր Զօրի մասնաճիւղը հիմնուած է 1937-ին, օրին ունեցած է ֆութպոլի երկրորդական կարգի խումբ մը, որ միջմասնաճիւղային մրցումներուն կը մասնակցէր ամէն տարի: Միութենական կեանքը աշխուժացնելու գնով դադարէ մը ետք վերակազմուած է ՀՄԸՄ-ը եւ ամէն ջանք իրագուծուած է սկաուտական կազմի գործունէութեան յաջողութեան համար:

Բերիոյ Թեմի նորագոյն պատմութեան գեղեցիկ էջերէն է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի եւ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսի շնորհաբաշխ այցելութիւնը Տէր Զօր` 2001 թուականին:

2003-ի տուեալներով, Տէր Զօրի մէջ գոյութիւն ունէր շուրջ 20 հայ ընտանիք: Վերոնշեալ թուականէն ետք, գործի բերումով Սուրիոյ այլ շրջաններէն՝ յատկապէս Գամիշլիէն, դէպի Տէր Զօր փոքրաթիւ հայերու տեղափոխում տեղի ունեցաւ:

2010 փետրուարին, Տէր Զօր ընդհանրապէս, իսկ հայերը յատկապէս անկիւնադարձային օր ապրեցան՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Պատուոյ հիւպատոսարանի բացումով: Պատուոյ հիւպատոսարանի իրողութիւնը Տէր Զօրի եւ հայերու պետական յարաբերութեան նոր ոճ պիտի տար: Աւելի ուշ, Տէր Զօր եւ Հայաստանի Արմաւիր քաղաքները հռչակուեցան քոյր քաղաքներ:


Պատուոյ հիւպատոսարանի բացումին պիտի յաջորդէր 24 մարտ 2010-ին Սուրիոյ հայութեան համար ընդհանրապէս, իսկ Տէր Զօրի հայ համայնքին համար յատկապէս եզակի ու իւրայատուկ նշանակութիւն ունեցող շատ կարեւոր իրադարձութիւն մը, երբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան իրեն ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան հետ այցելեց Տէր Զօրի անապատ: Նախագահ Սարգսեան, Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ շրջափակէն շատ կարեւոր պատգամ փոխանցեց երեք հատուածներու՝ Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ համայն հայութեան:

Պէտք է ըսել, որ Տէր Զօրի հայ համայնքը իր կազմաւորումէն ի վեր գործող միութիւններով եւ թաղական խորհուրդով միշտ փորձած են ազգային կեանքը աշխուժ պահել: Անոնք կը պահէին իրենց ազգային ուրոյն դիմագիծը շնորհիւ իրենց ճարպիկութեան եւ տեղացիներու հետ մշակած սերտ յարաբերութեան:

Ցեղասպանութեան յիշողութեան հետ առնչուած Տէր Զօրը իր զանազան կողմերով, տարիներու ընթացքին մեզի մղեց, որ մեր հետազօտութիւնը խորացնենք եւ այդ պատճառով յաճախակի այցելենք Տէր Զօր, այն վայրը, որ ականատես եղաւ ջարդին, մարդկային վերաբերմունքին, թէ՛ վատ եւ թէ՛ լաւ, բայց երկուքն ալ անմոռանալի յիշողութիւն:


Ուստի այցելած ենք Համազգային ուխտատեղի Տէր Զօրի տարծքը եւ հողին վրայ կատարած ուսումնասիրութիւններ, միւս կողմէ յայտնաբերելու համար նորութիւններ, նուիրուած Տէր Զօրի՝ Ցեղասպանութեան մասին: Ընտրեցինք անապատը, միշտ ջանալով գտնել աւազներու եւ ժամանակի թաւալման տակ թաղուած, ջարդուած նախնիներու հետքերն ու յուշերը:Երկար խորհրդակցութիւններ եւ որոշ հետազօտական աշխատանքներ կ’ատարեցինք մեր Արաբ գործընկերներուն եւ բարեկամներուն հետ:

Հոն հանդիպում ունեցանք, քաղաքական հետազօտող եւ Արաբ գրողներու միութեան անդամ Զուպէյր Սուլթանի (زبير سلطان), հետազօտող, պատմագէտ, բանաստեղծ եւ քաղաքական գործիչ Սուրիոյ խորհրդարանի նախկին անդամ Օմար Սըլէյպիի (عمر صليبي, այժմ մահացած), պատմագիր եւ վիպագիր Մոհամետ Ռաշիտ առ-Ռուէյլի (محمد رشيد رويللي, Սուրիոյ պատերազմի պատճառով նահատակուած), Տէր Զօրի գրողներու միութեան նախագահ, պատմագիր Ապտուլ Ազիզ ալ-Տրուպիի (عبد العزيز الدروبي, այժմ մահացած), հետազօտող, իրաւաբան Ապպուտ ալ-Ֆաննուշի (عبود الفنوش, մայրը Սրբուհի), ազգագրութեան հետազօտող Ապպաս ալ-Թապպալի (عباس الطبال), բանաստեղծ Ճամալ Ալլուշի (جمال علوش), բանաստեղծ, բժիշկ Պասսամ ալ-Շէյխ Աթիյյայի (بسّام الشيخ عطيّة), պատմուածքագիր եւ վիպագիր Իպրահիմ Խըրրեթի (ابراهيم خرّيط, մայրը, մեծ մայրը հայ) հետ:

Տարիներ տեւած մեր տքնաջան պրպտումներէ եւ մեր արաբ գործընկերներուն հետ միասին ունեցած խորհրդակցութիւններէ ետք ի յայտ եկաւ, որ շրջանի հետազօտողները հաստատ են, թէ հայկական նիւթերը ընդգրկուած են ժողովրդային պատմուածքին մէջ եւ կամ առածներուն մէջ, նոյնիսկ արաբական ժողովրդային տարեցոյցի մէջ յիշուած է՝ «1915, սընէթ սաուկիյէթ ալ-Էրմէն» («1915، سنة سوقيات الارمن», «1915, հայերու կոտորածի տարին») յատկապէս տեղ տալու եւ յիշատակելու համար հայոց տարագրութիւնը եւ արհաւիրքը:

Քանի, որ Հայոց ցեղասպունութիւնը եւ անոր ճամբով Տէր Զօրը հայութեան յիշողութեան մէջ անջնջելի է, հետեւաբար արուեստի, մշակոյթի, վաւերագրական եւ այլ ֆիլմերու եւ այլ բնագաւառներու ստղծագործութիւններուն մէջ Տէր Զօրը անպայման ներառուած եւ արտացոլուած է: Այս մէկը ոչ թէ միայն հայերու ներշնչում տուած է, այլ օտարներ եւս ներշնչուած եւ ամէն մէկը իր բնագաւառին մէջ իր դիտանկիւնէն, իրեն յատուկ ոճով արտայայտուած է:


Մեր հետազօտական աշխատանքներէն ի յայտ կու գայ, թէ Տէր Զօր խորագրով հեղինակուած են բազմաթիւ գիրքեր, հոս կ’արժէ յիշել քանի մը հատը, օրինակ՝ Մեսրոպ Լեւոնի`(Աղէտէն Վերապրողներ), «Տէր Զօր» (հայերէն), Փարիզ, 1955: Շուհան Ահմատ, «Տէր Զօրի պատմութիւնը», Տէր Զօր, 1989: Լէյտի Անն Պլէնդ (անգլիացի ճանապարհորդ), «Եփրատի պետեւի ցեղախումբերը 1878-ին», թարգմանութիւնը՝ Ասաատ ալ-Ֆարէսի, Դամասկոս, 1991: Մուսա Ալի Հասան, «Տէր Զօրի նահանգը, պատմութեան, բնութեան եւ բնակչութեան ուսումնասիրութիւն», Դամասկոս, 1993: Սլէպի Օմար, «Զօրի նահանգը՝ օսմանեան ժամանակաշրջանին, վարչական եւ քաղաքական», Դամասկոս, 1996: Սլէպի Օմար, «Զօրի նահանգը՝ օսմանեան ժամանակաշրջանին, ընկերային եւ տնտեսական», Դամասկոս, 1997: Առ-Ռուէյլի Ռաշիտ, «Տէր Զօր նահանգի զբօսաշրջութեան ուղեցոյց», Դամասկոս, 1997: Աշ-Շուայպի Ալի, «Տէր Զօր, փառապանծ անցեալ, պայծառ ներկայ», Դամասկոս, 1998: Առ-Ռուէյլի Ռաշիտ, «Արուեստի շարժումը Տէր Զօրի մէջ», Տէր Զօր, 2003: Աշ-Շահին Մազէն, «Տէր Զօրի նահատակները անմահներու մատեանին մէջ», Տէր Զօր, 2004: Ապտուլ Քարիմ Սիպա, «Տէր Զօրի շրջանի աշխարհագրական, պատմական ուսումնասիրութիւն», Դամասկոս, 2006: Աշ-Շահին Մազէն, «Յաւերժ դէպքեր Տէր Զօրի պատմութեան մէջ», Տէր Զօր, 2007: Առ-Ռուէյլի Ռաշիտ, «Մշակութային շարժումը Տէր Զօրի մէջ Քսաներորդ դարու շրջանին, գրողներ Տէր Զօրէն», Դամասկոս, 2007: Ատ-Տալալի Ռամի Ուահիտ, «Տէր Զօրը օսմանեան ժամանակաշրջանին», Դամասկոս, 2008: Դոկտ. Արիսեան Նորա, «Տէր Զօր մարտիրոսաց քաղաք» (հայերէն), Հալէպ, 2010: Շարունակութիւնը կ’երկարի:

Ինչպէս նաեւ Տէր Զօր խորագիրը կրող կամ մէջբերումով կան զանազան լեզուներով երգեր, օրինակ՝ «Տէր Զօր Չէօլլէրինտէ կիւնէշ փառլիյօր» (թրքերէն): «Օրօր դէպի Զօր» (խօսք՝ Գրիգորիս Ծ. Վարդապետ Պալաքեանի, երգի երաժշտութիւնը «Քնիր իմ բալիկ» երգի եղանակով կ’երգուի): «Մահուան թափօրը դէպի Զօր» (խօսք՝ Գրիգորիս Ծ. Վարդապետ Պալաքեանի, «Սիրեցի եարս տարան» երգի եղանակով, որուն յօրինումը կատարած է ֆետայի ու երգահան Մենակը (Գէորգ՝ Եգոր Առստամեան): «Շար Մեծ եղեռնի»: «Յիշեցէք զիս» (խօսք՝ Մուշեղ Իշխանի): «Der Zor» (Անգլերէն: Խօսք՝ Սեւակ Տէր Սարգիսեանի, երաժշտ.՝ Շահէ Տէր Սարգիսեանի): «Դատ հայկական» (խօսք՝ Շահանդուխտի, երաժշտ.՝ Շանթ Տիշչէքէնեանի): «Ապրիլ կրկին» (խօսք՝ Վարդան Թաշճեանի, երաժշտ.՝ Զաքար Քէշիշեանի): «Տարօնի հարսն էր»: «Հայ հերոսներ» (խօսք՝ Գէորգ Տիշչէքէնեանի, երաժշտ.՝ Արա Քէքէճեանի) եւ այլն:
Տէր Զօրի մասին ստեղծուած երգերը կ’արտացոլան տարիներ տեւող ցեղասպանութեան, սովի, բնաջնջումի, կոտորածի, թուրք-քիւրտ մերձեցման, հայու կեանքին վերջ տալու զանազան հանգրուանները: Ինչպէս նաեւ Հայոց յարութիւնը եւ գոյատեւման պայքարը:

Յիշողութիւններով մէկտեղուած, այս երգերու պատմական հենքը կը մնան եղեռնը, արեան հեղեղումը, կարօտը, օտարանալը, վախը, սարսափը եւ այլն:
Միւս կողմէ, Տէր Զօրի յայտնի ալ-Ֆաննուշ ընտանիքի անդամ, հետազօտող Ապպուտ ալ-Ֆաննուշ (عبود الفنوش), մեզի կը նկարագրէ իր մեծ մօր երգած այն արաբերէն ժողովրդային տաղասացուած երգը, զոր Տէր Զօրի կիները օրին կ’երգէին հարսանեկան խրախճանքներուն: Երգը կ’ուղղուի օրուան հարսնցուին:

شلحة شّغل هوريك قومي بطرقها والكّذلة ست ليّات الله الخالقها
Ել հագիր Հուրիկին կարած գոմպինեզոնը,
Մազի հիւսքերն վեց հանգոյց են՝ ստեղծողն է Աստուած:

Երգին մէջ յիշուած Հուրիկը հայ դերձակուհի մըն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճակատագիրի բերումով կը բնակէր Տէր Զօր եւ օրապահիկը հանելու համար դերձակութիւն կ’ընէր: Հուրիկին ամուսինը՝ Քրտճեան կամ Քրատճեան (հայկական անունները արաբներու կողմէ դժուար հնչուելուն պատճառով հետազօտողը մեզի այսպէս կրցաւ ներկայացնել) էր, սակայն արաբներու կողմէ կը կոչուէր «Տիճլի»:

Ահաւասիկ այն հազուադէպ երգերէն մէկը, որ օտար ափերուն հայուհիի մը անունը պիտի յիշուէր երգի մը մէջ, որ տասնեակ տարիներ ամէն ուրախ առիթին (յատկապէս հարսանեկան արարողութիւններուն) պիտի երգուէր տեղացի ժողովուրդին կողմէ եւ այս տողը, որպէս ժողովրդական երգ, անկասկած իր վայել տեղը պիտի գրաւէր արաբ ազգագրական երգերու հոյլին մէջ:

Հուրիկին նուիրուած երգը եղաւ այն շարժառիթը, որ Տէր Զօրի կիները գիտակցին Հուրիկին ինքնութեան, անոր վերապրած ըլլալու իրողութեան, որ Մեծ եղեռնի օրերուն թշնամիի ճիրաններէն ազատուածներու շառաւիղն էր: Միւս կողմէ, այս երգը դարձաւ քարոզչական բնոյթ ունեցող գործօն մը, զոր դժբախտութիւններու, տառապանքի եւ դառն ճակատագիրի կուտակումով ու դժուար պայմաններով կեանքը շարունակող հայուհիին ձայնը դարձաւ:der_zor_armenian_pilgrimsder-zor-2009-13

Հիմնուելով մեզի հասած մշակոյթի, արուեստի ու այլ բնագաւառներուն ճամբով ստեղծուած գործերէն ի յայտ եկան, թէ ինչպիսի միջոցով հայ եւ օտար ստեղծագործիչներ ներկայացուցին Ցեղասպանութեան դէպքերը եւ յատկապէս Տէր Զօրը:

2011-ի Սուրիոյ մէջ ծագած պատերազմին պատճառով Տէր Զօրը եւս ծանր հարուած պիտի կրէր:

Քաղաքին մէջ իսլամական զանազան հոսանքներու պատկանող զինեալ խմբաւորումներ եւ սուրիական բանակի միջեւ տեղի կ’ունենայ ծանր մարտեր:
Առ-Ռըշտիէ թաղամասը, որուն մէջ կը գտնուի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի Մեծ եղեռնի նահատակաց յուշահամալիրը եւ անոր շրջակայքը կ’անցնի Ժապհաթ ալ-Նուսրայի (այժմ՝ Ժապհաթ Ֆաթհ Շամ) վերահսկողութեան տակ:

Հետեւաբար, ճակատումի վայր հանդիսացած Տէր Զօրի հայերն ալ, ինչպէս Սուրիոյ այլ անապահով շրջաններու հայերու նման երկրին մէջ՝ ներքին տեղափոխութեան ենթարկուեցան եւ համեմատաբար աւելի ապահով հայահոծ վայրեր ապաստանեցան:

Քաղաքը անապահով ըլլալուն համար Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսը իր ընտանիքին հետ այլ հայերու նման հեռացաւ շրջանէն եւ Տէր Զօրի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսութիւնը փակուեցաւ:

Տէր Զօրի մէջ սուրիական բանակի եւ զինեալ ահաբեկչական խմբաւորումներու միջեւ շարունակուող ռմբակոծումներու, հրթիռակոծումներու եւ կրակոցներու պատճառներով վնասներու ենթարկուեցան ազգային եւ հայկական զանազան կառոյցներ: Այնուհետեւ, նախ Նոյեմբեր 9, 2012-ին, մեծ վնասներ կրեցին հայ առաքելական Սրբոց Նահատակաց եկեղեցի Մեծ եղեռնի նահատակաց յուշահամալիրը, ինչպէս նաեւ հայ կաթողիկէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին:

Աւելի ուշ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ Առ-Ռըշտիէ թաղամասն ու շրջակայքը ամբողջութեամբ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ կը գրաւուի:

Արդարեւ, ըստ զանազան աղբիւրներու տուեալներուն, ՏԱՀԵՇ կիրակի, 21 սեպտեմբեր 2014-ի կէսօրին պայթեցուցած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին: Եկեղեցին գրեթէ ամբողջութեամբ վնասուած է եւ անկէ կանգուն մնացած է միայն գմբեթը` խաչը վրան: ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ ականապատուած ու պայթեցուած եկեղեցւոյ ուժգին պայթումին ձայնը լսուած է Տէր Զօրի տարբեր շրջաններուն մէջ:

Տէր Զօրի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած եկեղեցւոյ, անոր կից գտնուող թանգարանին եւ համալիրին ականահարումը ոճրագործ ձեռքերու կողմէ, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 23-րդ տարեդարձի օրը ակնայայտ է, որ ծրագրուած ոճիր մըն էր:

Օրին Միջազգային եւ հայկական զանազան կազմակերպութիւններ ու ներկայացուցիչներ խստիւ դատապարտեցին Տէր Զօրի Սրբոց նահատակաց եկեղեցւոյ Մեծ եղեռնի նահատակաց յուշահամալիրի պայթեցումը ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ: Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն մասունքները ամփոփող եկեղեցւոյ ականահարումն ու աւերումը անարգալից քայլ մըն էր հայ ժողովուրդի եւ անոր սուրբ նահատակներուն յիշատակին նկատմամբ:

Կատարուածը անմարդկային բարբարոսութիւն էր եւ չի կրնար արդարացուիլ որեւէ կրօնի կամ գաղափարախօսութեան կողմէ, որ հիմնուած է աստուածապաշտական եւ մարդասիրական արժէքներու վրայ:


Դարձեալ հայու բախտն է, որ Ցեղասպանութեան խօսուն վկայ եղող Տէր Զօրը, ուր մեծ աշխատանք կատարուած էր, այս վիճակին մէջ յայտնուեցաւ:
Տէր Զօրի մէջ այժմ հայեր չեն ապրիր: Իսկ համալիրի վնասներու չափի մասին մանրամասնութիւններ չկան:
Վերջին շուրջ քանի մը տարուան ընթացքին կարելի չեղաւ մեր բիւրաւոր նահատակներու արիւնով սրբացած Տէր Զօր այցելել:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+