12 Kasım 2016
Հիմնականօրէն համշէնահայերով բնակեցուած Թուրքիոյ սեւծովեան Հոփա (Խոպա) քաղաքին մէջ քաղաքացիները բողոքի ցոյց կատարած են վերջին շրջանին Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու առնչութեամբ, կը գրէ News.am-ը:
Թրքական Evrensel պարբերականի փոխանցմամբ` Հոփայի մէջ բողոքի ցոյցին մասնակիցները շեշտած են, որ Յուլիս 15-ի յեղաշրջման փորձէն ետք իշխանութիւնները երկրին մէջ հաստատած արտակարգ դրութեան միջոցով կը փորձեն բռնապետութիւն հաստատել:
Մասնակիցները իրենց ձեռքերին պահած են ճնշումներու ենթարկուող ընդդիմադիր թերթերու օրինակները, ինչպէս նաեւ բողոքած են վերջին շրջանին քրտական կուսակցութեան պատգամաւորներու ձերբակալութիւններուն դէմ: