Թուրք Լրագրողը Անդրադարձած է Հայկական Խոհանոցի Առանձնայատկութիւններուն - Հայերէն
06 Mayıs 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4516 / Ամիս : Ահեկան / Օր : Մադեղ / Ժամ : Թաղանթեալ

Հայերէն :

02 Kasım 2016  

Թուրք Լրագրողը Անդրադարձած է Հայկական Խոհանոցի Առանձնայատկութիւններուն -

Թուրք Լրագրողը Անդրադարձած է Հայկական Խոհանոցի Առանձնայատկութիւններուն Թուրք Լրագրողը Անդրադարձած է Հայկական Խոհանոցի Առանձնայատկութիւններուն

Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանէն դուրս բնակող հայերու մշակութային զարգացումը՝ պատմաաշխարհագրական շարք մը գործօններու պատճառով՝ կ՝ընթանայ քիչ մը ուրոյն, իրարմէ անկախ ճանապարհով: Թրքական «Hurriyet» թերթի թղթակից՝ Մեհմեթ Եաշինը, ըստ Ermenihaber.am-ի, անդրադարձած է մասնաւորապէս պոլսահայ եւ հայաստանեան խոհանոցի որոշ առանձնայատկութիւններու: Հեղինակին դիտարկումով` այս երկու խոհանոցներուն միջեւ գրեթէ ոչ մէկ ընդհանրութիւն կայ:

Սթամպուլի մէջ մեծցած Եաշինը կը պատմէ պոլսահայերուն բնորոշ այն աւանդական ճաշատեսակներուն մասին, որոնք ան համտեսած է իր հայ ընկերներուն եւ դրացիներուն մօտ: Անոնց շարքին կը յիշատակուին մասնաւորապէս հայկական դոբիկը, փիլակին, լցոնուած սկումբրիան:

«Ամենահամեղ լցոնուած սկումբրիան ես համտեսած էի Օրթաքէոյի մեր հայ դրացուհի Անահիտ մօրաքրոջ մօտ: Ես կը սիրէի այցելել մեր հայ դրացիներուն, յատկապէս՝ Զատիկի շրջանին։ Զատկի նախօրէին, մեծ տապակներու մէջ, կ՝եփէին ամբողջական տափակաձուկ»,- գրած է Եաշինը:

Հեղինակը պատմած է, որ Հայաստան այցելելու ժամանակ մեծ յոյս ունեցած է, թէ վերջապէս կրկին պիտի համտեսէ իր սիրելի հայկական ուտեստները: Մինչդեռ Հայաստանի մէջ,իրեն յայտնի պոլսահայ խոհանոցի որեւէ ճաշատեսակի չէ հանդիպած:

«Զիս զարմացուց այն հանգամանքը, որ երեքհազարամեայ պատմութիւն ունեցող եւ Ուրարտուի ժամանակներէն սկիզբ առնող հայկական խոհանոցի եւ Սթամպուլի հայերու խոհանոցին միջեւ որեւէ ընդհանրութիւն չկար:

Այստեղ խոհանոցի կարեւորագոյն տարրը միսն է: Շատ համեղ էր Ատանայի քէպապին նմանող հայկական քէպարը: Սարերէն, դաշտերէն հաւաքուած բանջարեղէնները եւս լայնօրէն կը կիառուին խոհանոցին մէջ: Խոհարար մը պատմեց, որ այդ բանջարեղէններէն կարելի է շուրջ 120 ճաշատեսակ պատրաստել:

Պասդրման ինքնին հայկական է: Կրնամ ըսել, որ ամենահամեղ պաստրման համտեսած եմ Երեւանի մէջ»,- գրած է հեղինակը:

Այնուհետեւ, թուրք լրագրողը պատմած է, որ հայկական խոհանոցը հարուստ է մսամթերքով պատրաստուած զանազան ճաշատեսակներով` քոթլէթ, քէպապ, ձաւարով հաւ, խորոված:

«Շատ սիրեցի թթուաշները, յատկապէս շատ սիրեցի կաղամբի թթուաշը: Չեմ կրնար հաստատ ըսել, թէ ձիթապտուղի իւղով պատրաստուած կաղամբով տոլման ովքեր աւելի համեղ կը պատրաստեն` պոլսահայե՞րը , թէ՞ Հայաստանի հայերը:

Քարնըեարըքը իսկապէս շատ համեղ էր: Հացերու տեսակներն ալ բազմազան էին, շատ սիրեցի յատկապէս լաւաշը:

Գինիները շատ սիրեցի: Իսկ ընթրիքէն ետք մատուցուող քոնեակը կը յարուցէր անգամ ֆրանսացիներուն նախանձը»,- գրած է Եաշինը:

Յօդուածի աւարտին՝ հեղինակը եզրակացուցած է, որ կարելի է խօսիլ հայկական խոհանոցի երեք տեսակներուն մասին` հայաստանեան խոհանոց, պոլսահայերու խոհանոց եւ մասնաւորապէս Ամերիկա մայրցամաքին մէջ բնակող հայկական սփիւռքին բնորոշ խոհանոցը:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+