02 Kasım 2016
Հալէպի մէջ գրոհայինները տարածած են գրութիւնով թերթիկներ, որոնցմով կը պահանջեն խաղաղ բնակիչներէն 150 հազարական սուրիական լիրա (300 տոլար)` մարդասիրական միջանցքով քաղաքէն դուրս գալու համար. գրութիւնը ստորագրուած է` «Գերագոյն ռազմական խորհուրդի` «Ճէյշ Ալ ֆաթահ»-ի կողմէ: Այս մասին կը գրէ Ռիա Նովոսթին:
«Մեր ղեկավարութիւնը կը գիտակցի սուրիական բանակին կողմէ Հալէպի թաղամասերու ռմբակոծութիւններուն եւ շրջափակման հետեւանքով քաղաքի բնակիչներու տառապանքները: Մեր եղբայրներուն հետ խորհրդակցութենէն ետք մենք թոյլ կու տանք մինչեւ 14 եւ 55-էն բարձր տարիք ունեցող մարդոց դուրս գալ քաղաքէն այն պայմանով, որ իւրաքանչիւրը վճարէ 150 հազար սուրիական լիրա` ռազմաճակատին մէջ մեր եղբայրներուն աջակցելու համար»,- նշուած է թերթիկի գրութեան մէջ:
Ստեղծուած է ութ մարդասիրական միջանցք, ուրկէ խաղաղ բնակիչները եւ գրոհայինները կրնան դուրս գալ Հալէպի արեւելեան շրջափակուած շրջաններէն:
Աղբիւրը կը նշէ, որ ահաբեկիչները կը շարունակեն հարուածներ հասցնել Հալէպին: Վերջին օրերուն կրակոցները ուժեղացած են: