Արարատը Մերն Է - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

29 Ekim 2016  

Արարատը Մերն Է -

Արարատը Մերն Է Արարատը Մերն Է

Թուրքիոյ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան իր ելոյթներէն մէկուն` «Ինծի համար, կը ներէք, հայ է՛, յոյն է ըսողներ եղան», ըսած էր:

Հիմա ես ալ իմ կարգիս ամօթ կը զգամ իր անունը եւ «հայ ազգը» սահմանումը նոյն նախադասութեան մէջ գործածելէ: Ուրեմն ընթերցողը թող ներէ զիս այս անպատշաճ երեւոյթին համար: Խոստովանիմ որ անհրաժեշտութիւնը զիս դրաւ նման անյարմարութեան դիմաց: Էրտողան թերեւս կեանքին մէջ առաջին անգամ խօսեցաւ հայոց սրտին: Վերջերս ան յաճախ կ՛անդրադառնայ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրինականութեան փաստաթուղթը համարուող Լոզանի դաշնագրին: Առարկութիւններ ունի այդ համաձայնութեան

վերաբերեալ: Կը պնդէ, որ Լոզանի մէջ Թուրքիոյ պատուիրակութիւնը անտեղի զիջումներ ընդունած է: Ու կ՛աւելցնէ` «Հանրապետութեան սահմանները մեր կամքով չեն ճշդուած» ըսելով: Բազմաթիւ հայեր նոյնութեամբ կրնան ձայնակցիլ Էրտողանի այս նախադասութեան:

Ա. Աշխարհամարտի աւարտին եւ յաջորդող տարիներուն ճշդուած սահմաններն ալ մեզ` հայերուս կամքին հակառակ էին: Չըլլայ որ կամաւոր հրաժարած ըլլայինք ամբողջ հայրենիքի մը տարածքէն: Երկիր, որուն վրայ ծագումէն ի վեր աճեր ու զարգացեր է հայ ժողովուրդը: Արարատը մեր ազգային խորհրդանշանն է: Անիի աւերակները` նոյնպէս: Ի վերջոյ, Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ այսօրուան սահմանը հաստատող դաշինքը ստորագրող կողմերը Թուրքիան եւ խորհրդային պետութիւնն էին: Հայերս երբեք ու երբեք չենք հրաժարած մեր պահանջատիրութենէն: Գոյացած սահմանը բացարձակապէս մեր կամքով չէ: Պարզապէս համակերպած ենք ժամանակին պարտադրած պայմաններուն:

Այս իրողութիւնը տեղ գտած է նաեւ Թուրքիոյ պետական ենթագիտակցութեան մէջ: Այդ պատճառաւ ալ Բ. Համաշխարհային պատերազմի աւարտին, երբ խորհրդային բանակը ռազմափորձեր կատարելու համար զօրք կը կուտակէր Հայաստան-Թուրքիա սահմանագծին, թրքական բանակը լքելով Արեւմտեան Հայաստանը` կը նահանջէր մինչեւ Կեսարիա: Կեսարիան պատահական չէ, Սեւրի դաշնագիրին համաձայն, Թուրքիոյ ձգուած տարածքի արեւելեան ծայրամասն էր այդ քաղաքը:

Պետական ենթագիտակցութիւնը 1991-ին դարձեալ շարժման անցաւ եւ նորանկախ Հայաստանի Հանրապետութենէն պահանջեց սահմաններու երաշխիք: Ուզեց, որ Խորհրդային Միութեան հետ կնքուած Կարսի դաշինքը վերահաստատուի նաեւ Հայաստանի կողմէ: Անշուշտ որ Հայաստանի կառավարութիւնները մերժեցին այդ պարտադրանքը եւ գոհացան յայտարարելով, թէ Հայաստանի Հանրապետութիւնը առայժմ սահմաններու վերաբերեալ խնդիր մը չունի:

Իրաւ է, որ Հայաստան ներկայ դրութեան մէջ սահմաններու նկատմամբ օրակարգ մը չունի: Բայց, ինչպէս Թուրքիոյ պետական միտքը, հայ ժողովուրդն ալ ունի ազգային ենթագիտակցութիւն: Երբ մէկը Միջին Արեւելքի մէջ բռնկած հրդեհը առիթ կը համարէ Մուսուլն ու Քերքուքը օրակարգի բերելու համար, անխուսափելի կը դառնայ հայոց ալ իրենց հաշիւները սեղան բերելու վարկածը:

Այս օրերուս Թուրքիոյ բազմաթիւ հեռուստապաստառներու վրայ կը յայտնուին փորձագէտներ, մասնագէտներ, դիւանագէտներ, որոնք բազում ճամբաներով կը փորձեն փաստել, թէ Իրաքի երկու քաղաքները` Մուսուլ ու Քերքուք, իրականութեան մէջ Թուրքիոյ կը պատկանին:

Եթէ այսքան դիւրին դուրս պիտի ելլենք համաշխարհային չափանիշներէն, ո՞վ կրնայ առարկել, երբ հայը յայտարարէ` «Արարատը մերն է»:

Յօդուածը եզրափակենք «Յիշում եմ եւ պահանջում» ըսելով:

pakrates@yahoo.com

«ԱԿՕՍ», 26 Հոկտ. 2016





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+