Փութին. «Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Ինքնազսպում Կը Կատարէ, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի» - Հայերէն
22 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Կորդուիք / Ժամ : Կամաւօտ

Հայերէն :

29 Ekim 2016  

Փութին. «Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Ինքնազսպում Կը Կատարէ, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի» -

Փութին. «Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Ինքնազսպում Կը Կատարէ, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի» Փութին. «Ռուսիա Սուրիոյ Մէջ Ինքնազսպում Կը Կատարէ, Սակայն Մեր Համբերութիւնը Չափ Ու Սահման Ունի»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտնեց, որ իր երկիրը կրնայ կորսնցնել համբերութիւնը եւ այս կամ այն ձեւով հակադարձել վարմունքներուն, զոր չնշեց:

Փութին միջազգային «Վալտայ» համախմբումի ընդհանուր նիստին ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտնած է, որ նոյնիսկ Սուրիոյ մէջ կռիւը դադրեցնելու վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայի հետ իր անձնական համաձայնութիւնը չգործադրուեցաւ` աւելցնելով. «Ուաշինկթընի մէջ գոյութիւն ունին ուժեր, որոնք ամէն ինչ կատարեցին Սուրիոյ մէջ կռիւներու դադրեցումը չգործադրելու համար, սակայն մեր համբերութիւնը սահման ունի»:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարար Էնթընի Պլինքին յայտնեց, որ «սուրիական տագնապին մէջ երկու մարտահրաւէրներ կան` մէկը ահաբեկչական ՏԱՀԵՇ խմբաւորումը, իսկ միւսը` երկրին մէջ ընթացող քաղաքացիական պատերազմը»` աւելցնելով. «Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ հաւասարապէս մեծ յառաջդիմութիւն արձանագրեցինք եւ վերատիրացանք Սուրիոյ մէջ խմբաւորումին վերահսկողութեան տակ գտնուող տարածքներուն 25 առ հարիւրին, եւ անոր վրայ յաւելեալ ճնշում կը տեսնենք: Այժմ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ գոյութիւն ունի շրջան մը, որ ապահովական գօտի մըն է, որուն կ՛աջակցին Թուրքիան եւ տեղական ուժերը, եւ ատիկա ինքնին առիթներ կը ստեղծէ»:

«Ռուսիան պէտք է որոշէ, թէ այդ հարցին մէջ ի՛նչ ներդրում պիտի ունենայ», ըսաւ ան:

Պլինքին նշեց. «Յառաջիկայ օրերուն Ռաքքա քաղաքին վրայ յաւելեալ ճնշում տեղի պիտի ունենայ, եւ ատիկա հրատապ է, որովհետեւ արտասահմանի մէջ ահաբեկչական յարձակումներէն շատերը այդտեղ կը ծրագրուին ու կը պատրաստուին»:

«(Սուրիոյ մէջ) քաղաքացիական պատերազմը, նախքան կացութեան բարելաւուիլը, պիտի վատթարանայ, եւ ատիկա ժխտական անդրադարձներ պիտի ունենայ բոլորին վրայ, ներառեալ Ռուսիոյ վրայ», ըսաւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց փոխնախարարը:

Միւս կողմէ, Ժէյշ Ֆաթըհ յայտարարեց Հալէպը գրաւելու եւ անոր շրջափակումը ջնջելու համար «Հալէպի մեծ ճակատամարտ»-ին շղթայազերծումը եւ այդ ծիրին մէջ հրթիռակոծեց ու ռմբակոծեց Հալէպի թաղամասերը, ինչպէս նաեւ «Կրատ» տիպի 20 ռումբեր արձակեց Հալէպի միջազգային օդակայանին վրայ:

Նշենք, որ սուրիական բանակին ու զինեալ խմբաւորումներուն միջեւ բուռն բախումներ տեղի կ՛ունենան Հալէպի 1070 եւ Ռաշիտէյն ճակատներուն վրայ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+