19 Ekim 2016
Թուրքիոյ Անգարայի նահանգի Սինջանի շրջանի փոքրիկ աւաններէն մէկուն` Սթանոզի մէջ, գանձագողերու կողմէ հայկական հին գերեզմանատուն մը պղծուած է: Այս մասին կը յայտնէ Թուրքիոյ Ժողովուրներու ժողովրդավարական կուսակցութեան կեդրոնական գործադիր խորհրդի հայազգի անդամ Մուրադ Մըհչըն ֆէյսպուքի իր պաշտօնական էջին վրայ, կը յայտնէ Tert.am-ը:
Առնուած լուսանկարներուն մէջ պարզ կ՛երեւի, թէ ինչպէս գանձագողերը փորած են գերեզմաններն ու հանած ոսկորները:
Յայտնի է, որ գերեզմանատան տարածքը կը պատկանի «Սուրբ Փրկիչ եւ Քառսուն մանուկ» հիմնադրամին:
Մըհչըն նշած է, որ բացի քանի մը սրտացաւ քաղաքացիներէ` ոչ ոք կը հետաքրքրուի գերեզմանատան վիճակով, եւ անիկա ամբողջովին մատնուած է անուշադրութեան:
Աւելին` կան փաստեր, որոնց համաձայն որոշ գերեզմանաքարեր հեռացուած են տարածքէն շրջկեդրոնի ղեկավարութեան անմիջական միջամտութեամբ:
Մուրադ Մըհչըն յայտնած է, որ իրենք արդէն դիմած են Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան Սինջանի տարածքային շտապին, սակայն կ՛ակնկալեն, որ Պոլսոյ հայկական պատրիարքարանը նոյնպէս միջամտէ եւ աջակցի, որպէսզի գերեզմանատան շուրջ պատ կառուցուի:
Նշենք, որ Անգարա քաղաքէն 30 քմ․ հեռաւորութեան վրայ գտնուող Սթանոզ (անիկա կ՛անուանեն նաեւ Զիր) աւանի բնակչութիւնը Առաջին համաշխարհային պատերազմէն առաջ ամբողջովին բաղկացած եղած է հայերէ, Սթանոզի բնակչութեան թուաքանակը 20-րդ դարի սկիզբը կը կազմէր 3.142 (668 ընտանիք): Ինչպէս եւ Անգարայի հայութեան մեծ մասը, Սթանոզի հայերն ալ այստեղ գաղթած են Կիլիկիայէն, 15-րդ դարուն: Ըստ որոշ տուեալներու` հայ գաղթականներուն եւս մեծ խումբ մը այստեղ հաստատուած է 17-րդ դարուն՝ Արեւելեան Հայաստանէն:
Սթանոզի մէջ գործած է երկու հայկական աւետարանական եկեղեցի` Սուրբ Փրկիչ եւ Քառսուն մանուկ: Սթանոզի հայերը ունէին նաեւ երկու կրթական հաստատութիւն, ուր, ընդհանուր առմամբ, կար 500 հայ աշակերտ: Այս շրջանին մէջ հայերը կը զբաղէին արհեստներով, այգեգործութեամբ ու անասնապահութեամբ: Սթանոզի մէջ մեծ հռչակ կը վայելէին հայ կաշեգործները, գորգագործները, ներկարարները եւ մետաքսի արտադրութեամբ զբաղողները։