18 Ekim 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած է, որ երկրի տարածքին գտնուող եզտիները «սխալ խաղերու» մէջ ներգրաւուած են: Ան զգուշացումներ յղած է անոնց` կոչ ընելով «Քիւրտիստանի աշխատաւորական կուսակցութիւն» խմբաւորման հետ չհամագործակցելու: Tert.am-ի փոխանցմամբ՝ կը գրէ թրքական «Ճումհուրիէթ» թերթը:
«Եզիտինե՛ր: Տեսէք, յանկարծ ահաբեկիչներու հետ համագործակցութեան մէջ չմտնէ՛ք: Մենք բացինք մեր դռները ձեր առջեւ: Չըսինք` «քրիստոնեայ է», խտրականութիւն չդրսեւորեցինք, բացինք մեր դուռը: Սակայն հիմա դուք սխալ խաղերու մէջ կը մտնէք: Այս սխալ խաղերը ձեզի օգուտ չեն բերեր, այս ամէնը ձեզի վնաս կը բերէ, սա այստեղէն կ՛ըսեմ», – յայտարարած է Էրտողան:
Այս յայտարարութիւններէն ետք «Ճումհուրիէթ»-ի թուրք լրագրող Թայֆուն Աթայը, անդրադառնալով Էրտողանի ելոյթին, փորձած է ուղղել նախագահը:
«Յարգելի՛ նախագահ, եզտիները քրիստոնեայ չեն: Եզտիականութիւնը զրադաշտականութիւն եւ ատոր հետ մէկտեղ իսլամէն, քրիստոնէութենէն, մանիքէականութենէն ու այլ հին կրօններէ ազդեցութիւն կրած հաւատամք է», – գրած է լրագրողը: