13 Ekim 2016
Սթամպուլի հայ համայնքի շարք մը ընտանիքներ եւ յատկապէս երիտասարդ մայրերը կ’ահազանգեն, որ համայնքը հայեցի կրթութիւն տուող նախակրթարաններու կարիքը ունի:
«Ակօս»-ի յղումով Tert.am-ը կը գրէ, որ թէեւ Սթամպուլի մէջ կը գործեն շարք մը հայկական վարժարաններ, ներառեալ կան տարրական, միջին եւ աւագ դպրոցներ, հայ մայրերը համայնքէն կը խնդրեն եւ կը պահանջեն, որ ստեղծուին հայկական նախակրթարաններ, որոնց շնորհիւ հայ ընտանիքի երեխան կրնայ հայախօս միջավայրի մէջ ձեւաւորուիլ, երբ անոնք կը սկսի խօսելու:
Բեմադրիչ եւ երիտասարդ մայրիկ Լուսին Տինքը (Հրանդ Տինքի եղբօր` Խոսրով Տինքի դուստրը) «Ակօս»-ի էջերուն գրած է խնդրին վերաբերեալ իր մտահոգութիւններն ու առաջարկները:
«Աղջիկս 1.5 տարեկան է: Ցանկացայ զինք այս տարի շաբաթական գոնէ քանի մը ժամով հայկական կրթարան տանիլ: Մեր կրթարանները երեխաներուն կ’ընդունեն 3 տարեկանէն: Այս իրավիճակը կը դրդէ շատ ընտանիքներու իրենց երեխաները ստիպուած պետական թրքական մանկապարտէզներ ուղարկեն: Երբ զանգահարեցի մեր կրթարաններէն մէկը, ինծի ըսին. «Ախր գոնէ խօսիլ գիտնար ամբողջովին»: Ըստ իս` հէնց խօսիլ սորվելու շրջանին երեխայիս հայկական միջավայրի մէջ ըլլալը կարեւոր է: Ես հայերէն կը խօսիմ, բայց, օրինակ, կ’երթանք այգի, երեխան կողքի մարդոցմէ այս կամ այն բառերը կը սերտէ, թրքական միջավայրի դիմաց քուկդ կը մնայ անբաւարար: Բայց չէ՞ որ կրնան ստեղծուիլ 0-3 տարեկան երեխաներու համար խաղային խումբեր: Դադեան հայկական դպրոցի շէնքը դատարկ կանգնած է: Եթէ օգտագործուի այդ նպատակով, ապա ես կը տանիմ իմ երեխաս այնտեղ` Պաքըրքիօ (Սթամպուլի եւրոպական մասին մէջ գտնուող հայաշատ թաղամաս), թէկուզ եւ կ’ապրիմ Քատըքեոյի մէջ (Քատըքեոյը Պոսֆորի միւս ափին գտնուող հին հայկական-յունական թաղամաս է, որ կը համարուի Սթամպուլի ասիական հատուածի երկու մեծ շրջաններէն մէկը):
“Ինչու՞ մենք պէտք է երեխային կրթութեան տանք հայ համայնքէն դուրս, այն շրջանին, երբ կը ձեւաւորուի անոր բնաւորութիւնը: Սա հիմքերը դնելու խնդիր է: Լեզու կոչուածը միայն հայերէն սորվիլը չէ, լեզուն նաեւ մեր մշակոյթն է: Ես չեմ կարծեր, որ մեր համայնքը ի վիճակի չէ կազմակերպելու այս ամէնը: Փլազաներու բարձրայարկ շէնքեր կառուցել կրցող համայնքը մանկապարտէզ ալ կը կառուցէ»,- նշել է Լուսին Դինքը: