09 Ekim 2016
Թուրքիոյ վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմ Պաաշիքա ճամբարին մէջ թրքական ուժերու ներկայութեան վերաբերեալ իրաքեան յայտարարութիւնները նկատեց «վտանգաւոր եւ գրգռիչ»:
Եըլտըրըմ մէկ օր առաջ Իրաքի կեցուածքը «անհասկնալի» կոչած էր` աւելցնելով. «Թուրքիան իրաւունք ունի Իրաքի մէջ ներկայ գտնուելու եւ իրաքեան կառավարութեան յայտարարութիւնները արգելք պիտի չհանդիսանան, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարինք եւ մեր սահմանները պաշտպանենք»:
Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ իր կարգին յայտարարեց. «Իրաքի մէջ թրքական ներկայութիւնը հետեւանք է (Իրաքի) քրտական մարզի փափաքին ընդառաջելուն եւ ատիկա քննարկելի հարց մը չէ»:
Ան աւելցուց. «Հիւսիսային Իրաքի մէջ Պաաշիքա ճամբարի գոյութեան միակ նպատակը տեղական ուժերը մարզելն է, որպէսզի անոնք վերատիրանան այն հողերուն, որոնք գրաւուած են ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ»:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է զինուորական ամբողջական աջակցութիւն ցուցաբերելու Մուսուլը ՏԱՀԵՇ-էն ազատագրելու գործողութեան:
Ան շեշտեց, որ Մուսուլի ազատագրութեան գործողութեան շիի զինեալներ մասնակից դարձնելը պիտի չնպաստէ խաղաղութեան հաստատման` աւելցնելով. «Մենք Մուսուլի մաքրագործման հետ յարանուանական ձեւով չենք վարուիր, սակայն իրաքեան իշխանութիւններուն կիրարկած յարանուանական քաղաքականութիւնն է, որ Մուսուլի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի տարածման առաջնորդեց»:
Յիշեցնենք, որ Իրաքի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն պահանջեց թրքական ոտնձգութիւններու քննարկման համար արտակարգ նիստ մը գումարել:
Իրաքի խորհրդարանը իր կարգին միաձայնութեամբ մերժեց թրքական ուժերուն իրաքեան հողերուն վրայ ներկայութիւնը` այդ ուժերը նկատելով «բռնագրաւող ուժեր» եւ պահանջելով Իրաքի դեսպանը տուն կանչել Անգարայէն եւ վտարել Իրաքի մէջ Թուրքիոյ դեսպանը:
Խորհրդարանը նաեւ կառավարութեան կոչ ուղղեց` վերատեսութեան ենթարկելու Թուրքիոյ հետ տնտեսական յարաբերութիւնները եւ դադրեցնելու իրաքեան քարիւղի թրքական հողերուն ճամբով արտածումը: