09 Ekim 2016
Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Պոլսոյ ոստիկանական բաժանմունքին մօտ 6 հոկտեմբերին կատարուած ահաբեկչութեան պատասխանատու նկատուած է Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը:
Պոլսոյ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի եւ հետախուզական բաժանմունքի աշխատակիցները ձերբակալած են վեց անձեր, որոնց շարքին կայ նաեւ ՔԱԿ-ի անդամ:
Պոլսոյ Շիրինէւլեր շրջանին մէջ ոստիկանատան մը մօտ հինգշաբթի օր ականուած ինքնաշարժ պայթեցուած էր, այդ պատճառով ալ վիրաւորուած էին 10 մարդիկ:
Պայթումը շատ ուժգին եղած էր եւ լսուած նոյնիսկ Աթաթուրքի անուան օդակայանին մէջ: Պայթումէն ետք լսուած են կրակոցներու ձայներ:
Պոլսոյ նահանգապետ Վասիփ Շահին ըսած է, որ պայթումը կատարուած է ականուած մոթորսիքլեթով: