Էրտողան Լոզանի Դաշնագիրին Մասին Իր Խօսքին Պատճառով Արժանացած Է Ծաղրանքի - Հայերէն
24 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Լուսնակ / Ժամ : Հոթապեալ

Հայերէն :

03 Ekim 2016  

Էրտողան Լոզանի Դաշնագիրին Մասին Իր Խօսքին Պատճառով Արժանացած Է Ծաղրանքի -

Էրտողան Լոզանի Դաշնագիրին Մասին Իր Խօսքին Պատճառով Արժանացած Է Ծաղրանքի Էրտողան Լոզանի Դաշնագիրին Մասին Իր Խօսքին Պատճառով Արժանացած Է Ծաղրանքի

«Թերթ.ամ» կը գրէ, որ հինգշաբթի օր Լոզանի դաշնագիրին վերաբերեալ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի խօսքը Թուրքիոյ մէջ տարատեսակ քննադատութիւններու արժանացած է:

Էրտողան մասնաւորաբար նշած է. «Ոմանք կը փորձեն Լոզանի դաշնագիրը մեզի ներկայացնել իբրեւ յաղթանակ: Եգէական ծովու կղզիները Լոզանի ժամանակ տուինք, ատիկա յաղթանա՞կ է: Ատկէ յառաջացած խնդիրներն ալ այսօր մենք կը կրենք մեր ուսերուն վրայ»:

Շատերը ընկերային ցանցերուն վրայ ծաղրած են Էրտողանը պատմութեան ծանօթ չըլլալուն համար եւ նշած, որ Թուրքիան Եգէական ծովու յունական կղզիները ոչ թէ Լոզանի ժամանակ կորսնցուցած է, այլ 1913-ին:

Թրքական «Սէօզճիւ» օրաթերթի սիւնակագիր Եըլմազ Էօզտիլ Էրտողանը մեղադրած է իր իսկ ըսածներուն հակասելուն յանցանքով: Ան ներկայացուցած է Էրտողանի` նախորդ տարիներուն Լոզանի համաձայնագիրի կնքման վերաբերեալ ըսած խօսքերը եւ ապացուցած, որ Էրտողան ինքզինք կը հակասէ:

«Թերթ.ամ» կը ներկայացնէ Էօզտիլի ուրբաթ օր լոյս տեսած յօդուածին ուշագրաւ հատուածները. «2003-ին` Լոզանի համաձայնագիրի կնքման 80-ամեակին, այն ժամանակ տակաւին նոր նշանակուած վարչապետ Էրտողան այսպէս արտայայտուած է Լոզանի մասին. «Լոզանի դաշնագիրը, որ թուրք ժողովուրդին համար ե՛ւ պատերազմի դաշտին մէջ, ե՛ւ քաղաքականութեան մէջ արձանագրած յաղթանակն է, Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմերուն հաստատման շրջադարձային կէտն է»:

«2007-ին Էրտողան Լոզանի դաշնագիրի կնքման 84-ամեակին առիթով այսպէս խօսած է. «Լոզանը թուրք ժողովուրդի արձանագրումն է, Թուրքիոյ հիմնադրման փաստաթուղթը»:

«2013-ին` Լոզանի դաշնագիրի կնքման արդէն 90-ամեակին Էրտողան ըսած է. «Լոզանի դաշնագիրը, որ մեր երիտասարդ հանրապետութեան օրինականութիւն ապահոված է, ամբողջ աշխարհի կողմէ ճանչցուած է իբրեւ քաղաքական եւ իրաւական մեծ յաջողութիւն»:

«2015-ին արդէն Թուրքիոյ նախագահ դարձած Էրտողան դարձեալ մեծ հպարտութեամբ խօսած է Լոզանի մասին. «Լոզանի համաձայնագիրը Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր փաստաթուղթն է, այսօր մենք ատիկա կը հասկնանք»:

«Եւ վերջապէս, ընդամէնը երեք ամիս առաջ, Լոզանի դաշնագիրի կնքման 93-ամեակին, Էրտողան իր արտասանած խօսքին մէջ այսպիսի ձեւակերպումներ օգտագործեց. «Մեր սուրբ ազգի հաւատամքով, քաջութեամբ եւ անձնազոհութեամբ ձեռք բերուած յաղթանակը իրաւական եւ դիւանագիտական դաշտ տեղափոխելով, ամրագրուած է Լոզանի դաշնագիրով: Կը խոնարհիմ այդ համաձայնագիրը կնքած մեր լուսահոգի պետական այրերուն առջեւ, նախ եւ առաջ` մեր հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալի առջեւ»:

«Եւ երէկ, պարոն Ռեճեփը կ՛ըսէ. «Մեզի Սեւրը ցոյց տուին, Լոզանը ստորագրել տուին: Ոմանք կը փորձեն Լոզանի դաշնագիրը մեզի ներկայացնել իբրեւ յաղթանակ: Եգէական ծովու կղզիները Լոզանի ժամանակ տուինք, ատիկա յաղթանա՞կ է»:

«Մենք ալ, ամէն ինչ իրարու ետեւէն դասաւորելով, հասկցանք, որ ընտրութիւններուն ընթացքին մեզի Ռեճեփը ցոյց տուին, վերջը Թայիփին առջեւ կանգնեցուցին: Լաւ է գոնէ, որ Լոզանի դաշնագիրը ստորագրած է Իսմեթ Ինոնիւն եւ ոչ թէ Թայիփը, գոնէ 93 տարի է` դաշնագիրի բառերը առանց փոփոխութեան մնացած են»:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+