03 Ekim 2016
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ Թուրքիոյ արդարադատութեան նախարարութեան հաշիւին փոխանցած է 20 միլիոն տոլար` իբրեւ փոխհատուցում «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ սպաննուած եւ վիրաւորուած թուրքերուն:
Կը հաղորդուի, որ գումարը փոխանցուած է երէկ, երբ Թուրքիոյ նախկին արտաքին գործոց նախարար Ֆերիտուն Սինիրլիօղլու կը մասնակցէր Իսրայէլի նախկին նախագահ Շիմոն Փերեսի յուղարկաւորութեան: