29 Eylül 2016
Թուրքիոյ մէջ կայ եզակի ցուցանակ մը, ուր նշուած է Հայկական թագաւորութիւն:
Ներկայիս Թուրքիոյ տարածքին մէջ յայտնուած հայկական Կիլիկիան թագաւորութեան օրօք կառուցուած եւ այժմ մզկիթի վերածուած Տարսոնի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ պատին փակցուած ցուցանակին վրայ թրքերէնով ու անգլերէնով գրուած է, որ եկեղեցին կառուցուած է 11–րդ դարուն Հայկական թագաւորութեան ժամանակ Օշին թագաւորին կողմէ:
Ըստ News.am-ի` ասիկա եզակի գրութիւն է, որովհետեւ Թուրքիոյ տարածքին մէջ գտնուող պատմամշակութային յուշարձաններու, ներառեալ Բագրատունեաց մայրաքաղաք Անիի մէջ որեւէ տեղ նշուած չէ հայ կամ Հայաստան բառը: Իսկ Ախթամարի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ցուցանակին վրայ միայն 2015–ին աւելցուեցաւ «Հայկական եկեղեցի» արտահայութիւնը: Իսկ Հայաստան կամ Հայկական թագաւորութիւն գրութիւնը բացի Սուրբ Պօղոս եկեղեցւոյ ցուցանակէն, այլ տեղ չկայ: