Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներուն թիւը 3.5 Միլիոնէն Հասած է - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

29 Eylül 2016  

Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներուն թիւը 3.5 Միլիոնէն Հասած է -

Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներուն թիւը 3.5 Միլիոնէն Հասած է Թուրքիոյ Մէջ Քրիստոնեաներուն թիւը 3.5 Միլիոնէն Հասած է

Ասորական ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Մօրան Մօր Իգնատիուս Եփրեմ Բ․-ն յայտարարած է, որ Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնէութիւնը կը գտնուի ոչնչացման եզրին:

«Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Իրաքի մէջ քրիստոնէութիւնը ոչնչացման եզրին է: Վերջին 100 տարուայ ընթացքին Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներուն թիւը 3.5 միլիոնէն հասած է 150 հազարի: Նոյն իրավիճակը կրնայ կրկնուիլ Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ»,- ըսած է ասորիներու հոգեւոր առաջնորդը, թրքական Haberturk-ին յղումով կը գրէ Tert.am-ը:

Պատրիարքը նշած է, որ «Սուրիոյ մէջ բնակող հազարաւոր քրիստոնեաներ կամ քշուած են իրենց հայրենիքէն, կամ փախած են հիմնականօրէն Լիբանան»:

Ասորական եկեղեցւոյ առաջնորդը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ Եւրոպային զգուշանալու ծայրայեղական մահմետականները իրենց երկիրներ ընդունելէ:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+