Փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեան (1896-1989). Հայագիտութեան Բազմավաստակ Ու Մեծարժէք Երախտաւորը - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Ծայգն

Հայերէն :

08 Eylül 2016  

Փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեան (1896-1989). Հայագիտութեան Բազմավաստակ Ու Մեծարժէք Երախտաւորը -

Փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեան (1896-1989). Հայագիտութեան Բազմավաստակ Ու Մեծարժէք Երախտաւորը Փրոֆ. Սիրարփի Տէր Ներսէսեան (1896-1989). Հայագիտութեան Բազմավաստակ Ու Մեծարժէք Երախտաւորը

Հայագիտական մեծարժէք ժառանգութեան տէր` բազմավաստակ հեղինակութիւն է փրոֆեսէօր Սիրարփի Տէր Ներսէսեանը, որուն ծննդեան 120-ամեակը կը նշուի սեպտեմբեր 5-ին:

Բանասէր ու պատմաբան, յատկապէս բիւզանդագիտութեան եւ հայկական մանրանկարչութեան խորիմաց հետազօտող` Սիրարփի Տէր Ներսէսեան գիտական իր ամբողջ ճանաչողութիւնը, կորովն ու աշխատանքը նուիրաբերեց հայ ժողովուրդի ուրոյն եւ հարուստ մշակոյթն ու արուեստը աշխարհին ծանօթացնելու` գիտական համակողմանի արժեւորման լոյսին բերելու ծառայութեան:

Ինչպէս որ մեծարժէք հայագէտին նուիրուած հանրագիտական իր անդրադարձին մէջ ամերիկեան «Արուեստի պատմաբաններու բառարան»-ը կ՛ընդգծէ, «Տէր Ներսէսեանի ակադեմականութիւնը կը յատկանշուի ընդհանուր պատմութիւնն ու արուեստի պատմութիւնը իրարու զօդելու ընդունակութեամբ: Անոր «Հայաստան եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1954) գործը կը սկսի ամբողջապէս պատմագիտական գլուխներով: Ան նաեւ հրատարակեց պատմութեան ամբողջական գիրք մը` «Հայերը» (1969): Թէեւ անոր գործը կեդրոնացաւ ընդհանուր առմամբ բիւզանդական դարաշրջանին վրայ, այդուհանդերձ, անոր նուիրումը յատկապէս հայկական արուեստին անձնադրոշմ էր ու մտաւորական: Ան կը հակադրուի իր նախորդին` Ժոզէֆ Սթրզայկովսքիին` համաձայն չըլլալով ժանրի ընդհանրացումին կամ չափազանցութեան երթալուն (Կարսոյեան)»…

Սիրարփի Տէր Ներսէսեան ծնած է 1896-ի սեպտեմբերի 5-ին, Կոստանդնուպոլիս, Միհրան Տէր Ներսէսեանի եւ Ագապի Օրմանեանի ընտանեկան յարկին տակ: Կանուխ տարիքէն զրկուած Է ծնողներէն: Անոր դաստիարակութեան եւ կրթութեան գործը ստանձնած են մօրաքոյրը` Եւգինէ Օրմանեան եւ մօրեղբայրը` Կոստանդնուպոլսոյ պատրիարք, պատմաբան, բանասէր, աստուածաբան Մաղաքիա Օրմանեանը:

Սիրարփի Տէր Ներսէսեանը աւարտած է Կոստանդնուպոլսոյ Եսայեան վարժարանը, ապա` անգլիական հայսքուլը (բարձրագոյն դպրոց): 1915-ին գացած է Պուլկարիա, ապա` Զուիցերիա: 1917-1919 ան ուսանած է Ժընեւի համալսարանի գրականութեան բաժնին մէջ: 1919-ին տեղափոխուած է Փարիզ, ուր Սորպոնի համալսարանին մէջ աշակերտած է բիւզանդագէտներ Շ. Գիլին, Գ. Միլէյին, ռոմանական եւ գոթական արուեստներու պատմաբան Հ. Ֆոսիյոնին: 1922-ին Փարիզի Բարձրագոյն ուսումնասիրութեանց դպրոցին մէջ եղած է Գ. Միլէյի օգնականը:

1930-1931 Սիրարփի Տէր Ներսէսեանը եղած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Մասաչուսեց նահանգի Ուելեսլիի քոլեճի արուեստի պատմութեան դասախօս, 1937-47` նոյն քոլեճի արուեստի բաժնի եւ Ֆարնսվորթ թանգարանի տնօրէն: 1946 թուականին Հարուըրտի համալսարանի Տումպարթըն Օքս գիտահետազօտական հաստատութեան մէջ արժանացած է բիւզանդական արուեստի փրոֆեսէօրի կոչման, իսկ 1963 թուականէն` վաստակաւոր փրոֆեսէօրի տիտղոսին:

1963-ին Սիրարփի Տէր Ներսէսեան հանգստեան կոչուեցաւ եւ վերադարձաւ Փարիզ: Այնուհետեւ դասախօսութիւններով հանդէս եկաւ եւրոպական բազում համալսարաններու մէջ: 1973-ին ի մի բերաւ գիտական իր տարբեր աշխատասիրութիւնները եւ հրատարակեց «Բիւզանդիոնը եւ հայկական ուսումնասիրութիւնները» խորագրով:

Սիրարփի Տէր Ներսէսեան մահացաւ 1989-ի յունիս 7-ին եւ թաղուեցաւՎիրոֆլէյի գերեզմանատան մէջ, Ֆրանսա: Մեծ հայագէտին անձնական գրադարանը նուիրուեցաւ Երեւանի մատենադարանին: Յետմահու, անոր «Մանրանկարչութիւնը Կիլիկիոյ հայկական թագաւորութեան մէջ, տասներկրորդէն տասնչորրորդ դար» գործը 1993-ին արժանացաւ Տումպարթըն Օքս մատենաշար թիւ 31-ի հրատարակութեան: Իսկ Ֆրանսայի մէջ, ի պատիւ մեծ հայագէտին, հայ-բիւզանդական մանրանկարչութեան Սիրարփի Տէր Ներսէսեան հիմնադրամ հաստատուեցաւ էնսթիթիւ տը ռշերշի մէջ:

Սիրարփի Տէր Ներսէսեան թղթակից անդամ էր Ֆրանսայի Արձանագրութեանց ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիային, Ֆրանսայի Հնագէտներու ազգագրական միութեան, Բրիտանական ակադեմիային: Արժանացած է բազմաթիւ մրցանակներու եւ պարգեւներու, այդ շարքին` Անգլիոյ Հնագէտներու միութեան ոսկէ շքանշանին (1960), Ֆրանսայի Արձանագրութեանց ու գեղարուեստական գրականութեան ակադեմիայի Շլիւմպեր-Ժէի անուան (1963), Հ.Ս.Ս.Հ. Գ.Ա. Անանիա Շիրակացիի անուան (1981) մրցանակներուն: Ան գիտական զեկուցումներով հանդէս եկած է միջազգային տարբեր գիտաժողովներու մէջ, ինչպէս` արեւելագէտներու Մոսկուայի համագումարը (1960) եւ պատմաբաններու սովետաֆրանսական գիտաժողովը (Երեւան, 1969):

Սիրարփի Տէր Ներսէսեան հեղինակ է շուրջ 140 մենագրութեանց եւ յօդուածներու` ֆրանսերէն, անգլերէն եւ հայերէն լեզուներով:

Լոյս ընծայած է «Բարեղամի եւ Հովասափի վէպի նկարազարդումը» (1938, ֆրանսերէն) բիւզանդագիտական ուսումնասիրութիւնը, որուն համար արժանացած է ֆրանսական Գրականութեան եւ պատմութեան ակադեմիայի մրցանակին, ապա` «12, 13, 14 դարերու հայկական նկարազարդ ձեռագրերը Վենետիկի Մխիթարեան հայրերու գրադարանին մէջ» երկը (ֆրանսերէն), որուն համար արժանացած է Փարիզի Յունական ուսումնասիրութիւններու միութեան մրցանակին, այնուհետեւ` «Հայաստանը եւ Բիւզանդական կայսրութիւնը» (1945, անգլերէն), որուն համար ստացած է Զօր. Պրեմոն մրցանակը:

Հրատարակած է նաեւ «Չեսթեր Պիթի գրադարան. հայկական ձեռագրերու ցուցակ` հայ արուեստի պատմութեան ներածականով» (1958), «Աղթամար, Ս. Խաչ եկեղեցի» (1965), «Հայկական ձեռագրերը Ֆրիր արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1963), «Հայկական ձեռագրերը Ուոլթերսի արուեստի պատկերասրահին մէջ» (1973, բոլորը անգլերէն) աշխատութիւնները:

Սիրարփի Տէր Ներսէսեանի երկու կարեւոր յօդուածները, գրուած` 1944-45-ին («7-րդ դարու երկ մը` նուիրուած պատկերներու պաշտպանութեանը») եւ 1946-ին («7-րդ դարու հայկական մանրանկարչութիւնը եւ Էջմիածնի Աւետարանի մանրանկարները»), հակառակ մինչ այդ ընդունուած տեսակէտին, կ՛ապացուցանեն, որ հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդներէն են, որոնք ունեցած են որմնանկարչութիւն: Տէր Ներսէսեան 1933 եւ 1964 թուականներուն «Էջմիածնի Աւետարանի» սկզբնաւորման (989 թ.) եւ աւարտման (7-րդ դար) մանրանկարներու օրինակով բացայայտեց այն, որ հայերը 7-10 դարերուն ունեցած են ինքնատիպ բարձրարուեստ մանրանկարչութիւն:





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+