08 Eylül 2016
Թրքական «Միլլիյէթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան 48 անդամներ մեղադրուած են Ֆեթհուլլա Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապ ունենալու համար: Թուրքիոյ փոխվարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ 30 յուլիսին արդէն կատարուած յայտարարութեան մը մէջ այդ կարելիութիւնը չէր բացառած` աւելցնելով, որ պետութեան այլ մարզերուն մէջ գործող կիւլենականներուն նման անոնք եւս պիտի հեռացուին:
Ըստ 1 սեպտեմբերին Թուրքիոյ պետական պաշտօնաթերթին մէջ հրատարակուած արտակարգ դրութեան հրամանագիրի, աւելի քան 40 հազար պետական պաշտօնեաներ իրենց պաշտօններէն հեռացուած են Կիւլենի կազմակերպութեան հետ կապերու կասկածով: Ընդհանուր առմամբ 15 յուլիսի յեղաշրջումի ձախող փորձէն ետք շուրջ 80 հազար պաշտօնեաներ պաշտօնազրկուած են: Միայն կրթութեան մարզէն գործէ արձակուած են շուրջ 28 հազար պաշտօնեաներ` մեծամասնութեամբ տնօրէններ եւ ուսուցիչներ, որոնցմէ մէկը` Պիլճիք նահանգէն 50-ամեայ Մուսթաֆա Կիւնէյլերը, երէկ հաղորդուեցաւ, որ անձնասպանութիւն գործած է:
Գործէ արձակումները կը կատարուին առանց դատավճիռի եւ երկրին մէջ հաստատուած արտակարգ դրութեան պատճառով Սահմանադրական դատարանին մօտ բողոքարկելի չեն: Ստալինեան հալածանքներն ու միջնադարեան «վհուկներու որս»-ը յիշեցնող այս արշաւը պիտի շարունակուի եւ ընդլայնի, իսկ սարսափի մթնոլորտը` խորանայ: Քուրթուլմուշ 17 օգոստոսին կատարեց այս իմաստով չարագուշակ յայտարարութիւն մը. «Ամէնէն վտանգաւոր կիւլենականները ծպտեալ կիւլենականներն են: Անոնք իրենց զաւակները կիւլենական դպրոցներ չեն ուղարկեր, «Զաման» օրաթերթ չեն կարդար կամ ատոր բաժանորդագրուած չեն, կրնան առ երեւոյթ ընկերվարական, ազգայնական կամ նոյնիսկ քեմալական ձեւանալ: Սակայն գործելու ժամանակը կը սպասեն»:
Պետական պաշտօնեան, մամլոյ գործիչը, զինուորականը, ակադեմիկոսը, ուսուցիչն ու նոյնիսկ հասարակ քաղաքացին, բոլորն ալ կասկածելի են, իսկ «փրկութեան» միակ ուղին ներկայ իշխանութիւններուն նկատմամբ իրենց հաւատարմութիւնը յարատեւօրէն փաստելն է: Որեւէ «թերացում» կրնայ նկատուիլ անոնց կիւլենական ըլլալուն «անհերքելի» փաստը:
Հակառակ այս բոլորին, Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու անամօթաբար կը յայտարարէ. «Եւրոպան Թուրքիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ յայտարարուած արտակարգ դրութիւններու կացութիւններուն վերաբերեալ կը կիրարկէ երկու չափ երկու կշիռի սկզբունքը»: Ֆրանսայի նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտ քանի՞ ընդդիմախօս «ՏԱՀԵՇ-ական»-ի պիտակին տակ ձերբակալեց կամ պաշտօնէ վտարեց, Ֆրանսայի մէջ քանի՞ ընդդիմախօս ձերբակալուեցաւ, քանի՞ թերթ, ձայնասփիւռի կամ պատկերասփիւռի կայան փակուեցաւ. ոչ իսկ մէկ: Ուրեմն այստեղ երկու չափ երկու կշիռի հարց գոյութիւն չունի, այլ` պարզապէս ժողովրդավարական պետութեան մը եւ ոչ ժողովրդավարական պետութեան մը միջեւ ակներեւ տարբերութիւն մը: