08 Eylül 2016
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է ՏԱՀԵՇ-ը Ռաքքայէն վտարելու համար Միացեալ Նահանգներու հետ զինուորական միացեալ գործողութիւն մը շղթայազերծելու:
Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա զինք տեղեակ պահած է, որ Ուաշինկթըն մտադիր է Ռաքքայի ազատագրման համար միացեալ գործողութիւն մը կատարել, բան մը, որուն նկատմամբ առարկութիւն չէ ունեցած Անգարա: