Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատմական Հանդիպումը Ամմանի մէջ - Հայերէն
23 Kasım 2024 - Հակական տոմար - Տարի : 4517 / Ամիս : Տրե / Օր : Ծմակ / Ժամ : Հուրփեայլեալ

Հայերէն :

06 Eylül 2016  

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատմական Հանդիպումը Ամմանի մէջ -

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատմական Հանդիպումը Ամմանի մէջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի Պատմական Հանդիպումը Ամմանի մէջ

Երեքշաբթի, 6 Սեպտեմբեր 2016-ի առաւօտուն, Յորդանանի մայրաքաղաք` Ամմանի մէջ, կրօնական յատուկ արարողութեամբ սկսաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի 11-րդ համաժողովը։ Արամ Ա. Կաթողիկոսի բնորոշումով ներկայ հաւաքը պատմական կարելի է նկատել հետեւեալ պատճառներով՝ ա) Միջին Արեւելքի պատմութեան տագնապալից այս օրերուն, շրջանի բոլոր եկեղեցիներու բարձրաստիճան եկեղեցական ներկայացուցիչներուն հանդիպումը նշանակալից երեւոյթ մըն է։ բ) Առաջին անգամ ըլլալով եկեղեցիներու պատրիարքներ, պատուիրակութիւններու կողքին, իրենց գործօն մասնակցութիւնը կը բերեն յիշեալ համաժողովին։ գ) Խորհուրդի պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով, մեծ թիւով պատուիրակներ եւ հիւրեր մասնակից կը դառնան համաժողովին։

Համաժողովի առաջին նիստին, որուն նաեւ ներկայ գտնուեցան միջ-եկեղեցական հիւրեր եւ քաղաքական անձնաւորութիւններ, յաջորդաբար խօսք առին ներկայ պատրիարքները, որոնք կարեւորութեամբ շեշտեցին եկեղեցիներու առաքելութեան եւ վկայութեան նոր մղում տալու հրամայականը՝ Միջին Արեւելքի ներկայ դժուար պայմաններուն մէջ։ Վեհափառ Հայրապետը, որ Մ.Ա.Ե.Խ.-ի նախագահներէն մէկն է, համաժողովին կարեւորութիւնը բնորոշեց երեք բառերով՝ փառաբանութիւն, արժեւորում եւ յանձնառութիւն։ Նորին Սրբութիւնը իր պատգամին մէջ ըսաւ, առաջին հերթին մենք Աստուծոյ փառք պէտք է տանք, որ հակառակ մեր` Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան դիմագրաւած առկայ տագնապալից պայմաններուն կրցանք միասին ըլլալ, մեր միասնականութիւնը արտայայտել, ինչպէս նաեւ մեր կատարած ծառայական առաքելութիւնը արժեւորել։ Համաժողովը նաեւ առիթ է, ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը, անցնող տարիներու Խորհուրդին կատարած աշխատանքը լուսարձակի տակ բերելու, իրապաշտ արժեւորումը կատարելու եւ ապագայի գործնական ծրագիրներ մշակելու։ Եւ վերջապէս, Արամ Ա. Կաթողիկոս յիշեցուց, որ համաժողովը մարտահրաւէր մըն է ուղղուած բոլոր եկեղեցիներուն վերանորոգելու աստուածատուր առաքելութեան իրենց յանձնառութիւնը։

Բացման նիստէն ետք ժողովը սկսաւ իր աշխատանքներուն, նշանակուեցան ենթայանձնախումբեր՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան բոլոր անդամները նշանակուեցան յանձնախումբերու անդամներ։ Ապա, ժողովը լսեց Ընդհանուր Քարտուղարին զեկոյցը եւ կատարեց քննարկումներ։





Bu haber kaynağından gelmektedir.

Haber metninde yer alan görüşler haber kaynağı () ve yazarına ait olup,
bolsohays.com sitesi haber hakkında herhangi bir görüş üstlenmemektedir.

Opinions expressed are those of the author(s)-(). They do not purport to reflect the opinions or views of bolsohays.com
+